Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ստեփան Զօրեան-Ռոստոմ` առաւելաբար կենդանի գործի հետամուտ մարդկային տիպար, ե՛ւ խառնուածքի, ե՛ւ կեանքի ու գործի պայմաններու բերումով թողած է համեմատաբար փոքր ծաւալով նիւթեր` ուղղակի գաղափարաբանական բովանդակութեամբ: Ասոնց մէջ առաջնահերթաբար տեղ կը գրաւեն «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան իր զոյգ շրջաններուն (1893-95 եւ 1896-98) պատկանող քանի մը խմբագրական անստորագիր նիւթեր` ծրագրային-ռազմավարական բնոյթի (ուրեմն` կենսական կարեւորութեամբ), ապա` պահպանուած ու մեզի հասած...