Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Երբ իր մահուան 100-րդ տարելիցին տակաւին կը գրենք Ռոստոմի անձին ընդմէջէն «ղեկավար»-ի ըմբռնողութեան մասին, երբեք պէտք չէ մտածել, թէ այդ` յաւուր պատշաճի խօսք է կամ յարգանքի տուրք:
Գիտակցական եւ միաժամանակ երազական ու ձգտումնային մօտեցում է պարզապէս, ի տես ղեկավարման ձեւերու եւ «արուեստ»-ի այսօրուան ըմբռնումներուն, արդիականութեան տուրք տուող ցուցադրամոլականութեան, թեթեւ հարցերով հրապարակ գալու նկարածանուցողականութեան ու անհատակեդրոն` անձնական եւ հրահրուած հաւաքական օրքեսթրային տրամաբանութեան:
Ղեկավարի ռոստոմեան փորձի վերարտադրութիւնը այսօր կրնայ ժամանակավրէպ, անգործնական, անտրամաբանական ու նոյնիսկ անկարելի նկատուիլ, սակայն չի դադրիր երբեք ներկայանալէ իբրեւ յաջող կենսափորձ, օրինակելի տիպար ու դաստիարակիչ ելակէտ, միաժամանակ` զգօնութեան, լրջութեան ու լրջախոհութեան, ծանրութեան եւ առանց ամբոխային տրամաբանութեան տուրք տալու Գործը ղեկավարելու հրաւէր:
Ռոստոմ գործեց գետնի վրայ եւ ոչ գրասենեակներու մէջ ու գրասեղանի ետին: Ան միշտ գործի վրայ էր, անկախ գործի տեսակէն:
Արագ ակնարկ մը իր կարճ, բայց արդիւնաւէտ ու դրոշմ ձգող կեանքին, կու տայ փաստը, եւ ի՜նչ փաստ, թէ ինչպէ՛ս Ռոստոմ աշխատեցաւ ու հասաւ «ղեկավար»-ի պատուանդանին, մի՛շտ մնալով դաշնակցական Ռոստոմ:
Ռոստոմ ամէն տեղ էր ու ամէն գործի մէջ: Եւ ահա՛ օրինակներ` իր կենսագրութեան տարբեր էջերէն:
– Կազմած է երգեցիկ խումբեր եւ ուսուցած ժողովրդային, յեղափոխական երգեր: Դպրոցական օրերուն գործօն մասնակցութիւն բերած է ինքնազարգացման խումբերու:
– Ձերբակալուած է Վարշաւայի մէջ, երբ մասնակցած է բողոքի ուսանողական ցոյցերու: Աքսորուած է, Թիֆլիսի մէջ հաստատած տպարան:
– Մոսկուայի մէջ մասնակցած է հայեւռուս ուսանողական շարժումներու: Դարձեալ ձերբակալուած է:
– Մաս չէ կազմած ՀՅ Դաշնակցութեան առաջին Կեդրոնական վարչութեան, սակայն եղած է անոր աջ բազուկը: Կազմած է յեղափոխական խմբակներ, պատրաստած ու հրատարակած է թռուցիկներ, վարած է զինավարժութեան գործ, գործօն մասնակցութիւն բերած է ՀՅԴ Ծրագիրի պատրաստութեան` ՀՅԴ Ա. ընդհանուր ժողովին:
– Թաւրիզի մէջ եղած է ուսուցիչ, ապա մեկնած Ռումանիա եւ Ժընեւ, ստանձնած է «Դրօշակ»-ի հրատարակութիւնը` իբրեւ խմբագիր, գրաշար եւ նոյնիսկ ցրուիչ:
– Ազատուելով Ժընեւի «անշնչելի» մթնոլորտէն` 1895-ին կ՛անցնի Կարին, Երկիր, ուր կը դառնայ ազգային վարժարանի ուսուցիչ, միաժամանակ կը կազմէ ինքնապաշտպանութեան խումբեր: Աւելի ուշ, կը վարէ կուսակցական գործեր Թիֆլիսի մէջ:
– Կ՛անցնի Պուլկարիա, հիմը կը դնէ հայ-մակեդոնական յարաբերութիւններուն` իբրեւ գործադրութիւն Ընդհանուր ժողովի որոշումներուն: Հոն եւս կը հաստատէ դպրոց, որ կը վերածուի ազգային-յեղափոխական մտածողութեան հնոցի:
