ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
«Ջանալ փոխադարձ հասկացողութիւն եւ առնուազն քարոզչական գետնի վրայ իրերօգնութեան կապեր հաստատել այլ ազգային-ազատագրական եւ յեղափոխական շարժումներու հետ»:
(Հատուած` ՀՅԴ 22-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումներէն)
Ռոստոմը իր ուսանողական տարիքէն իսկ աշխուժ մասնակիցը եղած է ռուսական գիւղացիական-ընկերվարական նարոդնիկական շարժման: Ան ռուսական ցարական կայսրութեան մէջ ապրող հպատակ բոլոր ազգերու ներկայացուցիչներուն հետ, կողք-կողքի, բողոքի դրօշը պարզած էր ընդդէմ ցարական բռնատիրական, ամբողջատիրական, բացարձակ միապետական եւ աւատապետական համակարգին:
Իր ուսման տարիներէն իսկ Ռոստոմ քաջատեղեակ էր, որ ցարական իշխանութեանց հպատակութեան տակ ապրող ազգերը, Կովկասէն մինչեւ Սիպերիա, Ղազուինէն մինչեւ հիւսիսային բեւեռ, կ՛ապրէին միեւնոյն դժգոհութիւնները. անոնց առօրեայ կեանքը պսակուած էր` թշուառութեամբ, տանջանքով ու զրկանքով:
Ցարական բռնատիրական, ամբողջատիրական, բացարձակ միապետական եւ աւատապետական համակարգը չէր ճանչնար աշխարհագրական որեւէ սահման, անիկա իր դաժան, անքաղաքակիրթ ու յետամնաց քաղաքականութիւնները կը պարտադրէր հոն, ուր տարածուած էր իր իշխանութիւնը:
19-րդ դարու ժամանակաշրջանին Ռուսիան (ներառելով աշխարհագրական այն բոլոր տարածքները, որոնք կը գտնուէին ցարական աշխարհակալութեան լուծին տակ) տակաւինչէր դարձած զուտ ճարտարարուեստական պետութիւն:
19-րդ դարու ժամանակաշրջանին, իբրեւ գիւղացիական հասարակութիւն, ցարական Ռուսիոյ պետութիւնը, իր թագաւորական ընտանիքին գլխաւորութեամբ, կը կիրարկէր սակաւապետական քաղաքականութիւն: Գիւղացիները օրն ի բուն կը շահագործուէին հողատէրերուն կողմէ: Գիւղացիութիւնը զրկուած էր կեանքի բոլոր տարրական պայմաններէն, բարօր կեանք մը կ՛ապրէին միայն հողատէրերը` ի վնաս ճորտացուած ու շահագործուած գիւղացիութեան:
Գիւղացիութիւնը տիւ եւ գիշեր աշխատելով, արիւն-քրտինք թափելով` իր թափած քրտինքին դիմաց չէր ստանար նուազագոյն վարձատրութիւնն իսկ: Ան չունէր ձրի ուսման կամ բուժման կարելիութիւն: Ան չունէր քուէարկելու իրաւունք: Զուրկ էր մամուլին մէջ ազատօրէն արտայայտուելէ: Իսկ եթէ ընդդիմանար, յստակ էր, թէ ի՛նչ կը սպասէր իրեն.աքսոր, ցմահ բանտարկութիւն կամ գնդակահարութիւն:
Դիմադրելու համար սակաւապետութենէն ծնած ընկերային-տնտեսական անարդար կացութեան` Ռուսիոյ մէջ ծնունդ կ՛առնէ նարոդնիկական շարժումը: Շարժում մը, որ նպատակ ունէր փոքրամասնութեան կողմէ սեփականացուած հողերը վերածել հանրային սեփականութեան` յօգուտ ամբողջ գիւղացիութեան:
Տարբեր չէր կացութիւնը միւս բացարձակ միապետական վարչակարգերու տիրապետութեանց տակ գտնուող գիւղացիութեան մօտ ալ: Սակաւապետութիւնը համատարած էր միաժամանակ բոլոր բացարձակ միապետական կարգերուն մէջ: Ուր բռնակալութիւն կար, հոն կար սակաւապետութիւն: Օսմանեան կայսրութեան կամ պարսկական թագաւորութեան տիրապետութիւններուն տակ ապրող հայ գիւղացին կ՛ենթարկուէր նոյն տանջանքին ու զրկանքին, որոնց կ՛ենթարկուէր ցարական Ռուսիոյ հայ գիւղացին` սակաւապետութեան պատճառով:
19-րդ դարու վերջաւորութեան Ռուսիան կը սկսի կամաց-կամաց մուտք գործել ճարտարարուեստական աշխարհ: Ճարտարարուեստականութիւնը իր կարգին ուրիշ անարդարութիւն մը մէջտեղ բերաւ` դրամատիրութիւնը: Գիւղացիութեան հոծ բազմութիւնը գիւղերէն ուղղուեցաւ դէպի քաղաք` գործարաններուն մէջ բանուոր դառնալով:
Ինչպէս որ գիւղացիները հողատէրերուն կողմէ կ՛ենթարկուէին շահագործումի, բանուորներն ալ նոյն շահագործման սկսան ենթարկուիլ սեփականատէրերուն կողմէ:
Ռոստոմը, ապրելով սակաւապետութեան դաժան կեանքը, մաս կը կազմէ նարոդնիկական շարժման: Այսպիսով, ան կը զինուորագրուի եւ կը դառնայ գիւղացիութեան ու բանուորութեան քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ազատագրութեան դատին զինուորը:
Դաւանելով ընկերվարութեան վեհ գաղափարախօսութիւնը` Ռոստոմը կը կազմէ իր գաղափարաբանական ուղեգիծը, որ կը դառնայ նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քաղաքական-յեղափոխական միջազգային ուղղութիւնը` նպատակ ունենալով հայ ժողովուրդը դարձնել դաշնակից բոլոր իրաւազուրկ ժողովուրդներու ազատագրական պայքարներուն եւ` հակառակը:
Ռոստոմը մկրտուելով ընկերվարութեան մկրտարանին մէջ` քաջ գիտակից էր եւ կը հաւատար, որ բոլոր աշխարհակալ տիրապետութեանց տակ գտնուող ժողովուրդները կը բաժնեն նոյն մութ ճակատագիրը եւ պէտք է մղեն ազատագրական պայքար, ուր քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մարզերը բոլորը մէկը միւսին լրացուցիչը կ՛ըլլան, ինչպէս նաեւ բոլոր իրաւազրկուած ժողովուրդները դաշնակից ըլլալով մէկը միւսին` կրնան իրենց ազատագրական պայքարները առջեւ տանիլ: Յիշեալ համոզումները Ռոստոմը տեսականէն վերածեց գործնականի` հետեւեալ օրինակներուն ընդմէջէն.
Ա.- Մակեդոնական շարժում. Ռոստոմն ու Քրիստափոր Միքայէլեանը եղան կազմակերպիչ դէմքերը, որոնք դաշինք կնքեցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Ներքին մակեդոնական յեղափոխական կազմակերպութեան (Մակեդոնական ազգային-ազատագրական պայքարի գլխաւոր յեղափոխական կառոյցը) միջեւ:
Ներքին մակեդոնական յեղափոխական կազմակերպութիւնը հիմնուած էր 1893-ին, Սալոնիկի մէջ եւ կը հետապնդէր Մակեդոնիոյ ինքնավար կարգավիճակը` օսմանեան պետութեան մէջ: ՀՅԴ-ն եւ Ներքին մակեդոնական յեղափոխական կազմակերպութիւնը նոյն քաղաքական նպատակները հետապնդելով (վարչական ինքնավարութիւն)` նոյն համակարգին դէմ պայքարած են. Ռոստոմը իր Պուլկարիա գտնուելու ժամանակաշրջանի մեծ գործ կը տանի հայ-մակեդոնական համերաշխութեան ուղղութեամբ: Հայ-մակեդոնական յարաբերութիւնները սերտացան մանաւանդ 1898-էն ետք, Ֆիլիպէի մէջ, Պուլկարիա, ուր Ռոստոմ (իբրեւ տեղւոյն հայկական վարժարանի տնօրէն եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Պալքանեան մարմիններու ընդհանուր պատասխանատու) յատուկ աշխատանք կը տանէր:
Վահան Մազմանեանի ըսածին պէս` «Մակեդոնահայ եղբայրութիւնը արիւնով նուիրագործուած էր»:
Հայ-մակեդոնական յարաբերութիւնը հիմնուած էր փոխադարձ շահերու վրայ: Մակեդոնացի յեղափոխական Պորիս Սարաֆովի աջակցութեամբ, Դաշնակցութիւնը կը յաջողէր զինուորական իր դպրոցը հիմնել թրքական սահմանին մօտ, այդ դպրոցը կ՛ունենայ միայն մէկ տարուան կեանք (1906-1907): Զինուորական դպրոցին շնորհիւ` Պետոյի (Պետրոս Սերեմճեան) եւ իր հայ ու մակեդոնացի յեղափոխականներու կազմակերպած միացեալ յարձակումը տեղի ունեցաւ Էտիրնէի (Ատրիանապոլիս) նահանգապետին վրայ` ազատել կարենալու համար Էտիրնէի բանտին մէջ գտնուող հայ եւ մակեդոնացի բանտարկեալ յեղափոխականները: Վահան Մազմանեան կը յիշէ, որ ՀՅԴ-ն միշտ վայելեց պուլկարական կառավարութեան ուղղակի կամ անուղղակի, իսկ պուլկարացի ժողովուրդի բացարձակ բարոյական օժանդակութիւնն ու համակրանքը:
Կը բաւէ յիշել, որ Ելտըզի մահափորձի փորձերը տեղի կ՛ունենային Պուլկարիոյ Վիտոշ լերան լանջին, իսկ ՀՅԴ 3-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ:
«Մակեդոնիա իմ եղբայրս
Իմ խաչովս պսակուեց.
Եղբայրական սիրոյ զէնքով
Գազան սուլթանխորտակուեց»
(Բառեր` Պետրոս Սերեմճեանի յիշատակին նուիրուած երգէն: 1901 դեկտեմբերին Պետոն եւ մակեդոնացի յեղափոխական Մերճանոֆ մակեդոնական շարժման իրենց բերած մասնակցութեան պատճառով միասին կախաղան բարձրացան Էտիրնէի հրապարակը):
Բ.- Պարսկական սահմանադրական շարժում. Ինչպէս վերը նշած էինք, չկայ տարբերութիւն բացարձակ միապետական համակարգերու միջեւ, ուր որ ալ գտնուին այդ համակարգերը. անոնք կը խեղդեն ժողովուրդի խօսքի եւ հաւաքի ազատութիւնները, իսկ արդէն եթէ անոնք պսակուած են սակաւապետութեամբ, ապա ընկերային-տնտեսական կաշկանդումներ տեղի պիտի ունենան:
Պարսկաստանի մէջ բացարձակ միապետական եւ սակաւապետական համակարգը ինչպէս որ դժգոհութիւն պատճառած էր պարսիկ ժողովուրդին, նոյնպէս դժգոհութիւն պատճառած էր այդտեղ ապրող հայ բնակչութեան:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, Ռոստոմի գլխաւորութեամբ, իր ազդեցիկ մասնակցութիւնը կը բերէ պարսկական սահմանադրական շարժման եւ Պարսկաստան կ՛ուղարկէ իր յեղափոխական փայլուն դէմքերէն Քեռին, Նիկոլ Դումանը, Դաշնակցական Խեչոն եւ ուրիշներ` թիկունք կանգնելու Պարսկաստանի ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան վեհ դատին:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ պարսիկ յեղափոխականներուն միջեւ կապը հաստատող պարագլուխը եղաւ Ռոստոմը. ան 1907-ի դեկտեմբերի վերջերուն արդէն մեկնած էր Պարսկաստան` կապ հաստատելու համար պարսիկ սահմանադրականներուն հետ: Հայ-պարսկական յարաբերութիւնը եւս հիմնուած էր փոխադարձ շահերու վրայ: Պարսիկ յեղափոխականները խոստացան ապահովել Պարսկաստանի մէջ ապրող հայութեան ազգային եւ մշակութային իրաւունքները, հիւրընկալել հայ փախստականները եւ անոնց մշակելու հող ապահովել ու դիւրացնել զէնքի փոխադրութիւնը արտասահմանէն Պարսկաստան, իսկ Դաշնակցութիւնը խոստացաւ պարսկական հարցը բարձրացնել միջազգային ատեաններու վրայ եւ փորձառու ֆետայիներ ուղարկել Պարսկաստան` օժանդակելու համար յեղափոխութեան մարտական գործունէութեան: Միքայէլ Վարանդեանի վկայութեամբ, ժողովներու ընթացքին երկուստեք կը գերիշխէր ջերմ, բարեկամական տրամադրութիւն:
Առաւել եւս, Ռոստոմը իր մեծագոյն դերակատարութիւնը ունեցած էր Թաւրիզի 1908-1909 յեղափոխական խմորումներուն մէջ: Յեղափոխութեան ամէնէն դաժան օրերուն էր, երբ հակայեղափոխական միապետականները պաշարած էին Թաւրիզ քաղաքը, եւ ժողովուրդին մէջ յուսահատութիւն կը տիրէր, սակայն Ռոստոմի կամքը յաջողեցաւ յաղթահարել յուսահատութիւնը եւ իր խոհեմ ղեկավարութեամբ առաջնորդեց շրջանի յեղափոխականները` վերացնելու հակայեղափոխական միապետականներու պաշարումը Թաւրիզէն:
«Դարձուց աչքերը` Արեւի երկիր,
Տեսաւ Պարսկաստանն անբախտ, վշտակիր,
Պարսիկ քաղաքներ մշուշով պատած,
Իրանի զաւակ թափէր արցունք, լաց»
(Պարսկական սահմանադրական շարժման գլխաւոր դէմքերէն Եփրեմ խանին նուիրուած երգի բառերէն. Եփրեմ խանը կը նահատակուի 20 մայիս 1912-ին` սահմանադրական յեղափոխականներու եւ միապետական հակայեղափոխականներու միջեւ կռիւի մը ընթացքին, արժանանալով սահմանադրական շարժման անվիճելի հրամանատարի եւ Իրանի ազգային հերոսի կոչումին):
Գ.- Ռուսական աշխատաւորական շարժում. Ինչպէս վերը տեսանք, Ռոստոմ իր երիտասարդական-ուսանողական տարիներուն աշխուժ մասնակիցը եղած էր նարոդնիկական շարժման եւ նոյն գիւղացիական-ընկերվարական նարոդնիկական գաղափարները խառնելով մարքսականութեան հետ` հիմը դրաւ ՀՅ Դաշնակցութեան ընկերվարութեան:
Մինչ այդ, ռուսական աշխատաւորական եւ ընկերվարական շարժման վերելքի ժամանակաշրջանին Ռոստոմը գործի վրայ էր Մակեդոնիոյ ազգային-ազատագրական շարժման եւ Պարսկաստանի սահմանադրական յեղափոխութեան մէջ, բայց անոր տեսական-գաղափարաբանական գրութիւնները մեծ դեր ունեցան ՀՅ Դաշնակցութիւնը մղելու աշխատաւոր դասակարգի կազմակերպման եւ անոր առաջնորդութեան ուղղութեամբ:
Ռոստոմի կենդանի դերակատարութիւնը ռուսական աշխատաւորական շարժման մէջ ի յայտ կու գայ 1917-ի Փետրուարեան յեղափոխութեան, երբ ան կը նետուի դարձեալ յեղափոխութեան հրապարակ` կազմակերպելու աշխատաւոր դասակարգը` Սեւծովեան ափերէն անցնելով Կովկաս, մինչեւ Ղազուինի մէջ գտնուող հայահոծ շրջանները:
Յեղափոխութիւնը նաեւ առիթ կը դառնայ ամրապնդելու կապերը ՀՅԴ-ի եւ ռուսական քաղաքական կեանքին մէջ գործող ընկերվարական կուսակցութիւններու միջեւ: Այս աշխատանքին մէջ նոյնպէս Ռոստոմը մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենայ:
1917-ի ռուսական Սահմանադիր ժողովի ընտրութիւններուն ընթացքին Ռոստոմը նաեւ գրաւեց ՀՅԴ-ի ցուցակին առաջին թիւը:
1917-ի հոկտեմբերին դարձեալ նոր յեղափոխութիւն մը կը պայթի Ռուսիոյ մէջ, եւ Ռոստոմը դարձեալ նոր գործ մը կ՛ունենայ, յեղափոխական պայքարի նոր հրապարակ մը կը նետուի:
1917-ի յեղափոխութեան տաք օրերուն Ռոստոմը կը գտնուէր ճարտարարուեստական եւ քարիւղով հարուստ Պաքու քաղաքը, որ դարձած էր աշխատաւոր դասակարգի յեղափոխական կեդրոն: 13 ապրիլ 1918-ին Պաքուի մէջ գործող բոլոր ընկերվարական կուսակցութիւնները (ներառեալ` ՀՅԴ-ն) հիմը կը դնեն Պաքուի կոմունային: Այդտեղ ան կ՛ըլլայ կազմակերպիչ, դասախօս կամ աւելի ճիշդ` Դաշնակցութեան կենդանի գործը, որ կը միտէր յաջողցնել յեղափոխութեան ընկերային եւ տնտեսական ազատագրութեան նպատակները,հակառակ անոր որ Պաքու պաշարման մէջ էր ազգայնական Մուսաւաթ կուսակցութեան եւ օսմանական բանակին կողմէ: Երբ պոլշեւիկները, որոնք կոմունայի գլխաւոր կերտիչներն էին, ի զօրու չեն ըլլար պաշպանել զայն եւ կը սկսին իրենց ձախողութիւններուն պատճառները վերագրել ընկերվարական միւս կուսակցութիւններուն, ՀՅԴ-ն 26 յուլիս 1918-ին, համագործակցելով ընկերվար-յեղափոխականներու եւ մենշեւիկներու հետ, կը տապալէ կոմունան եւ կը հիմնէ «Կենտրոնական կասպիական դիկտատուրա»-ն, որ կը ստանձնէ Պաքուի կառավարման դերը` մինչեւ Պաքուի գրաւումը ազրպէյճանական բանակին կողմէ:
Որովհետեւ ՀՅ Դաշնակցութեան ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը հիմնուած էր թէ՛ մարքսականութեան վերատեսութեան եւ թէ՛ նարոդնիկականութեան վրայ ու ան իր միջազգայնական ուղեգիծով կը հետեւէր Բ. Միջազգայնականին (ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու միջազգային կազմակերպութիւն, որ Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք դարձաւ վերատեսականները համախմբող կառոյց: Վերջիններս մերժեցին յեղափոխութեան միջոցով ընկերվարութեան կիրարկումը եւ նախընտրեցին խորհրդարանական ժողովրդավարական միջոցով իրականացնել ընկերային բարեկարգումներ` հասնելու համար ընկերվարութեան), ռուսական յեղափոխական դաշտին մէջ կ՛ըլլայ դաշնակիցը ընկերվար-յեղափոխականներուն եւ մենշեւիկներուն: Ուղղութիւն մը, որուն դրսեւորման մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի Ռոստոմը:
«Ձեռք տանք միւս յեղափոխական եւ ընկերվարական կուսակցութիւններուն եւ առաջ գնանք: Եւ յոտնկայս յարգենք յիշատակը այն մարտիկներուն, որոնք ընկան Ռուսաստանի ընդհանուր ազատութեան համար»
(Հատուած`ապրիլ 1917-ին ՀՅԴ Ռայոնական ժողովին Ռոստոմի ճառէն)
Ռոստոմը վերեւ յիշուած երեք օրինակներէն մեկնելով` հիմը դրաւ ՀՅԴ-ի միջազգայնական համերաշխութեան արեւելումին, որ հիմնուած էր ՀՅ Դաշնակցութեան ժողովրդավարական եւ ընկերվարական գաղափարաբանութեան վրայ ու հիմնուած էր ազգային, ընկերային եւ տնտեսական ազատագրական պայքարներուն վրայ, որոնց մէջ մեծ փորձառութիւն ունեցաւ ՀՅԴ-ն:
Եթէ համառօտ ակնարկ մը նետենք Ռոստոմի մահէն ետք ՀՅ Դաշնակցութեան միջազգային համերաշխութեան վրայ հիմնուած գործունէութեան վրայ, պիտի տեսնենք նոյն թափով կատարուած աշխատանքներ զանազան ուղղութիւններու վրայ` ՀՅԴ-ի մասնակցութիւնը քրտական Արարատեան (Հոյպուն) ապստամբութեան (1927), ՀՅԴ-ի եւ Խորհրդային Միութենէն աքսորուած քաղաքական ուժերու միջեւ համագործակցութիւնը` յանուն վերանկախացման եւ ժողովրդավարութեան վերահաստատման, պաղեստինեան, կիպրական, ասորական դատերուն զօրակցութիւններ, առաւել եւս այլ դատերու զօրակցութիւններ` դաշնակցական մամուլի հրապարակումներուն միջոցով:
Ինչ կը վերաբերի ներկային եւ հաշուի առնելով հայութեան դիմագրուած հետեւեալ մարտահրաւէրները.
. Արցախեան շարժումը տակաւին անաւարտ է: Արցախեան շարժումին սկզբնաւորութենէն աւելի քան 30 տարի ետք, տակաւին միջազգային ընտանիքը չէ ճանչցած ԱրցախիՀանրապետութեան անկախութիւնը:
. Հայոց ցեղասպանութենէն անցած է աւելի քան 100 տարի, տակաւին կը շարունակուի ցեղասպանութեան եզրը գործածուիլ մեծապետական պետութիւններու կողմէ, եւ տակաւին Թուրքիա չէ ճանչցած Ցեղասպանութիւնը, իսկ Հայ դատը իր արդար լուծումին չի հասած (ճանաչում, դատապարտում եւ հատուցում):
. Հայաստանի ներկայ կառավարութեան կողմէ նոր-ազատական քաղաքականութիւններու գործադրումը, ինչպէս` հարկային համահարթեցման եւ պարտադիր կուտակայինի որդեգրումը, որոնք հասարակութեան մէջ կ՛ընդլայնեն ընկերային անհաւասարութիւնը: Առաւել եւս, խստամբերական քաղաքականութիւններու նմանօրինակ որդեգրում` «կրճատման» անուան տակ, որ կը միտի նուազեցնել պետական ծախսը, հետեւաբար` կրճատել պետական մարզին մէջ աշխատողներուն թիւը:
. Հայաստանի ժողովրդավարացման մարտահրաւէրները, ինչպէս` օլիկարխիայի ներկայութիւնը երկրի հասարակական կեանքին մէջ,սեռային անհաւասարութեան դրսեւորումները եւ քաղաքական բեւեռացումը` սեւ-ճերմակի, ազգային-ապազգայինի եւ յեղափոխական ու հակայեղափոխականի միջեւ:
. Հանքագործութեան ընկերութեանց կողմէ հայաստանեան հողի ոսկիի հանքարդիւնաբերութեան վերացում, որ աղէտալի երեւոյթ կրնայ դառնալ հայրենի բնութեան համար, մինչ իշխանութիւնները լռութիւն կը պահեն յիշեալ նիւթին գծով:
Իսկ միւս կողմէ միջազգայնօրէն հաշուի առնելով հետեւեալ կէտերը`
. Ազգային-ազատագրական պայքարներու ճնշում` մեծապետական ու ծաւալապաշտական պետութիւններու կողմէ, ինչպէս որ տեղի ունեցաւ Քաթալոնիոյ անկախութեան հանրաքուէին ընթացքին, կամ ինչպէս որ այս օրերուն տեղի կ՛ունենայ Սուրիոյ մէջ` Թուրքիոյ ռազմական յարձակումով ճնշելու համար քրտական ինքնավարութիւնը:
. Պահպանողական եւ ազատական կառավարութիւններու վարած նոր-ազատական քաղաքականութիւնները, որոնք պատճառ կը դառնան` ընկերային անհաւասարութեան կրկնապատկումին, աղքատութեան համեմատութեան աճին եւ անգործութեան շարունակման, իսկ միւս կողմէ ցած հարկեր կը պարտադրեն մեծահարուստներուն, շռայլ կարելիութիւններ կ՛ապահովեն դրամատուներուն եւ հարկային փախուստի պատուհաններ կը բանան:
. Ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու դէմ աջակողմեան ամբոխավար հոսանքներու վերելք, որոնք կը սպառնան կիներու, գաղթականներու եւ կրօնական ու ցեղային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն:
. Կլիմայական փոփոխութիւն, որ կ՛ընդգրկէ` երկրագունդի երկու բեւեռներու (հիւսիսային եւ հարաւային) սառոյցներուն հալիլը, կենսոլորտի ապականումը, անապատացումը եւ ջերմացումը:
Նկատի առնելով նաեւ, որ թէ՛ մեր հայկական միջավայրին մէջ եւ թէ՛ միջազգայնօրէն առկայ հարցերը կը համընկնին, հետեւաբար անհրաժեշտութիւնը կը ծագի համագործակցելու եւ ռոստոմեան շունչով համերաշխ ըլլալու այլոց հետ` յանուն փոխադարձ շահի:
Համերաշխ գործակցութիւնը կրնայ ըլլալ հետեւեալ կէտերուն շուրջ.
. Խորհրդաժողովներ եւ փոխադարձ յարաբերութիւններու զօրացում` ՀՅԴ-ի եւ քաթալանական, սկովտիական, քրտական եւ պաղեստինեան ձախակողմեան կուսակցութիւններու միջեւ, որպէսզի ուսումնասիրուի, թէ ինչպէ՛ս 21-րդ դարուն կը մղուի ազգային-ազատագրական պայքարը եւ ինչպէ՛ս ուրիշ ձախ-ազգային կուսակցութիւնները կը յաջողին հաշտեցնել ազգային-քաղաքական պահանջները` ընկերային եւ տնտեսական պահանջներուն հետ:Կազմել իրաւազրկուած ժողովուրդներու ճակատ եւ միացեալ կէտերու շուրջ զօրավիգ կանգնիլ անոնց պայքարներուն:
. «Հրայր Մարուխեան հիմնադրամ»-ը` իբրեւ ՀՅԴ-ի կառոյցներէն մէկը, կազմակերպէ խորհրդաժողովներ` ընկերվար-ժողովրդավարներու պատկանող հիմնադրամներու, առաւել եւս ընկերային արդարութիւն, յառաջատար հարկ եւ աշխատաւորներու իրաւունք հետապնդող հիմնարկներու հետ` ուսումնասիրելու համար գետնի վրայ որդեգրուող քաղաքականութիւնները մանաւանդ այն պետութիւններուն մէջ, որոնք յաղթահարեցին ֆինանսական եւ տնտեսական ճգնաժամերը:
. Իբրեւ Ընկերվար միջազգայնականի կիներու կազմակերպութեան անդամ` ՀՅԴ-ն պէտք է առիթը օգտագործէ յիշեալ միջազգային կազմակերպութեան անդամակցող ընկերվարական կնոջական հատուածներուն հետ համագործակցելու` ամրապնդելու եւ ընդլայնելու կիներու իրաւունքները հայկական ընկերութեան մէջ: Առաւել, մարդու իրաւունքներ պաշտպանող ոչկառավարական կազմակերպութիւններու հետ պէտք է համագործակցիլ` ընկերութեան մէջ ամէն տեսակի խտրութեանց դէմ կանգնելու նպատակով:
. Համագործակցիլ ոչկառավարական կազմակերպութիւններուն հետ` դիմագրաւելու կլիմայական փոփոխութիւն յառաջացնող ընկերութիւններուն փորձերը:
Արժեւորելու համար Ռոստոմը եւ շարունակելու իր միջազգային համերաշխութեան վեհ իտէալը, պէտք է դարձեալ վերականգնել միջազգային համերաշխութեան գաղափարը ՀՅԴաշնակցութեան մէջ (նկատի ունենալով նաեւ, որ ՀՅԴ-ն անդամակցած է Ընկերվար միջազգայնականին եւ Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան)` հետեւեալ մէջ բերումներուն հիման վրայ վերաիմաստաւորելով Դաշնակցութեան ազգային եւ ընկերվարական ուղեգիծը.
Ա.- «Ընկերվարութիւնը կը հաւաքէ իր դրօշակի տակ ամբողջ տառապող մարդկութիւնը` կռուելու համար միջազգայնօրէն կազմակերպուած շահագործման ու բռնակալութեան դէմ: Ան կը հարթէ ճանապարհը դէպի անհատի եւ հասարակական միութիւններու ազատ, բազմակողմանի եւ ներդաշնակ զարգացումը. ան հրապարակ կը հանէ այն բոլոր դրական ուժերը, որոնք թաքնուած կը մնան այլ եւ այլ ձեւերով արտայայտուող ճնշումներու տակ: Ան կը խորտակէ այն բոլոր անջրպետները, որոնք կը շերտաւորեն ժամանակակից հասարակութիւնը` բաժնելով զայն հպատակ ու հակամարտ, թշնամացած դասակարգերու: Ան վերջ կը դնէ շահագործման բոլոր յայտնի ձեւերուն. Կը միացնէ բոլոր ժողովուրդները հոյակապ դաշնակցութեան մը մէջ` խաղաղ աշխատակցութեան հողի վրայ. ան կ՛առաջնորդէ դէպի իսկական թագաւորութիւն «ազատութեան, արդարութեան եւ եղբայրութեան» (ՀՅԴ-ի 1907 ծրագիրէն):
Բ.- «Կեղեքման, շահագործման եւ իրաւազրկման դէմ պայքարը կ՛ենթադրէ քաղաքական ու տնտեսական ազատութեան ձգտումը: Թէ՛ ներքին-տեղական, թէ՛ արտաքին-միջազգային ճակատներու վրայ: Այս երկու ճակատներու գոյութեան գիտակցութիւնն ու համագործակցութիւնն են, որ կրնան ապահովել անհատի, ընկերութեան եւ մարդկութեան ազատագրութիւնն ու բարօրութիւնը: Այս միացեալ պայքարը կ՛արտայայտուի թէ՛ ազգային-ազատագրական եւ թէ՛ ընկերվարական շարժումներու զուգահեռ զարգացումով»: (ՀՅԴ-ի1978 ծրագիրէն):
Գ.- «Սերտացնել կապերը մասնաւորաբար ընկերվարական կուսակցութեանց եւ կառավարութիւններուն հետ` հայ ազգի իրաւունքներուն մասին զանոնք միշտ լուսաբանելու եւ նպաստաւոր տրամադրութիւններ ստեղծելու համար անոնց մէջ` Հայ դատի նկատմամբ»: (ՀՅԴ 22-րդ ընդհանուր ժողովի որոշումներէն):