Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայապահպանութիւնը` Հրամայական

Յուլիս 2, 2025
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԻԷԼԼԱ ՃԵՀԻԶԵԱՆ

Հայ ըլլալը պատիւ մըն է, սակայն հայ մնալը` շարունակական աշխատանք: Հայութիւնը ժառանգութիւն մըն է, որ մեզի կը տրուի ծնունդով, արեամբ ու արմատներով: Յանուն այդ ժառանգութեան` հարկ է վառ պահել հայապահպանման աշխատանքը:

Բայց ի՞նչ կը նշանակէ այսօր «հայ մնալ»: Արդեօք բաւարա՞ր է միայն հայերէն խօսիլ, թէ՞ հայ ըլլալու ոգին պէտք է արտայայտուի` մեր արժէքներով, մշակոյթով, հայրենասիրութեամբ ու կեանքի հանդէպ ունեցած հայեցի վերաբերմունքով:

Հայ ենք, ո՛չ միայն որովհետեւ մեր ծնողները հայ են, այլ որովհետեւ կը պատկանինք հազարամեակներու ընթացքին ձեւաւորուած մշակոյթի, լեզուի եւ հաւատքի մը, որ մեզ կը դարձնէ անկրկնելի: Հայ մնալ` կը նշանակէ գիտակցաբար շարունակել մեր պատմութիւնը, ապրիլ մեր ինքնութեամբ եւ փոխանցել զայն նոր սերունդներուն: Այս ընտրութիւնը միայն անցեալին հաւատարիմ մնալ չէ, այլ` ապագան կերտելու պատասխանատու գործողութիւն:

Հայապահպանման հիմնական սիւներէն մէկը լեզուն է: Լեզուն ո՛չ միայն հաղորդակցութեան միջոց է, այլ` ազգի հոգին եւ ինքնութեան կնիքը: Երբ Մեսրոպ Մաշտոց 5-րդ դարուն ստեղծեց հայոց գիրն ու այբուբենը, ան իր ժողովուրդին պարգեւեց կրթութեան եւ գոյատեւման լոյս: Այս քայլը դարձաւ մեր ինքնութեան պահպանման հզօրագոյն զէնքը:

Հայերէնը` թէ՛ արեւելահայերէն, թէ՛ արեւմտահայերէն, մեր հոգեւոր շունչն է: Այսօր տարբեր համայնքներու մէջ լեզուի ուսուցումը եւ գործածութիւնը պէտք է վերածուին առաջնահերթութեան: Լեզուն պէտք է ապրի ո՛չ միայն գիրքերու ու դպրոցներու մէջ, այլ նաեւ` տան ու առօրեայ կեանքին մէջ: Ծնողները մանուկին առաջին ուսուցիչներն են: Լեզու պահելը սփիւռքի մէջ պայքար չէ միայն, այլ` հաւատարմութիւն, արժանապատուութիւն ու սէր:

Այս ամէնը յատկապէս տեսնուած է Լիբանանի հայ համայնքին մէջ, ուր, հակառակ դժուարութիւններուն, լիբանանահայութիւնը կազմած է մշակութային, կրթական եւ եկեղեցական հաստատութիւններու լայն ցանց` ամրապնդելով հայ ինքնութիւնը: Վարժարաններու մակարդակը, միութիւններու աշխուժ գործունէութիւնը, եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը եւ այլն, ցոյց կու տան, թէ հայապահպանութիւնը ոչ միայն գոյատեւում, այլ նաեւ արժէքաւոր ու գիտակից կեանք մըն է:

Լիբանանահայութիւնը դար մը եւ աւելի պահած ու զարգացուցած է իր լեզուն, կրթութիւնը եւ մշակոյթը: Սակայն այսօր պատերազմներու, գաղթերու եւ ճնշումներու պատճառով հայապահպանութիւնը կանգնած է նոր վտանգներու առջեւ: Այդ պատճառով իւրաքանչիւր հայու դերը` մեծ թէ փոքր, անհատական թէ հաւաքական, անփոխարինելի է: Այս իրավիճակը կը մղէ մեզ մտածելու` ինչպէ՞ս սիրել այն, ինչ որ չես ճանչնար: Իսկ ինչպէ՞ս ճանչնալ հայութիւնը, եթէ ան չկայ մեր կեանքին մէջ` կրթութեան, ստեղծագործութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներով: Պատասխանը միայն մնայուն ինքնագիտակցութեան եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուող հաւատարմութիւնն է:

Հայապահպանութիւնը պայքար մըն է` առանց զէնքի, բայց` խիզախութեամբ ու հաւատքով լեցուն: Պատասխանատուութիւն մըն է, զոր իւրաքանչիւր հայ պէտք է կրէ իր սրտին մէջ` անկախ վայրէն ու պայմաններէն: Ան նաեւ հպարտութիւն մըն է դիմանալու, հաւատալու եւ փոխանցելու: Երբ ազգ մը կը պահէ իր լեզուն, հաւատքը եւ մշակոյթը, ան կը գոյատեւէ, կը վերածնի եւ կը ծաղկի:

Հայ մնալու գործը մեր սերունդին երդումն է: Մեր պայքարը: Մեր հաւատքը: Իբրեւ հայեր` կրնանք ապրիլ օտարութեան մէջ, սակայն չենք կրնար գոյատեւել առանց մեր հայութեան մէջ ապրելու: Հայապահպանումը պարտաւորութիւն մըն է մեր ինքնութեան, անցեալին եւ ապագային հանդէպ: Ան այլեւս ընտրութիւն չէ, այլ` պատմական անհրաժեշտութիւն: Մենք զայն կը պահենք, որպէսզի ապագայ սերունդները հպարտօրէն ըսեն` «Մենք հայ ենք»:

Զաւարեանական

 

 

Նախորդը

Նիկոլ Աղբալեան. Ազգային Գործիչը (Ծննդեան 150-Ամեակի Առիթով)

Յաջորդը

Մոռցուած Բախտաւորութիւններ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?