Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրակի Հետ Թրքական Խաղը

Դեկտեմբեր 8, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

plane_120815

Երեքշաբթի, 24 նոյեմբերին, թրքական օդուժը հարուածեց ռուսական օդուժին պատկանող օդանաւ մը: Ռուս օդաչուները անկարգելով դուրս ցատկեցին, սակայն անոնցմէ մէկը սպաննուեցաւ, շատ հաւանաբար` «ընդդիմադիր» կոչուած գօտիէն անոնց դէմ արձակուած կրակոցներուն պատճառով: Մամուլը հեղեղուած է օդային միջադէպին մասին լրատուութեամբ եւ մեկնաբանութիւններով:

Անկախ այն հարցադրումներէն, որ արդեօք ռուսական օդանաւը խախտա՞ծ էր Թուրքիոյ օդային տարածքը, թէ՞ ոչ, չոր իրականութիւնը այն է, որ այս դէպքը յաւելեալ փաստն է Թուրքիոյ կողմէ ՏԱՀԵՇ-ին տրամադրուող գործնական զօրակցութեան:

Անվիճելի փաստ է, որ ՏԱՀԵՇ կը վայելէ ամէն ձեւի թրքական զօրակցութիւն` զինում, մարզում, ազատ երթեւեկ, դրամ: Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ ՏԱՀԵՇ-ի հակակշիռին տակ գտնուող Սուրիոյ քարիւղահանքերէն կողոպտուած քարիւղը կը գնուի Թուրքիոյ կողմէ, եւ նոյնիսկ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի զաւակին` Պիլալ Էրտողանի անունը կը նշուի իբրեւ այս «ալիշ-վերիշ»-ին գլխաւոր գնորդ կողմ:

Ինչպէս մեր նախորդ յօդուածով նշած էինք, ՏԱՀԵՇ այսօր վերածուած է Թուրքիոյ աղտոտ գործերը ընող զինեալ խմբաւորումի: ՏԱՀԵՇ Թուրքիոյ ձեռքը խաղաքարտ մըն է, զոր Անգարա պատրաստ է գործածելու բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը հակադրուին իր շահերուն: Հետեւաբար տրամաբանական է հետեւցնելը, որ Թուրքիա հաշտ աչքով պիտի չդիտէ այս զինեալ խմբաւորումին դէմ առնուած որեւէ քայլ: Մանաւանդ` զինուորական: Իսկ Ռուսիա մօտաւորապէս երկու ամիսէ ի վեր իր օդուժը գործի լծած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ` համադրաբար իր տեղական դաշնակիցներուն, առաջին հերթին` սուրիական բանակի ցամաքային ուժերուն:

Շաբաթ մը առաջ Անթալիոյ մէջ կայացած G-20-ի ժողովին Ռուսիոյ նախագահ Վլ. Փութին յայտարարեց, թէ իր ունեցած տեղեկութիւններով,  ՏԱՀԵՇ 40 պետութիւններէ օժանդակութիւն կը ստանայ, «որոնցմէ ոմանք ալ հոս ներկայ են»: Ռուսիա նաեւ աշխարհին յայտնեց, թէ ինք տեղեակ է սուրիական քարիւղի կողոպուտին միջոցով ՏԱՀԵՇ-ը դրամով պարենաւորելու փաստէն: Այս յայտարարութեան յաջորդեց ռուսական օդուժին կողմէ Թուրքիա ուղղուող քարիւղատար բեռնակառքերու ռմբակոծումը: Փակագիծ մը բանալով` ըսենք, որ ամերիկեան հանրային հեռատեսիլը (PBS) հաղորդեց, թէ ամերիկեան օդուժը ռմբակոծած է նոյն այս շարասիւները եւ ցուցադրեց… ռուսական օդուժին ռմբակոծումէն պատկերներ, իբրեւ «փաստ» ամերիկեան այս քայլին…

