Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան. Վարդանանաց Ճակատամարտի Տօնախմբութիւն
«Աւարայրի դաշտը ներկեց արիւնդ, Անմահ Վարդան, հզօր Վարդան, քաջ Վարդան» Այս եւ նման վարդանաշունչ երգերով սկսաւ չորեքշաբթի, 3 փետրուարի օրը Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ: Առաւօտուն Ս. պատարագ մատուցեց Վարդան վրդ. Գազանճեանը, որ իր քարոզին մէջ աշակերտներուն փոխանցեց անմահ սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի անժամանցելի պատգամը` ուղղուած բոլոր ժամանակներու հայութեան: Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը Վարդանանց տօնը յիշատակեց 3 փետրուար...



