– 1903-ին Կովկաս է Ռոստոմ, կը ղեկավարէ եկեղեցական գոյքերու եւ կալուածներու գրաւման ցարական մոլեգնութեան դէմ ժողովրդային շարժումը եւ համազգային դիմադրութիւնը:
– Քրիստափորի նահատակութենէն ետք, 1904-ին, կը դառնայ ինքնապաշտպանութեան գործի ղեկավար: Ան «պայքարի ոգին եւ մղիչ ուժն էր` միշտ ստուերի մէջ»:
– 1907-ի ՀՅԴ Դ. Ընդհանուր ժողովին, ան այն բացառիկ հեղինակութիւնն էր ու բարոյական ուժը, որ յաջողեցաւ քանդել արուեստական պատերը, արեւելահայ ու արեւմտահայ հատուածներու միջեւ հետզհետէ խորացող խրամատը, ընկերվարութեան եւ ազգային գաղափարախօսութեան թիւրըմբռնումներու հետեւանք շեղումներն ու Դաշնակցութիւնը վերընձիւղել իբրեւ մէկ ու միասնական յեղափոխական կուսակցութիւն:
– Աւելի ուշ, Ռոստոմ դարձեալ Պուլկարիա է: Կը հիմնէ ՀՅԴ Զինուորական դպրոց, իր ճիգերով ՀՅԴ-ն կ՛ընդունուի իբրեւ Ընկերվար միջազգայնականի անդամ Շթութկարտի մէջ, ապա կը ստանձնէ Պարսկաստանի յեղափոխական կռիւներու ղեկավարութիւնը` Նիկոլ Դումանի եւ Քեռիի հետ:
– 1910, Կարին: Կը ստանձնէ ազգային վարժարաններու ընդհանուր տեսուչի պարտականութիւնը: Մինչեւ 1914, Կարնոյ մէջ իր ներկայութիւնը որակական հսկայական ներդրում կ՛ունենայ շրջանի կազմակերպական ազգային զարթօնքին մէջ:
– Ցեղասպանութեան օրերուն կը դառնայ մղիչ ուժը ազգային բիւրոյի, կամաւորական շարժման, գաղթականներուն օգնող կազմակերպութեանց: Կը շարունակէ իր անզուգական ներդրումը կատարել քաղաքական-յեղափոխական գործին մէջ, կը դառնայ Պաքուի հերոսամարտի ղեկավար:
Իր գրիչին կը պատկանի` «Կայ այբուբեն նա՛եւ հասարակական խնդիրների շրջանում»:
Ու իր գրիչին հետեւողութեամբ կարելի է արձանագրել` կայ ղեկավարի տիպարի ռոստոմեան այբուբեն:
Համեստ, խոնարհ, անսեթեւեթ, սակաւապէտ, ընկերասէր:
Ներկա՛յ հոն, ուր իր գործին կարիքը կայ:
Մեծ ու փոքր գործերու միջեւ տարբերութիւն չդնող Ռոստոմի ղեկավարի ըմբռնողութիւնն է այդ:
Դաստիարակութիւն ստացող, ուսուցիչ, խմբավար, խմբագիր ու գրաշար, իր մտքերը արտայայտող դասախօս, մարտական գործիչ, զինուորական հարցերու պատասխանատու, ուսանողական շարժումի թէ ինքնապաշտպանութեան ղեկավար, բանտարկեալ, աքսորեալ, բայց ազատ մարդ, Բիւրոյի անդամ, անդուլ աշխատող, դիւանագէտ եւ այլ դատերու պաշտպան, միաժամանակ բոլոր գաղափարախօսութիւնները հայ ժողովուրդի դատին ու հայ ժողովուրդի բարօրութեան ի սպաս դնող համադրողական ուղեղ, գործն ու գաղափարը միացնող, ստուերը պաշտող, բայց իր ընկերներուն եւ ժողովուրդին համար ամէն ինչ զոհող ղեկավարն է Ռոստոմ:
Ռոստոմ «ղեկավար»-ի այսուբենը կրնայ դժուար ընթերցուիլ այսօր:
Բայց Ռոստոմ ողջ է` իր այդ այբուբենին արժէքով ու ժառանգով: