Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ռոստոմի մահուան վաթսունամեակին առիթով լոյս տեսած հատորին մէջ Վահան Նաւասարդեան անոր կը վերագրէ «Եթէ Դաշնակցութիւնը այդքան խօսի,նա գործ չի կատարի» բանաձեւումը («Ռոստոմ», Պէյրութ, «Վահէ Սէթեան» տպարան, 1979, էջ 252): Նաւասարդեանի համաձայն, Ռոստոմ ի՛նք պատմած է այն միջադէպը, որ առիթ տուած է իրեն այդ խորհրդածութեան: Միջադէպը կը պատահի Ժընեւի մէջ, ռուս յեղափոխականներու հետ ամբողջ գիշեր մը տեւած բանավէճին առիթով` ահաբեկում կատարելու թէ չկատարելու հարցին շուրջ: Ռոստոմ լուռ կը մնայ ամբողջ բանավէճի ընթացքին: Ուշ գիշերին, երբ իրեն դէպի տուն ընկերակցողները կը պնդեն, որ իր կարծիքը տայ հարցին մասին, Ռոստոմ կը կատարէ նշեալ խորհրդածութիւնը:
Նաւասարդեանի յօդուածը, ուր այս միջադէպը յիշուած է, իբրեւ խորագիր ունի «Կենդանի գործի վարպետը», իսկ առաջին երկու տողերը արդէն կը կախարդեն յօդուածագիրի խօսքի ուժին հմայքով. «Դաշնակցութիւնը ԳՈՐԾԻՑ ծնաւ, ձեւաւորուեց ԳՈՐԾԻ մէջ եւ եղաւ ու մնաց գերազանցաբար ԳՈՐԾԻ կուսակցութիւն»: Այս բանաձեւումը, որուն լիցք կու տայ Ռոստոմի այդ եւ յօդուածին մէջ նշուած այլ միջադէպի մը նոյնանման խորհրդածութիւնը, իրերայաջորդ դաշնակցական սերունդներու համար վերածուած է եզակի էթոսի, գրեթէ կուսակցական ինքնութեան: Սակայն, ինչպէս ամէն մտածողութիւն, որ իր քննադատական բանականութիւնը կը կորսնցնէ, երբ կը վերածուի հրապարակային ելոյթներու յաւուր պատշաճի ամբոխահաճոյ նախադասութեան եւ շատ աւելի յուզական, քան բանական յանձնառութեան կը հրաւիրէ, Ռոստոմի այդ խօսքն ալ կրնայ խեղաթիւրուիլ կամ թիւրիմացութեան տեղի տալ: Այդ կը պատահի, երբ «Դաշնակցութիւնը կը գործէ» հասկացողութիւնը կը նսեմացնէ, կամ մինչեւ իսկ կը չէզոքացնէ խօսքին կարեւորութիւնը, այսինքն` մտածողութիւնը, եւ մանաւանդ` քննադատական մտածողութիւնը: Մինչդեռ Ռոստոմը` իբրեւ19-րդ դարու աւարտի եւ 20-րդ դարու սկիզբիմարքսեան կազմաւորում ստացած յեղափոխական, խորապէս համոզուած էր խօսքի եւ գործի տրամախոհութեան` ի հետեւումն նոյնինքն Մարքսի` Ֆոյերպախի մասին թեզերուն 11-րդին` «Փիլիսոփաները մինչեւ հիմա աշխարհը մեկնաբանած են տարբեր ձեւերով: Խնդիրը, սակայն, աշխարհը փոխելն է»: Այսինքն Ռոստոմ յեղափոխական գործը հասկցած էր իբրեւ գիտակցական արարք` անարդար կարգերու փոփոխութեան եւ ոչ թէ իբրեւ տարերային ըմբոստութիւն, որ առանց գիտակցութեան` կը մնար ինքնիրմով իմաստաւորուող, ինքնիրեն արդարացնող եւ, ի վերջոյ, ինքզինք սպառող արարք եւ ոչ թէ «գործ»:
Երբ Դաշնակցութեան գործին մասին կը խօսուի, հաւաքական հասկացողութեան, կամ աւելի ճիշդը` մտապատկերին մէջ այդ ազգային-ազատագրական պայքարն է, իրերայաջորդ սերունդներու երեւակայութիւնը հրահրած ֆիտայիներու հերոսութիւնը եւ պատերազմական սխրանքներու դիւցազներգութիւնը: Աւելի՛ն. դաշնակցական գործը կարծես բացառապէս ազգային յատկանիշ ունեցած է միշտ, այնքան մը, որ «գործ» ըսելով` կը հասկցուէր ազգային-ազատագրական պայքար, հայրենիքի պաշտպանութիւն եւ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ ազգապահպանում: Դաշնակցական գործին շեշտուածօրէն ազգային յատկանիշը, կամ` անոր նման ընկալումը, կրնայ յանգեցնել այն ենթադրութեան, որ ազգային գործին համեմատ, Դաշնակցութեան ընկերվարական գործը բաց մը ձգած է: Կը թուի այնպէս, որ Դաշնակցութեան պատմագրութիւնը նուազ ուշադրութիւն դարձուցած է կուսակցութեան ընկերվարական գործին ուսումնասիրութեան, անոր ձեռքբերումներուն արձանագրումին, կամ թերեւս նոյնիսկ անտեսած է զայն: Տակաւի՛ն, Դաշնակցութեան քայլերգէն բացի` յեղափոխական ոչ մէկ երգ հերոսացուցած է ընկերվարական գործին ենթական` բանուոր, գիւղացի թէ, ընդհանրապէս, աշխատաւոր հայ մարդը:
Դաշնակցութեան ընկերվարական գործի այս «բաց»-ին երեւոյթը առաւել յատկանշական կը դառնայ, երբ անդրադառնանք, որ ընկերվարական խօսքի եւ մտածողութեան բաց չկայ կուսակցութեան գրականութեան մէջ: Ընդհակառա՛կն, Դաշնակցութեան Ծրագիրէն սկսեալ մինչեւ անոր գլխաւոր գաղափարախօսները ընկերվարութիւնը ո՛չ միայն իր տեսական թէ գործնական երեսներով վերլուծած են, ո՛չ միայն լայն քննարկումի ենթարկած են ընկերվարական պայքարի համաշխարհային փորձը, այլեւմաշտոցեան տառերով գրուած ընկերվարութեան տուած են ուրոյն դիմագիծ մը, ինչ որ չի՛ նշանակեր ընկերվարութեան նեղ իմաստով «հայացումը», որ կա՛մ ազգայնական մօտեցում մըն է, կա՛մ ալ տեսականօրէն անհեթեթութիւն մը, որովհետեւ ընկերվարական աշխարհահայեացքը համամարդկային պատմութեան զարգացման գիտական հասկացողութիւն մըն է: Ո՛չ ալ Դաշնակցութեան ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը միակն է հայկական իրականութեան մէջ:
«Ուրոյնութիւն»` կը նշանակէ համամարդկային գաղափարախօսութեան մը ընկալումը որոշ հաւաքականութեան մը, հայութեան պարագային` ազգային, պատմական զարգացման եւ աշխարհաքաղաքական ու հասարակական պայմաններու գիտակցումով ընկալումը եւ քաղաքական մտածողութեան կազմաւորումը, որուն մէջ ռազմավարական ազդակներն ու մարտավարական նկատառումները իրենց կարեւորութիւնը կը ստանան: Ահա թէ ինչո՛ւ Դաշնակցութեան իրերայաջորդ ծրագիրներուն մէջ պատմութեան զարգացման ընկերվարական հասկացողութեան հիմնական դրոյթները չեն փոխուած, թէկուզ եւ անոնց շարադրութիւնը պատշաճեցուած է ժամանակի հրամայականներուն: Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, Դաշնակցութեան Ծրագիրին մէջ հայ ժողովուրդի, իմա` հայ աշխատաւորութեան, ազատագրումը չէ բռնադիտուած բնաւ դասակարգային պայքարի միջազգայնականութեան ընդմէջէն, ինչպէս համոզուած էին հայանուն պոլշեւիկները` ի դէմս Կասեաններու, Նուրիջանեաններու եւ այլ մարդասպաններու: Իրենց այդ համոզումին կուրութիւնը ի վերջոյ հայութեան համար վերածուեցաւ պատուհասի:
Դաշնակցութեան ընկերվարական խօսքի եւ մտածողութեան արտադրութիւնը միշտ նոյն թափն ու ճոխութիւնը չէ ունեցած: Եղած են պատմական ժամանակաշրջաններ, երբ այդ մտածողութիւնը մինչեւ իսկ ունեցած է շատ աւելի ազգային եւ մինչեւ իսկ ազգայնական շեշտաւորում: Անցեալ դարու երեսունականներէն մինչեւ փաստօրէն 20-րդ Ընդհանուր ժողով, այսինքն` ստալինեան բռնատիրութեան եւ Պաղ պատերազմի առաջին եւ ամենաթէժ երկու տասնամեակներուն, շատ աւելի տիրական եղած է համայնավար գաղափարախօսութեան եւ խորհրդային կարգերու ընդդիմութիւնը, քան` ընկերվարական մտածողութեան զարգացումը: Այդ տասնամեակներուն էր նաեւ, որ սփիւռքի կազմակերպութիւնն ու հայապահպանումը կը դառնային առաջնահերթ: Թէ որքանո՛վ հասկնալի կամ արդարանալի է այդ տարիներուն ընկերվարական մտածողութեան տեղատուութիւնը, առանձին քննարկելի նիւթ է: Սակայն իրողութիւն է, որ 20-րդ Ընդհանուր ժողովը իր «յեղափոխական արմատներու վերադարձ»-ի կարգախօսով ո՛չ միայն վերարժեւորեց ընկերվարութիւնը, այլեւ այժմէականացուց` օրին համաշխարհային ոլորտին մէջ տիրական Երրորդ Աշխարհի ազատագրական շարժումներուն հետ քայլ պահելով: Այդ մասին կը վկայեն 1970-ականներուն ՀՅԴ Բիւրոյի օրկան «Ազդակ Շաբաթօրեակ / Դրօշակ»-ի թիւերը եւ գաղափարախօսական հարցերու մասին յօդուածներու ամբողջ շարքը:
Ընկերվարական մտածողութիւնը բանավէճի հարց դարձաւ նաեւ1990-ականներուն` յետպաղպատերազմեան պայմաններուն մէջ եւ Դաշնակցութեան հայրենիք վերադարձի հոլովոյթին առընթեր, երբ խորհրդային համայնավարութեան պատմական փորձառութեան անփառունակ վախճանը իր անխուսափելի անդրադարձը ունեցաւ ընդհանրապէս ձախակողմեան մտածողութեան վրայ: Ազատ շուկայական համակարգով խանդավառ հայրենի իրականութեան պայմաններուն մէջ ընկերվարութեան մասին խօսիլը առնուազն պարզամտութիւն կը թուէր: Քիչ չէին անոնք, որոնք մինչեւ իսկ կը թելադրէին այլեւս հրաժարիլ «ժամանակավրէպ» գաղափարախօսութենէ մը, որ կը համոզէր ոչ ոք ազատ ու անկախ Հայաստանի մէջ: Օրին, ՀՅԴ Բիւրոյի 2002 թուականի յուլիսին Երեւանի մէջ կազմակերպած «Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան ընկերվարական գործը» սեմինարը, առաջինը նմանատիպ այլ նախաձեռնութիւններու յաջորդ տարիներուն, եկաւ ո՛չ միայն ջրելու ամէն կասկած, որ Դաշնակցութեան համար ընկերվարութիւնը էութիւն է, այլեւ զայն հաստատեց իբրեւ գաղափարախօսական ուղենիշ` նպատակաուղղուած դէպի տնտեսական ու հասարակական համակարգային փոփոխութիւններ: Աւելի՛ն. Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ թերեւս առաջին անգամ ըլլալով ընկերվարութիւնը բառացիօրէն կը բանաձեւուէր իբրեւ «գործ»եւ կը յանգէր կուսակցութեան ընտրական փլաթֆորմի կազմութեան…
Դաշնակցութեան ընկերվարական խօսքի ու մտածողութեան այսպէս կոչուած «մտաւորական պատմագրութիւնը» (intellectual history) առանձին ուսումնասիրութեան նիւթ է: Բայց քանի որ 21-րդ դարը եւ ազատ ու անկախ հայրենիքի պայմանները կարծես թէ ազդանշանը տուած են Դաշնակցութեան ընկերվարական գործին, անհրաժեշտ է հրապարակային քննարկումի հրաւէրի կարգով խորհրդածել ցարդ այդ գործի «բաց»-ին, կամ նման ընկալումի առկայութեան մասին:
Դաշնակցութեան ընկերվարական գործի «բաց» չկայ ազգային-ազատագրական պայքարի առաջին երեք տասնամեակներուն, ներառեալ` Հայաստանի Հանրապետութեան պետականաշինութեան երկամեակը: Թէկուզ եւանդրանիկ Մանիֆեստը իր ոճով ու բովանդակութեամբ գործի կոչ է, Դաշնակցութեան առաջին Ծրագիրէն սկսեալ ազգային-ազատագրական պայքարը տեղադրուած է յեղափոխական գործի հասկացողութեան մէջ, ուր նպատակ կայ հայ մարդը ազատագրել ստրկութեան դարաւոր կապանքներէն, որոնք նաեւ հոգեկան ու մտաւորական բնոյթ ունէին: Ազգային-ազատագրական պայքարը, միշտ համաձայն` Դաշնակցութեան տեսլականին, պիտի յանգէր ընկերվարական համակարգի կերտումին, ուր աշխատանքի շահագործումը պիտի բացառուէր եւ հասարակութեան բոլոր անդամները հաւասարապէս պիտի օգտուէին իրենց արտադրութեան բարիքներէն: Այս հետեւումով, ընկերվարական գործը չէր ընկալուեր միայն իբրեւ պետական ոլորտին մէջ առնուելիք որոշումներ` ի խնդիր ազատ, արդար ու հաւասար համակարգ մը կառուցելու: Նոյնքան եւ թերեւս շատ աւելի կարեւոր էր հասարակութեան մէջ տարուելիք աշխատանքը, իմա` աշխատաւոր դասակարգի գիտակցումը իր իրավիճակին ու իրաւունքներուն եւ անոր կազմակերպումը:
«Կովկասեան նախագիծ»-ին հետն էր, որ Դաշնակցութեան ընկերվարական գործը դադրեցաւ միայն տեսութիւն ըլլալէ: Հայ աշխատաւորական զանգուածին կազմակերպումը եւ յեղափոխական գործին աշխարհաքաղաքական ընդլայնումը Օսմանեան կայսրութենէն ցարական կայսրութիւն եկաւ փաստը տալու, որ Դաշնակցութեան գործը միայն զինեալ պայքարով չէր սահմանափակուեր: Յատկանշական է, որ մինչեւ անկախ պետականութեան ստեղծումը, Դաշնակցութեան ընկերվարական գործը չէր մտածուած իբրեւ պետական քաղաքականութիւն: Ոչ իսկ անկախ պետականութիւնը բանաձեւուած էր իբրեւ ծրագրային նպատակ: Ընդհակառակն, ընկերվարական ամէնէն սկզբունքային համոզումներու մեկնակէտով, հասարակութիւնը կամ ժողովուրդը, եւ յատկապէս աշխատաւոր դասակարգը, կը դիտուէր իբրեւ պատմութեան յառաջդիմութեան վերջին փուլին ենթական, որ դերակատար պիտի ըլլար դրամատիրական կարգերը ընկերվարական կարգերով փոխարինելու աշխատանքին մէջ: Ժողովուրդներու համադաշնակցութիւնը, ֆետերալիզմը, եւ ոչ անպայման` գերիշխան ազգային պետականութիւնը, կիզակէտն էր Դաշնակցութեան քաղաքական մտածողութեան:
Կարեւոր է նաեւ նշել, որ ե՛ւ տեսականօրէն, ե՛ւ գործնականօրէն Դաշնակցութեան ընկերվարական գործը միշտ ալ ունեցած է ազգային եւ միջազգային զոյգ գործադաշտ: Մինչ առաջինը յստակ է, կը թուի, թէ երկրորդին պարագային «միջազգային» բառը որոշ հատուածներ կը նեղէ, խորթ կը թուի «ազգային կուսակցութեան» գործունէութեան: Նման նեղութիւն հետեւանք է «միջազգային»-ի եւ «միջազգայնական»-ի շփոթին, որ առկայ է յատկապէս պահպանողական մտածողութեան հակում ունեցողներուն մօտ: Դաշնակցութեան ընկերվարական գործը միջազգային ոլորտին մէջ համամարդկային դասակարգային պայքարին ու համաշխարհային յեղափոխութեան ծրագիրին մէջ ներգրաւումը չեղաւ բնաւ: Բայց այդ չի նշանակեր, որ Դաշնակցութիւնը զօրակից չէր որեւէ երկրի աշխատաւորական պայքարին, չէր ողջուներ, օրինակի համար, Փարիզի Կոմունան, որուն մասին գրելով` Միքայէլ Վարանդեան գրեթէ դիւցազնացուցած է ընկերվարական կարգեր ստեղծելու աշխատաւորներու այդ առաջին փորձը: Անշուշտ որ առաջնահերթութիւնը տրուեցաւ ազգային-ազատագրական պայքարին, բայց արդեօք «Փրօ Արմենիա» մը կարելի պիտի ըլլա՞ր հրատարակել` առանց Եւրոպայի ընկերվարականներու հետ այն սերտ համագործակցութեան, որ դաշնակցական ղեկավարները հաստատած էին: 1907-ին պաշտօնապէս ընդունուելով Ընկերվարական միջազգայնականին մէջ իբրեւ լիիրաւ անդամ` Դաշնակցութեան ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը ե՛ւ հաստատագրուեցաւ իբրեւ ընկերվար-ժողովրդավար գաղափարախօսութիւն, ե՛ւ յստակ դարձաւ միջազգային քաղաքական աշխատանքային դաշտը, ուր անհրաժեշտ պիտի ըլլար նաեւ դիրքորոշուիլ օրակարգի վրայ գտնուող համամարդկային հիմնախնդիրներու նկատմամբ: Այսինքն կը սխալին «Դաշնակցութիւնը գործի կուսակցութիւն է» կարգախօսը պարզամիտ կերպով մեկնաբանելու հակամէտները, որոնք Դաշնակցութեան անդամակցութիւնը Բ. Միջազգայնականին` կը դիտեն իբրեւ լոկ ազգային հարցի արծարծման պատեհութիւն: Ընկերվարական գործը համամարդկային խնդիրներու, պատմութեան յառաջդիմական ընթացքի յանձնառութեան պարտաւորութիւնը կը դնէ բոլոր ընկերվարականներուն վրայ, թէկուզ եւ իւրաքանչիւրին համար բնականաբար իր միջավայրի, հասարակական իրականութեան օրակարգային հարցերը ունենան առաջնահերթութիւն:
Դաշնակցութեան ընկերվարական գործը անկիւնադարձ ապրեցաւ անսպասելի անկախութեան եւ պետականութիւն կերտելու յանկարծակի պատասխանատուութեան դէմ յանդիման մայիս 1918-ին: Ընկերվարական գործը վերածուեցաւ ընկերային պետութեան կառուցման մարտահրաւէրին: Ամբողջական ընկերային պետութիւն` քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իրաւունքներու ամրագրումով: Նման փորձառութիւն, պարզ է, չունէր Դաշնակցութիւնը: Բայց ունէր մտաւորական անհրաժեշտ պատրաստութիւնն ու տեսլականը այդ պետութեան հիմերը դնելու նախաձեռնութիւնը առնելու համար: Դժբախտաբար պոլշեւիկեան սադրանքն ու Հայաստանի խորհրդայնացումը իր սաղմին մէջ խեղդեցին այդ ծրագիրը: Յաջորդ տասնամեակներուն, Խորհրդային Միութեան ամենափոքր հանրապետութեան պետականաշինութիւնը մաս կազմեց ստալինեան «մէկ երկրի մէջ սոցիալիզմի կառուցման» ծրագիրին` բռնի համայնացում, վայրագ ճարտարարուեստականացում եւ տնտեսական համակարգ մը, որ կախեալ մնայ ամբողջ Խորհրդային Միութեան համակարգէն, այսինքն անոր բացառուէր ինքնուրոյն զարգանալու եւ դէպի աշխարհ բացուելու ամէն կարելիութիւն:
Ինչպէս կարելի է տեսնել, Դաշնակցութեան ընկերվարական գործի բաց չկայ կուսակցութեան ծնունդի եւ գործունէութեան ծաւալման առաջին երեք ճակատագրական տասնամեակներուն, որոնք եւ դաշնակցական շարքային անդամներուն թէ համակիր հատուածի հաւաքական յիշողութեան մէջ ամէնէն աւելի կը կշռեն կուսակցութեան ինքնութեան եւ ինքնուրոյնութեան իմաստով:
Այլ խօսքով, հակառակ որ այդ երեք տասնամեակը յարաբերաբար նուազագոյն տոկոս մըն է կուսակցութեան պատմութեան մէջ, հակառակ որ սխրագործութիւններու շատ ուրիշ փուլեր եղած են, ինչպէս` Հայ դատի պայքարի քսանամեակը (1965-1985) եւ մանաւանդ արցախեան հերոսամարտը, նշելու համար միայն այս երկուքը, ամէն դաշնակցական ինքզինք կը ճանչնայ ի մասնաւորի կուսակցութեան գործունէութեան առաջին երեք տասնամեակներուն ընդմէջէն: Արդ, այս երեք տասնամեակները յատկանշուած են ազգային-ազատագրական պայքարի հերոսական սխրանքներով, որոնք դէմքերու, դէպքերու եւ մանաւանդ յեղափոխական երգերու ընդմէջէն արդար հպարտութիւն ստեղծող հաւաքական ինքնութիւն մը կը կերտեն: Բայց կը բացակայի այդ երեք տասնամեակներուն Դաշնակցութեան ընկերվարական գործի մտաւորական հաստատագրումը: Այսինքն համեմատաբար նուազ ուշադրութեան արժանացած է կուսակցութեան ղեկավար թէ շարքային անդամներու յանձնառութիւնը ընկերվարական պայքարի տարբեր ոլորտներուն եւ այն քաղաքական աշխատանքը, ընկերվարական գործը, որ տարած են: Կրկնելու գնով արձանագրենք` մաշտոցեան տառերով գրուած ընկերվարութեան դաշնակցական տարբերակին տեսական գրականութիւն չի պակսիր, խնդիրը ընկերվարական կենդանի գործը յարաբերաբար լուսարձակէ հեռու մնացած ըլլալու իրողութիւնն է: Վրաստանի հետ Հայաստան եղաւ Կովկասի մէջ եւրոպական ընկերվար-ժողովրդավարութեան օրինակով պետականութեան հիմերը դնող երկիրներէն մէկը 1918-ին: Բայց մինչ վրացի ընկերվարականներու գործը արժանացած է պատմագրական յատուկ ուշադրութեան Սթեֆըն Ճոնզի կողմէ (Stephen F. Jones, Socialism in Georgian Colors: The European Road to Social Democracy, 1883-1917, Harvard University Press, 2005),հայկական իրականութեան մէջ ընկերվարական գործը ընդհանրապէս եւ Դաշնակցութեան ներդրումը նոյն ժամանակաշրջանին կը մնայ պատմագրական եւ մտաւորական պատմագրութեան կարեւոր բացթողումներէն մէկը:
Դաշնակցութեան ընկերվարական գործի բացի հիմնական բացատրութիւնը սփիւռքեան իրավիճակի պարտադրած պայմաններն են` համայնքային կազմակերպումէն մինչեւ հայապահպանման հրամայական: Երկու այլ ազդակներ նուազ որոշիչ չեղան սփիւռքի առնուազն առաջին յիսնամեակին Դաշնակցութեան կողմէ ընկերվարական գործի անտեսման: Առաջինը Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք պոլշեւիկեան հակադաշնակցական հալածանքներու իրողութիւնն է: Դաշնակցութեան ընկերվարութիւնը յստակօրէն կը տարբերէր համայնավարութեան միջազգայնականութենէն եւ իր ընկերվար-ժողովրդավար ուղին հաստատօրէն կը հակադրուէր միակուսակցական ամբողջատիրութեան, տնտեսութեան ամբողջական համայնացումին, ստալինեան կուլակաթափութեան եւ այն վայրագ ճարտարարուեստականացման, որ յատկանշեց իր տնտեսական քաղաքականութիւնը:
Հայաստանի խորհրդայնացումը համաձայնուած էր Մոսկուայի մէջ եւ այդ համաձայնութիւնը կ՛ընդգրկէր առնուազն նոր իշխանութիւններու կողմէ հալածանքներու բացառում, որ պոլշեւիկները չյարգեցին եւ սկիզբ տուին յաջորդ տասնամեակներուն արդէն համակարգուած հակադաշնակցական հալածանքին ու հակադաշնակցական քաղաքական մշակոյթի ձեւաւորման: Այդ հալածանքը շուտով տեղափոխուեցաւ կազմաւորման գործընթացի առաջին փուլին գտնուող սփիւռքեան համայնքներ, որոնք նախքան Պաղ պատերազմը արդէն խորհրդային վարչակարգի թեր եւ դէմ բաժանումի գիծի երկայնքին կը սահմանէին իրենց քաղաքական ինքնութիւնը: Զարմանալի չէ, որ այդ պայմաններուն մէջ նոյնիսկ դաշնակցական ընկերվարական խօսքը շատ աւելի ուշադիր եղած ըլլայ քաղաքական մտածողութիւնը համայնավարութենէն զերծ պահելու նախանձախնդրութեան եւ շեշտը դնելու մաշտոցեան տառերով գրուած դաշնակցական ընկերվարութիւնը միջազգայնական գաղափարախօսութենէն տարբերելու հրամայականին վրայ: Երկրորդ պատճառը Ընկերվար միջազգայնականի գործունէութեան տեղատուութիւնն է եւ Դաշնակցութեան ինքնակամ հեռացումը այդ կազմակերպութենէն, երբ իր անդամակցութեան մակարդակը նուազեցնելու որոշում կայացաւ: Զերծ մնալով այս հարցի մանրամասնութեանց մէջ մտնելէն` թերեւս տեղին է նկատել, որ Դաշնակցութեան ընկերվարական գործի ապագայ պատմագրութեան մէջ թերեւս առանձին հատոր մը պիտի կազմէ կուսակցութեան յարաբերութիւնը Միջազգայնականին հետ:
Ինչպէս վերը նշուեցաւ, ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովը անկիւնադարձային եղաւ յեղափոխական եւ գաղափարախօսական արմատներու վերադարձի իմաստով: Գաղափարախօսական մտաւորական առատ արտադրութեան զուգահեռ, Հայ դատի պայքարի թէժացման այդ տարիներուն, կուսակցութեան քաղաքական յարաբերութիւնները բազմացան նաեւ ընկերվարական կուսակցութիւններու եւ շարժումներու հետ, տեղի ունեցաւ այժմէականացում ընկերվարական մտածողութեան եւ տեսլականի այն ժամանակուան միջազգային ոլորտի յատուկ պատմաքաղաքական պայմաններուն հետեւումով: Կարելի չէ անտեսել Դաշնակցութեան ընկերվարական գործի քաղաքական բազմակողմանի շփումներու կարեւորութիւնը այդ օրերու օրակարգի գլխաւոր խնդիր` Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար: Փաստօրէն, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առաջին ազդանշանները տուին պետական թէ ոչ պետական յառաջդիմական շրջանակներ եւ ազդեցիկ դէմքեր, իսկ եւրոպական ընկերվարութեան զօրակցութիւնը կենսական եղաւ այդ օրերուն Հայ դատի քաղաքական թերեւս առաջին յաղթանակը արձանագրելու համար` ի դէմս Եւրոպական խորհրդարանի 1987-ի որոշումին: Միաժամանակ, ՀՅԴ Բիւրոն սկիզբ տուաւ Ընկերվար միջազգայնականի գիրկը վերադառնալու գործընթացին: Այդուհանդերձ, ինչ կը վերաբերի ընկերվարութեան ընկերային-տնտեսական ոլորտներու գործին, անիկա առկախուեցաւ ի բացակայութիւն այն գերիշխան իրաւադաշտին, ուր կարելի պիտի ըլլար իրականացնել ընկերվարական համակարգ մը: ՀՅԴ Ծրագիրի տնտեսական պահանջներու բաժինը այս իմաստով մնաց շատ ամփոփ պարբերութիւն մը, որ յղում կը կատարէ «Ընդհանուր տեսութեան» դրոյթներուն` մանրամասնութիւններու բանաձեւումին գրառումը կապելով ապագայ ազատ ու անկախ Հայաստանի իւրայատուկ պայմաններուն:
ՀՅ Դաշնակցութեան վերադարձը Հայաստան արդէն ունի երեք տասնամեակներու պատմութիւն, ժամանակաշրջան մը, որ հաւասար է կուսակցութեան ազգային-ազատագրական պայքարի առաջին ժամանակահատուածին: Այդուհանդերձ, քիչ են, եթէ երբեք առկայ այս երեք տասնամեակներու մասին վերլուծական գրառումները, թէկուզ եւ ժամանակագրութիւն մը գլխաւոր դէպքերու, որոնք յատկանշեցին կուսակցութեան գործընթացը կամ եղան անկիւնադարձային անոր քաղաքական դիրքորոշումներու ճշդումին համար: Յստակ է սակայն, որ եթէ մէկ կողմէն, ինչպէս նշուեցաւ աւելի վերը, դժուար եղաւ հայրենի իրականութեան մէջ ընկերվարական պիտակով ներկայանալ, նոյնիսկ Դաշնակցութեան արդէն յարած հատուածին համար, միւս կողմէ, սակայն, Դաշնակցութեան համար յստակ էր, որ տնտեսական անցումը եւ տնտեսական համակարգի կառուցումը պիտի ըլլայ ո՛չ միայն հանգրուանային, այլեւ մանաւանդ պիտի ձգտի ընկերային պետութեան կառուցումին:
Դաշնակցութեան հայրենիք վերադարձի առաջին տասնամեակը Հայաստանի մէջ իր վերիվայրումներով առիթ չտուաւ ընկերվարական գործի, յստակ` ՀՅԴ Ծրագիրի «Տնտեսական պահանջներ»-ու բաժինի սկիզբ տալու: Մինչեւ 1994 պատերազմն էր անշուշտ ուշադրութեան կիզակէտը: Բայց նաեւ կար իշխող ուժի` Հայոց համազգային շարժումի եւ առաջին նախագահի բացարձակ որոշումը` անցումը կատարելու ամբողջ նախկին խորհրդային տարածքին տիրապետող «շոքային» բնորդի հետեւումով: Այսինքն ազատականացման եւ սեփականաշնորհման ճամբով շատ արագ շուկայական տնտեսութեան անցում` կարելի եղածին չափ շուտ օգտուելու համար ֆինանսական հոսքերու խոստացած «բարիքներէն»: Այդ անցումի գործընթացին կշռոյթը արագացաւ հիմնականօրէն 1994-էն ետք, Հայաստանի մէջ օրին ամէնէն ազդեցիկ ընդդիմութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութեան արգիլումով: Յաջորդ չորս տարիներուն, երկրին մէջ տեղի ունեցաւ այն, ինչ որ մարքսեան տեսութեամբ կը կոչուի դրամագլուխի առաջին կուտակում իր ամէնէն նախնական ու վայրագ իմաստով: Ասոր իբրեւ հետեւանք` հիմը դրուեցաւ օլիկարխային համակարգին, որ 1998-էն ետք ամրագրուեցաւ եւ ի դէմս Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան` յառաջացուց նաեւ քաղաքական այն ուժը, որ յանձնառու պիտի ըլլար համակարգի վերարտադրումին եւ յարատեւումին: Աւելորդ է ըսել, որ այդ համակարգը անխուսափելիօրէն յատկանշուեցաւ հարստութեան ահաւոր անհաւասար բաժանումի պատճառով ստեղծուած հասարակական բեւեռացումով:
Երբ 2002-ին ՀՅԴ օրուան Բիւրոն կազմակերպեց իր տեսակին մէջ առաջին` «ՀՅ Դաշնակցութեան ընկերվարական գործը Հայաստանի մէջ» սեմինարը, օլիկարխային համակարգը արդէն ամրագրուած էր: Միեւնոյն ժամանակ համաշխարհային տարողութեամբ ձախը կ՛ապրէր խորհրդային պատմական փորձառութեան ձախողութեան խոր անդրադարձը, եւ աշխարհաքաղաքական երկու տարբեր տարածաշրջաններու մէջ` Եւրոպա եւ Լատինական Ամերիկա, ծայր առած էին երկու տարբեր, թէեւ ոչ անպայմանօրէն իրարու հակադիր գործընթացներ:
Եւրոպայի մէջ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը տնտեսական քաղաքականութեան ոլորտին մէջ կը զիջէր նոր-ազատականութեան յառաջընթացին եւ հետզհետէ կը հեռանար ընկերային պետութեան սկզբունքներէն, որոնց ստեղծումի ու ամրագրման դրօշակիրը եղած էր քսաներորդ դարու պատմութեան ընթացքին: Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը իր օրակարգին վրայ կ՛ամրապնդէր մարդկային ազատութեան ու հաւասարութեան նոր դաշտեր, որոնք արդէն սկսած էին կազմաւորուիլ 1970-ական թուականներուն, անոնց կարգին` փոքրամասնութիւններ, կենտերական հարցեր, բնապահպանում, կրօնական ազատութիւններու յարգանք, մարդկային իրաւանց ընդարձակում…
Լատինական Ամերիկայի պարագային, անցեալին գրեթէ բացառաբար ընկերային արդար կարգերու հաստատումը զինեալ պայքարի եւ յեղափոխութեան ընդմէջէն ընկալող ձախը 1980-ական թուականներէն սկսեալ յանձնառութիւն վերցուց ժողովրդավարութեան եւ ամբողջ երկու տասնամեակ քաղաքական դաշտին մէջ փորձառութիւն ձեռք բերելէ ետք, 21-րդ դարուն արդէն սկիզբ կու տար դէպի ձախ թեքումի գործընթացին:
Եւրոպական ընկերվարութեան բոլոր հասարակական խնդիրները ներառուած էին լատինամերիկեան ձախի օրակարգին մէջ, բայց տիրապետողը աղքատութեան յաղթահարումը եւ ամէնէն ընչազուրկ խաւերու հասարական տեղաշարժն էր դէպի աւելի բարեկեցիկ կենսամակարդակ: Լատինամերիկեան ձախի օրակարգին մէջ դրուեցան նաեւ համաշխարհային տարողութեամբ համակարգային բարեկարգումներ ֆինանսական հաստատութիւններու թէ ընդհանրապէս մարդկային իրաւանց ոլորտին մէջ ընկերային-տնտեսական իրաւունքներու ներգրաւման ոլորտներուն մէջ:
Ձախի վերաշխուժացման այս գործընթացները չհասան նախկին խորհրդային տարածաշրջան, ուր ձախը ընդհանրապէս բացակայ էր քաղաքական ոլորտներուն մէջ: Հայաստան այն բացառիկ երկիրներէն էր, թերեւս` միակը, ուր ի դէմս ՀՅ Դաշնակցութեան` իր գաղափարախօսութեամբ եւ ծրագրով ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութիւն մը աշխուժ էր քաղաքականութեան մէջ: Աւելի՛ն. 21-րդ դարու սկիզբին էր, որ կուսակցութիւնը տարիներու աշխատանքէ ետք վերադարձաւ Ընկերվար միջազգայնականի ոլորտ` իբրեւ լիիրաւ անդամ,եւ իր ներկայացուցիչները շուտով զբաղեցուցին պատասխանատու դիրքեր այդ կառոյցին մէջ: Առ այդ, Դաշնակցութեան համար ընկերվարական գործը իրապաշտօրէն պէտք է քննարկել 21-րդ դարու սկիզբէն եւ գիտակից ըլլալով ՀՅԴ 22-րդ Ընդհանուր ժողովին հաստատուած Ծրագիրի (1982) «Տնտեսական պահանջներ»-ու բաժինին, ուր այդ պահանջներուն բանաձեւումը վերջին անգամ ըլլալով կը շարադրուէր այդ ձեւով. «… տրուած ըլլալով, որ տնտեսական պահանջները մեծ մասամբ կապուած են ժամանակի շարք մը պայմաններուն, ինչպէս` աշխարհի քաղաքական-ընկերային-տնտեսական կացութիւնը, տուեալ երկրի իւրայատուկ վիճակը, գիտութեան եւ ճարտարարուեստի կատարած նուաճումները եւ այլն»:
Այսպէս, մէկ կողմէ անճիշդ եւ անարդար է անտեսել անցնող տարիներու Դաշնակցութեան ընկերվարական գործի արձանագրած յառաջընթացը յատկապէս միջազգային քաղաքական-յարաբերական ոլորտին մէջ, միւս կողմէ` նաեւ ճիշդ է, որ Դաշնակցութիւնը չյաջողեցաւ հայրենի իրականութեան մէջ ղեկավար դեր ստանձնել ձախի այլընտրանքային աշխատադաշտի մը յառաջացման մէջ: Այդ մէկը կարելի էր` միայն յաւելեալ ուշադրութիւն դարձնելով օլիկարխային համակարգի անխուսափելի ծնունդ ընկերային ցասումի կուտակումին եւ անոր քաղաքական ճիշդ ուղղորդումին դէպի համակարգային բարեկարգում: Բազմաթիւ են այս բացին պատճառները: Ոմանք իրական, ինչպէս`արցախեան հիմնախնդիր եւ ազգային անվտանգութեան առաջնահերթային մտահոգութիւն: Ուրիշներ լիովին արդարացուած, ինչպէս` նախապատուութիւն համահայկական խնդիրներու, ի մասնաւորի` Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով արդարահատոյցի շուրջ համախոհութեան ստեղծում: Բայց նաեւ` քաղաքական համաձայնութիւններու եւ իշխող կուսակցութեան հետ համագործակցութեան այլընտրանքը, որ առնուազն պայմանաւորեց ընկերային արդարութեան եւ տնտեսական բարեկարգումներու պահանջատիրութեան շատ աւելի գործօն ու համարձակ ներկայութիւն հայրենի իրականութեան մէջ:
Պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ ընկերվարական պայքարի աւելի լայն, հասարակական հարցերու օրակարգը իր կարգին անհրաժեշտ ուշադրութեան չարժանացաւ` ի հետեւանք ազգային արժեհամակարգի աւելի պահպանողական, քան յառաջդիմական ընկալումի մը, որ տիրական էր հայրենի հասարակութեան լայն հատուածներու մէջ: Ճիշդ է, որ 2003-2008 տարիներու Հայաստանի տնտեսական աճի «պղպջակը» այն օրերուն կը դժուարացնէր ընկերային դժգոհութեան կուտակման ընկալումը, բայց այդ դժգոհութեան նախանշանները չէին պակսեր: Աւելի՛ն. ընկերային բողոքի արտայայտութիւնները բազմացան եւ նոյնիսկ արմատականացան 2008-ի համաշխարհային ֆինանսական ճգնաժամէն ետք, երբ անոր անդրադադձները սկսան զգալի դառնալ Հայաստանի մէջ, եւ արտագաղթը աճեցաւ: Եւ հակառակ որ ՀՅ Դաշնակցութեան հայրենի ղեկավարութեան մօտ բիւրեղանալու սկսաւ «համակարգային արմատական բարեփոխումներ»-ու համոզումը, անոնց իրականացման ուղին դիտուեցաւ նախագահական վարչակարգէն խորհրդարականի անցնելու Դաշնակցութեան տակաւին 1991-ի առաջարկին ընդմէջէն:
Այսինքն` քաղաքական ուժերու միջեւհամաձայնութեամբ եւ ոչ թէ համաժողովրդային զօրաշարժի ընդմէջէն: Կարելի է հասկնալ ազգային անվտանգութեան մտահոգութեան մեկնակէտով ներազգային ամէն ցնցում բացառելու նախանձախնդրութիւնը, որ օրին ունէր կուսակցական ղեկավարութիւնը: Բայց նաեւ շուտով յստակ դարձաւ, որ իշխող քաղաքական ուժը սահմանադրութեան փոփոխութիւնը ընկալած էր իբրեւ իշխանութեան վրայ յարատեւելու միջոց` ի շարունակումն օլիկարխային համակարգի պահպանման, եւ ոչ թէ` փոփոխութեան, երաշխաւորի իր դերին: Ընդ որում` ընկերային արդարութիւնը, որ Դաշնակցութեան ընկերվարական գործին կէտ- նպատակն է, մնաց, լաւագոյն պարագային, բովանդազուրկ խոստում` աւելի խորացնելով հասարակութեան մէջ կուտակուած ցասումը: Այս պայմաններուն մէջ բեմի վրայ յայտնուեցաւ քաղաքական ուժ մը, որ կարողացաւ այդ հասարակական ցասումը վերածել ժողովրդային զանգուածային զօրաշարժի` թաւշեայ յեղափոխութեան, ինչպէս որակուեցաւ, եւ ո՛չ միայն իրականացնել իշխանափոխութիւն, այլեւ շուտափոյթ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններով սպասելիօրէն իր ձեռքերուն մէջ վերցնել ամբողջ իշխանութիւնը` Ազգային ժողովին մէջ ունենալով բացարձակ մեծամասնութիւն եւ աննշան ընդդիմութիւն մը, որ ոչ իսկ գաղափարական դիմագիծով տարբեր է իշխանութեան վրայ գտնուող ուժէն:
Թաւշեայ յեղափոխութիւնը արժանացաւ միջազգային ուշադրութեան: Խաղաղ իշխանափոխութիւնը եւ ժողովրդավարութեան վերարժեւորման խոստումը ողջունուեցան ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց եւ օրէնքի իշխանութեան յանձնառու բոլոր ուժերուն կողմէ, մանաւանդ որ անիկա կը պատահէր, երբ համաշխարհային տարողութեամբ յառաջընթաց կ՛արձանագրեն ծայրայեղ աջ ուժերը: Բայց այդ մէկը պատճառ չէ, որ իշխանութեան բացարձակ կեդրոնացումը շատ շուտով փորձութեան չմատնէ նաեւ «սիրոյ ու համերաշխութեան» խոստումի դրօշակիրները: Մանաւանդ երբ միջազգային ողջունումը այս ժողովրդավար յեղափոխութեան չթարգմանուեցաւ այն առատաձեռնութեան, որ օրին ցուցաբերուեցաւ «գունաւոր» զոյգ յեղափոխութիւններուն` ՎրաստանիեւՈւքրանիոյ մէջ կատարուած:
Թէ իշխանափոխութենէն անդին, համակարգային փոփոխութիւններու թէ ժողովրդավարութեան վերարժեւորման իմաստով, նոր իշխանութիւնը ի՛նչ իրագործումներ պիտի ունենան, տակաւին յայտնի չէ, որքան ալ որ յեղափոխութեան ղեկավարին ժողովրդականութիւնը եւ ժողովուրդի կենսամակարդակի բարելաւման յոյսը տակաւին կը մնան բարձր: Յստակ է սակայն, որ իշխանութիւնները ընկերայինեւ տնտեսական իմաստով նոյնքան, եթէ ոչ` աւելի գաղափարախօսականօրէն, յանձնառու են նոր-ազատականութեան: Կառավարութեան ծրագիրին մէջ թէ առնուած առաջին քայլերէն յստակ դարձած է, որ կը հաւատան պետութեան դերի կրճատումին, շուկայի յաւելեալ ազատականացման եւ աղքատութեան նուազեցումը զուտ տնտեսական աճով պայմանաւորելու տոկմաներուն:
Իշխանութեան բարձրագոյն մակարդակներու վրայ պաշտօն զբաղեցնողները կը հաւատան, որ փտածութեան դէմ պայքարը ինքնին ճամբայ կը հարթէ հարստութեան նուազ պոռնկագրական կուտակումին, եւ անհատ քաղաքացիներուն կոչ կ՛ուղղեն` «հարստանալ եւ հարստացնել»: Բոլոր անոնք, որոնք քիչ թէ շատ ծանօթ են միջազգային տնտեսական քաղաքականութեան պատմական հոլովոյթին` 1980-ականներէն ի վեր, պիտի անդրադառնան, որ այս բոլորը Ռիկընի եւ Թաչըրի դասական` «պետութիւնը լուծում չէ, խնդիր է», «չկայ հասարակութիւն, կայ անհատ», «հարստանալը ամօթ չէ» եւ նմանատիպ լոզունգներու չնաշխարհիկ հայկականացումն է: Թէ` անոնց յոտնկայս ծափահարողներ պիտի ըլլան, ի մասնաւորի` «օլիկարխ»-է «ձեռնարկատէր»-ի անուանափոխուած հարստացածներն ու աւելի հարստանալ ուզողները, կասկածէ վեր է: Կը մնայ, որ իշխանութիւններու գաղափարախօսական ուղղուածութիւնը շատ յստակօրէն նոր-ազատական յանձնառութիւն մըն է, որուն կը հակադրուի ընկերային արդար համակարգի մը ընկերվարական տեսլականը:
Ահա թէ ինչո՛ւ թաւշեայ յեղափոխութիւնը դաշնակցական ընկերվարական գործի ծաւալման համար անկիւնադարձ մը, կամ աւելի ճիշդը` նոր սկիզբ մը կրնայ նշանակել: Եւ ոչ միայն Դաշնակցութեան ընկերվարական գործին, այլ` ընդհանրապէս ձախ այլ ընտրանքին համար. անկախութենէն ի վեր հայրենի իրականութեան մէջ երբեք ձախը այսքան քաշողականութիւն չէր ունեցած երիտասարդներուն համար, ոչ ալ եղած են բացայայտօրէն ձախակողմեան յանձնառութեամբ գործի ասպարէզ իջած քաղաքական ուժեր:
Այս չի նշանակեր, որ իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը անպայմանօրէն ձախողութեան դատապարտուած է: Ո՛չ ալ այս տողերը կը գրուին նման կամեցողութիւն արտայայտելու համար: Ի դէպ, եթէ թաւշեայ յեղափոխութիւնը հաւատարիմ մնար իր առաջին քաղաքական ուղղուածութեան եւ իշխանափոխութիւնը առիթ նկատէր ազգային հիմնահարցերու շուրջ քաղաքական ուժերու միջեւ ընդհանուր համախոհութեան հասնելու, կամ համաձայնութիւն յառաջանար համակարգային փոփոխութեան ընդհանուր ծրագիրի մը շուրջ, պատմութեան ընթացքը թերեւս տարբեր ըլլար, Դաշնակցութեան ընկերվարական գործին ուղին ալ` ուրիշ: Բայց յեղափոխութիւնը ուժային յարաբերութիւններու դասական տրամաբանութեան ոլորտին մէջ մնաց. իշխանափոխութենէն ետք` ամբողջական իշխանութիւն, ինչ որ եղաւ արտակարգ ընտրութիւններու ճամբով: Ազգային համախոհութեան փոխարէն` քաղաքացիական պայմանագիր, որ ամէն պայմանագիրի նման` ունի գաղափարախօսական ուղղուածութիւն եւ ծրագիր:
Երբ այնքան յստակ է իշխանութիւններու քաղաքականութեան գաղափարախօսական ուղղուածութիւնը` նոր-ազատականութիւն, ապա եւ անխուսափելի կը դառնայ նաեւ ձախակողմեան քաղաքականութեան եւ ընկերվարական գործի դաշտի կարողական ծննդոցը տեսնել: Կարողական, որովհետեւ այդ դաշտը կը ստեղծուի միայն քաղաքական գործով, որ այս պարագային հարկ է մտածել եւ կազմակերպել քաղաքացիական հասարակութեան մէջ, աշխատանքի դաշտ մը, ուր Դաշնակցութիւնը յարաբերաբար նուազ ներկայ եղած էր անցնող քսանամեակին, երբ աւելի մօտ էր, կամ ուղղակի մասնակից` պետական քաղաքականութեան: Դաշնակցութեան ընկերվարական գործին այս փուլին առաջին մարտահրաւէրը, հետեւաբար, քաղաքացիական հասարակութեան ոլորտին մէջ աշխատանքային դաշտի յառաջացումն է` միշտ ի մտի ունենալով անցնող քսան տարիներու ամէնէն կարեւոր դասը. քաղաքացիական հասարակութիւնը, ժողովուրդը այն ոլորտն է, ուր ընկերվարական կուսակցութիւն մը միշտ ներկայ պիտի ըլլայ, թէկուզեւ երբ իշխանութեան վրայ գտնուի:
Երկրորդ կարեւոր մարտահրաւէրը ձախ ուժերու համախմբումն է համաձայնուած օրակարգի մը շուրջ եւ, ինչո՞ւ չէ, ի մտի ունենալով խորհրդարանական յաջորդ ընտրութիւնները: Բրիտանական Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կրնայ մէկ օրինակ ըլլալ նման համախմբումի, բայց կան այլ բնորդներ ալ, ինչպէս` Ուրուկուէյի «Լայն Ճակատ»-ը:
Երրորդ մարտահրաւէրը օրակարգի վրայ հարցերու առաջնահերթութեան ճշդումն է: Ինչպէս ըսուեցաւ, ձախի օրակարգը` ի խնդիր ընկերային արդար կարգերու, շատ ընդարձակ է, ունի ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ ընկերային իրաւունքներու հարցեր, որոնց կարեւորութիւնը նոյն հարթակի վրայ չ՛ընկալուիր ձախակողմեան բոլոր ուժերուն կողմէ: Եւ թէկուզ իբրեւ յառաջդիմական` այդ հարցերէն ոչ մէկը կարելի է անտեսել, մարտավարական նկատառումներով առաջնահերթութեան ճշդումը կենսական է: Այդ առաջնահերթութեան կանխանշանը նոյնինքն կառավարութիւնը տուաւ արդէն` հարկային համահարթեցումի իր ծրագիրով: Որեւէ ընկերվարական ուժի համար բանավէճի առարկայ չի կրնար ըլլալ յառաջատուական հարկային դրութիւնը, որ նախապայման է հարստութեան ե՛ւ աւելի արդար վերաբաշխումին, ե՛ւ ընկերային պետութեան կառուցման համար: Փաստօրէն Հայաստանի մէջ ձախակողմեան բոլոր ուժերը անոր դէմ պայքարի ելած են: Թերեւս լաւ կ՛ըլլայ ուժերու համախմբումի առաջին քայլ մը տալ այդ պայքարի համակարգումի յստակ օրակարգին շուրջ:
Անկախ այս մարտահրաւէրներէն` յստակ է, որ իշխանութիւններու հարկային քաղաքականութեան դէմ հասարակական դիմադրութեան խարիսխ ստեղծելու հետամուտ զօրաշարժը ազդանշան է Դաշնակցութեան ընկերվարական գործի նոր սկիզբին: Սերմնացանի՛ն, որ, ինչպէս թերեւս օր մը կարելի ըլլայ երգել, տայ 21-րդ դարու ընկերվարութեան նոր բոյսեր…