Մէկ խօսքով,

Թուրքիա գոհ ըլլալու ոչ մէկ պատճառ ունի Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժին կողմէ` զինեալ խմբաւորումներուն դէմ առած ազդու եւ գործնական քայլերէն: Որովհետեւ, պարզ է, ռուսական այս հարուածը ուղղուած է Թուրքիոյ խաղաքարտերուն դէմ եւ կը միտի, զանոնք չէզոքացնելու ճամբով, (ի մէջ այլոց) իր ռազմավարական շահերը ապահովելու տարածաշրջանէն ներս:

Սուրիա վերածուած է մէկ կողմէ Ռուսիոյ (եւ իր տեղական դաշնակիցներուն) եւ միւս կողմէ` Արեւմուտքի (ներառեալ` Թուրքիոյ) ռազմավարական շահերու բախումի թատերաբեմի: Շահերու այս բախումին մէջ

շահագործման ենթակայ խաղաքարտեր են կրօնական մոլեռանդութիւնը, համայնքային այլազանութիւնը (իսլամ-քրիստոնեայ, սիւննի-ալեւի, սիւննի-շիա եւ մինչեւ իսկ դասական սիւննիզմ եւ ուահապականութիւն): Արեւմուտքի քարոզչութիւնը երկար ատեն շահագործեց սիւննի-ալեւի համայնքային խաղաքարտը` պնդելով, որ Սուրիան կը կառավարուի ալեւի փոքրամասնութեան կողմէ, մինչ բնակչութեան 70 տոկոսը սիւննի իսլամ է: Նոյն այս քարոզչական միջոցները (բնականաբար) չէին խօսեր այն փաստին մասին, որ Սուրիոյ բանակին 70

տոկոսը եւս սիւննի է, եւ թէ` երկրին վարչակարգը ամբողջութեամբ լայիք է` ի հակադրութիւն Ծոցի արաբական շատ մը երկիրներուն, որոնք Արեւմուտքին դաշնակից են:

Այս դրութեան մէջ, մինչ Արեւմուտքը Փարիզի դէպքերէն ետք իրարանցումի մէջ է ՏԱՀԵՇ-ի կապակցութեամբ եւ տրամադրուած` ատոր դէմ, անդին, սակայն, Թուրքիա ջղագար վիճակի մատնուած է ի տես նոյն այդ խմբաւորումին կրած զինուորական հարուածներուն: Ի տես այս փաստին, Արեւմուտքը անելի մատնուած է, թէ ի՛նչ կեցուածք պէտք է որդեգրէ ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ նկատմամբ, որ փաստօրէն կրակի հետ կը խաղայ թէ՛ ՏԱՀԵՇ-ը հովանաւորելով եւ թէ՛ ռուսական օդուժին դէմ իր առած զինուորական մագլցողական քայլով:

Մեր այս տեսակէտներուն մէջ այս կամ այն կողմին նկատմամբ համակրանքի կամ հակակրանքի ոչ մէկ ենթաթեքսթ պէտք է փնտռել, որովհետեւ կը փորձենք միայն չոր իրականութիւնները ցոյց տալ:

Հայ ժողովուրդը, սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ, անհրաժեշտ է, որ հաշուի առնէ միայն չոր իրականութիւնները, որպէսզի կարենայ յստակօրէն կշռադատել, թէ ո՛ւր կը կայանան Հայաստանի ու հայութեան շահերը: Մանաւանդ որպէսզի ճիշդ գնահատէ թրքական վտանգը, որ ուղղուած է մեր դէմ:

 

 

 

 

Նախորդը

Բանաստեղծութեան Եւ Բանաստեղծի Երեկոներ` «Լոսում»

Յաջորդը

Սիրոյ Եւ Ատելութեան Միջեւ

RelatedPosts

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

Յուլիս 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

Յուլիս 6, 2019
Դաշնակցական   Մամուլը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Վահան Խորէնի (Տէր Գէորգեան) (1884-1920)

Յուլիս 6, 2019

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In