ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ
Այս յօդուածին գլխաւոր նպատակը շեշտելն է անհրաժեշտութիւնը մեծ թիւով գիտակից ու գործունեայ քաղաքացիներու ներկայութեան` մեր հայրենիքին մէջ: Քաղաքացիի օրը կը գործածուի իբրեւ առիթ` նիւթը արծարծելու համար:
Ա.- Քաղաքացիի Օր
Ապրիլ 27-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերուն, քաղաքներուն ու Երեւանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տօնուեցաւ Քաղաքացիի օրը: Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ ծրագրուած էր գործադրել ծառատնկում` Սարեանի պուրակի մէջ, կազմակերպուած էին մարզական ձեռնարկներ, հանրային քննարկում` «Իրազեկ քաղաքացի»-ի մասին, գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններու ցուցադրութիւն ու վաճառք, կաւագործութեան ու գորգարուեստի վերաբերող ձեռնարկ, բնապահպանական նախաձեռնութիւն`«Էքօ-քաղաք» նիւթով, մանուկներու համար տիկնիկային ներկայացումներ, մանկական կաւճանկարչութիւն` Ազատութեան հրապարակին վրայ, ազգագրական համերգային ծրագիր, շարժապատկերի ցուցադրութիւն, տօնական օրուան եզրափակիչ ձեռնարկ` Ազատութեան հրապարակը:
Առաջին անգամ տօնուող Քաղաքացիի օրը նշելու վերաբերեալ եղան տարբեր ու իրար հակասող կարծիքներ: Նշեմ հակառակ եղողներուն կարգ մը քննադատութիւնները: Առաջին` Քաղաքացիի օրուան տօնը ստեղծուած է պարզապէս Նիկոլ Փաշինեանին ու անոր շրջապատին փառաբանանքը կատարելու համար: Երկրորդ` մեծ գումարներ ծախսուեցան օրը նշելու համար, երբ անդին երկրին մէջ կան անօթիներ ու ծայրայեղ աղքատներ: Երրորդ` օրուան բովանդակութիւնը մակերեսային էր` կեդրոնանալով ուտելու ու խմելու վրայ: Չորրորդ` վարչապետ Փաշինեան փողոցը` ժողովուրդին մէջ, խորոված եփեց ու կերաւ: Հինգերորդ` աշխարհի մէջ չկայ ուրիշ երկիր, որ այս տեսակ տօն ունի եւ այլն:
Քաղաքացիի օրը տօնելու համաձայն եղողները գլխաւորապէս կեդրոնացան գիտակից քաղաքացիին վրայ: մէջբերեմ խօսքերը Սարհատ Պետրոսեանին, որ անցեալ տասնամեակին երկիրը բարելաւելու համար ժողովրդային մակարդակով պայքարող երիտասարդ եղած է, իսկ ներկայիս Կադաստրի կոմիտէի ղեկավարն է: Ան Դիմատետրի իր էջին վրայ Քաղաքացիի օրը ներկայացուց հետեւեալ ձեւով.
«ա) Այն հնարաւորութիւն է տալիս արժեւորել 2000-ականների սկիզբներին ձեւաւորուած քաղաքացիական շարժումներն ու դրանց արդիւնքում ձեւաւորուած համընդհանուր արժէքային համակարգն ու անհատական գիտակցութիւնը,
բ) Մէկ անգամ եւս վերագնահատել նախորդ տարուայ իրադարձութիւնների կարեւորութիւնն ու նախորդ կէտով նշուած գիտակցութեան կիրառական նշանակութիւնը,
գ) Եւ ամենակարեւորը, որ քաղաքացին ցանկացած պահի նախորդ երկու կէտերով նշուած շերտերի ձեռքբերումները կարող է եւ պէտք է կիրառի ցանկացած իշխանութեան հանդէպ, որը կը շեղուի քաղաքացիների համընդհանուր արժէքներից ու շահերից»:
Անցնող 10 տարուան ընթացքին քաղաքացիական շարժումներուն մէջ պայքարող երիտասարդներուն միայն մէկ մասը կը պատկանի Փաշինեանի Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան: Մնացեալ գործիչներէն մաս մը կը պատկանի ուրիշ կուսակցութիւններու կամ կազմակերպութիւններու, իսկ ոմանք ալ անկախ են: Փաշինեանի կուսակցութենէն դուրս գտնուող գործիչներուն մէկ կարեւոր մասը քննադատական կեցուածք ունի Փաշինեանի կառավարութեան կարգ մը որոշումներուն նկատմամբ. սակայն իմ տպաւորութիւնս այն է, որ անոնց մեծ մասը դէմ չէին Քաղաքացիի տօնը նշելուն` քննադատելով հանդերձ տօնակատարութեան կարգ մը երեսները:
Օրինակ, Վահրամ Սողոմոնեանը, որ Մաշտոցի պուրակի պայքարի օրերէն գործունեայ եղած է, Փաշինեանի կառավարութեան ներկայացուցած համահարթ եկամտահարկին զօրաւոր քննադատներէն է, «Կրթական քաղաքացիական նախաձեռնութիւն» կազմակերպութեան պատասխանատուն եւ «Քաղաքական դիսկուրս» համացանցային քննարկումներու հարթակի պատասխանատուներէն մէկը, Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց հետեւեալը. «Իրականում Քաղաքացու օրը նշելու որոշումն ամենայաջողուած որոշումներից մէկն է` տիրապետող դիսկուրսը յաղթահարելու համատեքստում: Ժամանակի հետ այն կը լցուի աւելի խորը բովանդակութեամբ»:
Բ) Ազատ ու Գիտակից Քաղաքացի
Ինչպէ՞ս կարելի է բնութագրել ազատ ու գիտակից քաղաքացին: Իմ կարծիքովս, ազատ ու գիտակից քաղաքացին տէրն է իր իրաւասութիւններուն եւ կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները երկրին նկատմամբ: Աւելի խստապահանջ ըլլալով` կրնանք ըսել, որ ազատ քաղաքացին կ՛ընտրէ կեցուածք` հարցերու հանդէպ եւ կ՛որդեգրէ դիրքորոշում` յիշեցնելով Ժան Փոլ Սարթրի գոյութենապաշտութիւնը (Էկզիստենցիալիզմը):
Հաւանաբար գիտակից քաղաքացիին գլխաւոր յատկութիւններէն մէկը անհոգ չըլլալն է ու կարեւորութիւն տալն է իր շրջապատին, երկրին ու անոր դիմագրաւած մեծ ու փոքր մարտահրաւէրներուն, եւ հաւատալը, որ կարելի է բարելաւել կացութիւնը:
Յստակացնելու համար թէ ո՛վ է ազատ ու գիտակից քաղաքացին, օգտակար կրնայ ըլլալ ներկայացնել տիպար քաղաքացիի գործունէութենէն օրինակներ.
– Բոլոր ընտրութիւններուն կը մասնակցի եւ կու տայ իր քուէն:
– Մօտէն կը հետեւի, նոյնիսկ կը փորձէ ներկայ գտնուիլ իր քաղաքի կամ համայնքի աւագանիի/քաղաքապետարանի գործունէութեան ու կը հսկէ, որպէսզի կառավարական մարմինները հարկատուներուն տուած հարկերը ճիշդ ձեւով ծախսեն, ու մսխում տեղի չունենայ:
– Բոլոր տեսակի հարկերու վճարման իր պարտաւորութիւնը կը կատարէ:
– Ինքզինք տէրը կը զգայ իր երկրին: Ո՛չ միայն կը զգայ, որ շէնքին մէջ իր յարկաբաժինը իրեն կը պատկանի ու անոր հոգ կը տանի, այլ նաեւ` շէնքին աստիճանները, շէնքին մուտքը եւ այլն: Համայնքային տարածքները, ըլլան անոնք բակեր, փողոցներ, զբօսայգիներ, անտառներ եւայլն, կը փորձէ պահել մաքուր ու նախանձախնդիր կ՛ըլլայ, որպէսզի որեւէ բան չկոտրի, չաւերուի կամ չաղտոտի: Օրինակ, եթէ փողոցին վրայ կայ մեծ փոս մը, լուր կու տայ քաղաքապետարան, որպէսզի այդ փոսը լեցուի:
– Երբ տեղեակ ըլլայ ոեւէ մէկուն կողմէ օրէնքի խախտումին, չարաշահումին եւայլն, կը բացայայտէ:
– Իր իրաւունքներուն մասին տեղեակ կ՛ըլլայ եւ զանոնք կը պաշտպանէ անհատապէս թէ կազմակերպութիւններու միջոցով:
– Կը ծառայէ պետական հասարակական խորհուրդներու եւ յանձնաժողովներու մէջ, որոնք բազմաթիւ են, ինչպէս` Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետին կից հասարակական խորհուրդի անդամ:
Խորհրդային Միութեան ժամանակ պետութենէն գողնալը քաջագործութիւն էր: Ժողովուրդին մեծ մասը հաւատք չունէր, որ ինքնակազմակերպուելով` կարելի է երկրին կացութեան մէջ փոփոխութիւն մտցնել: Իրենց վերաբերող որոշումներու կայացման մէջ մասնակից չէին: Հաւատք չունէին, որ կրնան նուաճել իրենց սեփական իրաւունքները: Ուրիշ խօսքով, ժողովրդային մակարդակով գործունէութեան ու պայքարի չէին հաւատար: Սակայն վերջին տասը տարիներուն մէջտեղ եկաւ նոր սերունդ մը, որ հաւատաց ժողովրդային մակարդակի պայքարին ու տէր կանգնեցաւ իր երկրին ու իրաւունքներուն: Անոնք ունեցան յաջողութիւններ, որոնք աւելի խանդավառեցին ու բազմացուցին թիւը այն երիտասարդներուն, որոնք իրենք զիրենք տէրը զգացին երկրին, կարեւորութիւն տուին իրենց շրջապատին եւ հաւատացին փոփոխութեան կարելիութեան: Նշենք անոնց ունեցած յաջողութիւններէն քանի մկ հատը.
– Թոյլ չտուին, որ Մաշտոցի պուրակի կանաչապատ բաժինը քանդուի եւ այդտեղ շինարարութիւն կատարուի:
– «Կինօ Մոսկուա»-ի յետնաբակին գտնուող ամառնային դահլիճի պահպանումը: Այս բացօթեայ, մօտաւորապէս 900 աթոռ ունեցող շարժապատկերի սրահը 2010-ի սկիզբները կառավարութիւնը կ՛որոշէ հանել յուշարձաններու ցանկէն, որով կարելի պիտի ըլլար քանդել եւ նոր շինարարութիւն ընել: Խումբ մը երիտասարդ գիտակից քաղաքացիներ, կարեւորութիւն տալով Երեւանի դիմագիծը պահպանող այդ բացօթեայ դահլիճին ու հաւատալով, որ կարելի է կասեցնել անոր քանդումը, իրենց ժամանակը տրամադրելով` կազմակերպեցին ցոյցեր ու բողոքներ եւ կրցան կասեցնել ամառնային շարժապատկերի դահլիճին քանդումը:
– Լոռիի մարզին մէջ գտնուող Թռչկան ջրվէժի յաջողած պայքարը: Շինարարութեան պատճառով բնութեան այս յուշարձանի ապագան վտանգուած էր: Երիտասարդ քաղաքացիները դէմ կեցան եւ կասեցուցին աշխատանքները` փրկելով Թռչկանի ջրվէժը:
– Մինիպասերուն փոխադրութեան գինը 100 դրամէն 150 դրամի բարձրացնելու դէմ եղած յաջող պայքարը:
– Պայքար ընդդէմ որդեգրումին` ամբողջութեամբ ֆինանսական շուկաներուն վրայ հիմնուած կենսաթոշակային համակարգի մը: Այս պայքարը ունեցաւ մասնակի յաղթանակ` յետաձգելով կենսաթոշակի շուկայական համակարգի որդեգրումը: Այս պայքարը ծանօթ է իբրեւ պարտադիր կուտակայինի դէմ պայքար:
– Ելեկտրականութեան գինի բարձրացումին դէմ պայքար, ծանօթ`«Ելեկտրիք Երեւան» անունով:
Շատ հաւանաբար ապրիլ 2018-ի խաղաղ յեղափոխութիւնը չէր յաջողեր, եթէ տեղի ունեցած չըլլային նախորդ տասնամեակի բազմաթիւ ժողովրդային պայքարները, որոնց ընթացքին երիտասարդ ու գիտակից քաղաքացիներու մեծ թիւ մը թրծուեցաւ:
Գ) Ներկան ու Ապագան
Անցնող տասնամեակին փողոցի վրայ գործնական պայքար տանելով փորձառութիւն շահած այս գիտակից քաղաքացիները այսօր գործունեայ են կուսակցութիւններու, հասարակական շարժումներու մէջ, ինչպէս` բնապահպանական շարժումները, իսկ ուրիշներ կը գործեն անկախ: Անոնք կը հաւատան, որ իրենց թիւը այնքան շատ է, որ կարելի չէ վերադառնալ 2018-ի նախաապրիլեան օրերուն:
Կը կարծեմ կարեւոր է տեսնել ու գիտակցիլ այս ազատ ու գիտակից քաղաքացիներուն ներկայութիւնը Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ եւ անոնց ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը:
Իմ կարծիքովս, ներկայիս հիմնական մարտահրաւէրը աւելիով բազմացնելն է այս երիտասարդ ու գիտակից քաղաքացիներուն թիւը, որպէսզի մեր հայրենիքին մէջ օրէնքը աւելի գերակայ դառնայ, որպէսզի ժողովրդավարութիւնը աւելի հաստատուի, ու երկիրը բարգաւաճի: Ասիկա իրագործելու համար, իմ կարծիքովս, պէտք է կեդրոնանալ պատանիներուն ու երիտասարդներուն վրայ եւ փոքր տարիքէն անոնց մէջ մտցնել օրէնքի գերակայութեան ու երկրին տէրը ըլլալու զգացումները` բազմաթիւ ուրիշ կարեւոր զգացումներու կողքին, քանի հասուն անձերու մտածելակերպը փոխելը շատ դժուար է:
Ապագայի նկատմամբ լաւատեսութեանս աղբիւրը անցնող տասը տարիներուն երիտասարդ ու գիտակից քաղաքացիներն են, որոնք վերը նշուած բազմաթիւ քաղաքացիական պայքարները տարած են: Անոնք ո՛չ միայն ներկայիս գործունեայ են պետական մարմիններու, կուսակցութիւններու ու հասարակական շարժումներու մէջ, ո՛չ միայն տէրն են իրենց իրաւասութիւններուն ու կը կատարեն իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնները եւ կը բարելաւեն հայրենիքը, այլ նաեւ սկսած են ամուսնանալ եւ ունենալ զաւակներ` գիտակից քաղաքացիի հասկացողութիւնները փոխանցելով իրենց զաւակներուն, որոնք ապագային տէր պիտի կանգնին մեր հայրենիքին ու զարգացնեն զայն: Յօդուածս կ՛ուզեմ եզրափակել այս երիտասարդ գիտակից քաղաքացիներէն մէկուն` Սերգէյ Ղահրամանեանի` ապրիլ 27-ին Դիմատետրի իր էջին վրայ տեղադրած գրառումը մէջբերելով Քաղաքացիի տօնին առիթով ու իր փոքր աղջկան` Սոֆիային մասին : Ըսեմ, որ Ղահրամանեան ներկայի կառավարութեան շրջանակին չի պատկանիր:
«Քաղաքացուս տօնը շնորհաւոր:
Քանի որ գիտէինք, որ Մաշտոցի պողոտան փակ է լինելու մեքենաների համար, մեքենան կանգնացրեցինք հեռու մի տեղ ու ոտքով իջնում էինք Մատենադարանից սկսած:
Հասանք Մաշտոց – Իսահակեան խաչմերուկի մօտ, Սոֆիայիս աչքը ընկաւ հետիոտնի լուսացոյցի վրայ, կարմիր էր, այդ նոյն պահին մօտ 4-6 մարդ էր կանգնած մայթին ու ոտքերը դրեցին փողոցի վրայ, այսպէս ասած` առաջին քայլը դրեցին (այսպէս ասած` ահել-ջահել էին անցորդները, բայց չեմ կարող ասել` անցնելո՞ւ էին փողոցը, թէ՞ ոչ, ամէն դէպքում մէկ քայլ արուած էր) ու մի պահ անդորր տիրեց ու Սոֆիաս ասաց.
– Պապա՛, կարմիր է, պէտք է կանգնենք:
Պէտք էր պատկերացնել անցորդների վիճակը, կանգ արան ու նայեցին Սոֆիային…
Մի քանի վայրկեան յետոյ էլի ասեց.
– Պապա՛,կարմիր է, սպասում ենք:
Էլի նայեցին Սոֆիային, ու գլխով արեցին անցորդները, որ` սպասում ենք…
Լուսացոյցը փոխեց կանաչ ու Սոֆիան ասեց.
– Պապա,կանաչ, գնացի՛նք:
Շնորհաւորում եմ նման քաղաքացիների տօնը, երկիրը իրենցը պէտք է էլ լինի, իրենք պէտք է երկիրը ներկայացնեն ու շէնացնեն: Էդքան բան:
Եթէ քաղաքացի, ապա միայն` իրաւագիտակցութեան բարձր մակարդակով, կիրթ եւ օրինապահ:
Թէ չէ` կա՞ն չէ, հա՛ լաւ, էս անգամ էդ մասին չեմ ասում…
Իմ համար Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացին այն քաղաքացին է, որ յարգում է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը, օրէնքները, պահպանում է համակեցութեան կանոնները, իր գոյութեամբ ո՛չ միայն չի վնասում հասարակութեանը, այլեւ մի բան էլ օգնում է, պահանջատէր է եւ միեւնոյն ժամանակ` պատասխանատու:
Բարդ է, գիտեմ… բայց ստիպելով էլ պէտք է հասցնենք դրան, թէ չէ` Գերմանիա, Շուէտ, Նորվեկիա ո՞նց են հասել դրան: Կարճ ասած, մինչեւ որակով քաղաքացի չունենանք, շատ յաջողութիւններ չենք գրանցի երկրի հաշուոյն:
Խմենք գիտակից եւ պահանջատէր քաղաքացու կենացը…
Իմ համար այդ քաղաքացին Սոֆիան է»: