Միջազգային

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Ընդունած Է Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Եռափուլ Բանաձեւ Մը

Ապահովութեան Խորհուրդը Դատապարտեց Սուրիոյ Ծովեզերեայ Շրջաններու Մէջ Բռնարարքները Եւ Իշխանութիւններուն Կոչ Ուղղեց` Բոլոր Սուրիացիները Պաշտպանելու

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը համաձայնութիւն գոյացուց հաղորդագրութեան մը շուրջ, որ «կը դատապարտէ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ լայնածաւալ բռնարարքները, եւ Դամասկոսի մէջ փոխանցման իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` պաշտպանելու բոլոր սուրիացիները` անկախ անոնց ազգային ծագումէն կամ կրօնական պատկանելիութենէն»: Դիւանագէտներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են. «Հաղորդագրութիւնը, որուն շուրջ հինգշաբթի օր միաձայնութեամբ համաձայնութիւն գոյացաւ, պաշտօնապէս պիտի որդեգրուի ուրբաթ օր»:  

Ուոլց. «Միացեալ Նահանգները Զգուշաւոր  Լաւատեսութեամբ Տրամադրուած Են  Ռուսիա-Ուքրանիա Հաւանական Գործարքին»

Ուոլց. «Միացեալ Նահանգները Զգուշաւոր Լաւատեսութեամբ Տրամադրուած Են Ռուսիա-Ուքրանիա Հաւանական Գործարքին»

Միացեալ Նահանգներ կը հասկնան, թէ Ռուսիան եւ Ուքրանիան պիտի ունենան իրենց պահանջները տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայք Ուոլց: Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, թէ Ուաշինկթըն «զգուշաւոր լաւատեսութեամբ» տրամադրուած է Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ համաձայնութեան հասնելու կարելիութեան հարցին մէջ: «Մենք զգուշաւոր լաւատեսութիւն կը ցուցաբերենք: Դուք տեսաք, թէ ուքրանացիները ինչպէ՛ս Ձուաձեւ...

Թրամփ. «Եթէ Փութին Չստորագրէ 30-Օրեայ  Զինադադարի Համաձայնագիրը, Միացեալ Նահանգները  Կրնան Ելեւմտապէս Վատ Բաներ Ընել Ռուսիոյ»

Թրամփ. «Եթէ Փութին Չստորագրէ 30-Օրեայ Զինադադարի Համաձայնագիրը, Միացեալ Նահանգները Կրնան Ելեւմտապէս Վատ Բաներ Ընել Ռուսիոյ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ըսած է, որ կրնայ ելեւմտապէս թիրախաւորել Ռուսիան, եթէ վերջինս չհամաձայնի Ուքրանիոյ հետ պատերազմին մէջ 30-օրեայ զինադադարին: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն»-ը` մանրամասնելով, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին նախքան այդ Թրամփին կոչ ուղղած էր կարծր քայլեր ձեռնարկելու, եթէ Մոսկուան չաջակցի Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւններու հանդիպման ժամանակ 30-օրեայ զինադադարի հաստատման շուրջ գոյացած...

Լաթաքիոյ Մէջ Զօրանոցի Մը Վրայ Յարձակում Մը  Ձախողութեան Մատնուած Է

Լաթաքիոյ Մէջ Զօրանոցի Մը Վրայ Յարձակում Մը Ձախողութեան Մատնուած Է

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւր մը Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի հետեւորդ տարրերու կողմէ Լաթաքիոյ մէջ զօրանոցի մը վրայ յարձակում մը ձախողութեան մատնուեցաւ, եւ յարձակումի 4 մասնակիցներ ձերբակալուեցան»:  

Գահիրէ. «Կը Գնահատենք Թրամփի` Կազայի  Բնակիչներուն Շրջանէն Հեռանալ Չպահանջելու  Վերաբերեալ Յայտարարութիւնները»

Գահիրէ. «Կը Գնահատենք Թրամփի` Կազայի Բնակիչներուն Շրջանէն Հեռանալ Չպահանջելու Վերաբերեալ Յայտարարութիւնները»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Եգիպտոս կը գնահատէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Կազայի բնակիչներուն շրջանէն հեռանալ չպահանջելու վերաբերեալ յայտարարութիւնները»: Թրամփ նախապէս առաջարկած էր ծրագիր մը, որ կը ներառէր պաղեստինցիներու տեղահանութիւն, եւ արաբական պետութիւնները այդ ծրագիրին հակադարձած էին որդեգրելով այլ ծրագիր մը, որ բնակիչներու տեղահանութիւն չի պահանջեր: Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց «կարեւորութիւնը Թրամփի` Կազայի վերաբերեալ այս դրական ուղղուածութեան վրայ...

Թրամփ. «Զելենսքին Սպիտակ Տուն Պիտի Հրաւիրեմ  Եւ Փութինի Հետ Խօսիմ. Յուսամ  Զինադադարին Կը Համաձայնի»

Թրամփ. «Զելենսքին Սպիտակ Տուն Պիտի Հրաւիրեմ Եւ Փութինի Հետ Խօսիմ. Յուսամ Զինադադարին Կը Համաձայնի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին դարձեալ Սպիտակ տուն պիտի հրաւիրեմ»` աւելցնելով. «Փութինի հետ հեռաձայնային կապ պիտի հաստատեմ, եւ յոյսով եմ, որ Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի հաստատման համաձայն կ՛ըլլայ»: Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ամերիկեան-ուքրանական բանակցութիւններէն եւ Ուքրանիոյ 30 օր տեւողութեամբ զինադադարի հաստատման համաձայն ըլլալէն ետք մաղթեց. «Ռուսերուն հետ այսօր կամ վաղը հանդիպում պիտի ունենանք»: «Կ՛ուզենք, որ աւարտի...

Քաց. «Իսրայէլեան Բանակը Կը Պատրաստուի  Անորոշ Թուականով Սուրիոյ Մէջ Մնալու»

Քաց. «Իսրայէլեան Բանակը Կը Պատրաստուի Անորոշ Թուականով Սուրիոյ Մէջ Մնալու»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց Հերմոն լեռ իր այցելութեան ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի անորոշ ժամանակով Սուրիոյ մէջ մնալու»: «Երբ Ժուլանին (Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ) ամէն առտու աչքերը բանայ, պիտի տեսնէ, որ իսրայէլեան բանակը Հերմոն լեռէն զինք կը դիտէ, եւ պիտի յիշէ, որ մենք հոս ենք», նշեց Քաց: «Պիտի պահենք Հերմոն լերան վրայ արգելակիչ գօտին եւ պիտի երաշխաւորենք, որ...

Էրտողան. «Թուրքիոյ Դէմ Կեղտոտ  Թակարդ Մը Կը Պատրաստուի»

Էրտողան. «Թուրքիոյ Դէմ Կեղտոտ Թակարդ Մը Կը Պատրաստուի»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի Անգարայի մէջ ժողովի ընթացքին յայտնեց. «Տարիներ առաջ թուրքերուն, քիւրտերուն, ալեւիներուն, սիւննիներուն եւ ուրիշներու միջեւ համայնքային, յարանուանական եւ ազգային սադրանքի հունտեր ցանեցին: Այսօր ոմանք կը փորձեն Սուրիոյ մէջ սադրանք հրահրել եւ չարամիտ ծրագիրներ մշակել սուրիացի ժողովուրդի զաւակներու պառակտման սադրանք յառաջացնելու համար»: «Կ՛անցնինք ժամանակաշրջանէ մը, ուր շրջանին մէջ եղբայրները իրարու...

Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան  Եւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի Տնօրէններու  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան Եւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի Տնօրէններու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքինը եւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճոն Ռեթքլիֆը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են եւ համաձայնած կանոնաւոր կապեր պահպանել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը: «11 մարտ 2025-ին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Նարիշքինի եւ Միացեալ Նահանգներու «Սի.Այ.Էյ.»-ի ղեկավար Ռեթքլիֆի միջեւ: Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ երկու հետախուզական...

Փաքիստանի Մէջ Ազատ Արձակուած Են Գնացքի  Պատանդ Վերցուած 400 Ճամբորդներէն 190-ը

Փաքիստանի Մէջ Ազատ Արձակուած Են Գնացքի Պատանդ Վերցուած 400 Ճամբորդներէն 190-ը

Փաքիստանի անվտանգութեան ուժերը հարաւարեւմտեան Պելուջիստան նահանգին մէջ ազատ արձակած են գնացքի 11 մարտին զինեալներու կողմէ պատանդ վերցուած 400 ճամբորդներէն 155-ը: Զանոնք պատանդ վերցուցած են Պելուջիստանի ազատագրման բանակ անջատողական խմբաւորման զինեալները: Մինչեւ հիմա Փաքիստանի անվտանգութեան ուժերը սպաննած են 30 զինեալներ: Փրկուած պատանդներէն մէկ քանին հիւանդանոց տեղափոխուած է: Զինեալները շուրջ 10 պատանդ սպաննած են: Զինեալներու յայտարարութեան մէջ, որ ԱՖՓ-ն կը մէջբերէ, կը...

Չինաստանը, Ռուսիան Եւ Իրանը Պիտի Բանակցին  Թեհրանի Հիւլէական Ծրագիրի Շուրջ

Չինաստանը, Ռուսիան Եւ Իրանը Պիտի Բանակցին Թեհրանի Հիւլէական Ծրագիրի Շուրջ

14 մարտին, Փեքինի մէջ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ: Այս մասին «Ռեկնում»-ի փոխանցումով, յայտնած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Նախարարութիւնը նշած է, որ խորհրդակցութիւններուն պիտի մասնակցին Չինաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մա Չժաոսուն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքովը եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպապատին: «Կողմերը միտքեր պիտի փոխանակեն Իրանի հիւլէական հիմնախնդիրին...

Սուրիոյ Քիւրտերը Համաձայնագիր Ստորագրեցին`  Դառնալով Սուրիոյ Նոր Իշխանութիւններու  Անվտանգութեան Ուժերու Մաս

Սուրիոյ Քիւրտերը Համաձայնագիր Ստորագրեցին` Դառնալով Սուրիոյ Նոր Իշխանութիւններու Անվտանգութեան Ուժերու Մաս

Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը համաձայնագիր ստորագրած են` միանալու Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն ենթակայ անվտանգութեան ուժերուն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի անցումային շրջանի գրասենեակը «Թելեկրամ»-ի վրայ: Համապատասխան փաստաթուղթը ստորագրուած է Շարհի եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մալզում Ապտիի հանդիպման ժամանակ: Ըստ համաձայնագիրին, որուն բովանդակութիւնը հրապարակած է Սուրիոյ ղեկավարի գրասենեակը, «բոլոր քաղաքային եւ...

Քալլաս. «Պատրաստ Ենք Սուրիոյ Դէմ  Պատժամիջոցները Վերահաստատելու,  Եթէ Որեւէ Վատթարացում Տեսնենք»

Քալլաս. «Պատրաստ Ենք Սուրիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Վերահաստատելու, Եթէ Որեւէ Վատթարացում Տեսնենք»

Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս յայտնեց. «Բուռն կերպով կը մերժենք Կազայի մէջ ժողովրդագրական կամ շրջանային որեւէ փոփոխութիւն կատարելու որեւէ փորձ»: Ան ողջունեց Կազայի վերաշինութեան արաբական ծրագիրը, որ նաեւ որդեգրուեցաւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան կողմէ` նշելով, որ անիկա լուրջ է, «եւ այս գաղափարները պիտի քննարկենք մեր արաբ գործընկերներուն հետ»: «Կը զօրակցինք ապագայ պաղեստինեան պետութեան, եւ Կազան անոր անբաժանելի...

Քաւելաշվիլի. «Վրաստանը Կ՛աջակցի Հարաւային  Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Եւ Պատրաստ Է Շարունակել  Ներդրում Ունենալ Այս Հոլովոյթին Մէջ»

Քաւելաշվիլի. «Վրաստանը Կ՛աջակցի Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Եւ Պատրաստ Է Շարունակել Ներդրում Ունենալ Այս Հոլովոյթին Մէջ»

Վրաստանը կ՛աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան եւ պատրաստ է շարունակել ներդրում ունենալ այս հոլովոյթին մէջ: Այս մասին «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան վրացական ծառայութեան համաձայն Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսած է Վրաստանի նախագահ Միխէիլ Քաւելաշվիլի: Անոնք նաեւ քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ «պատմականօրէն ամուր բարեկամական յարաբերութիւնները» եւ ռազմավարական գործընկերութեան հիմնական ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ եռակողմ...

Ուիթքոֆ. «Զելենսքին Նամակով  Թրամփէն Ներում Հայցեց»

Ուիթքոֆ. «Զելենսքին Նամակով Թրամփէն Ներում Հայցեց»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին նամակով ներում հայցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն` Ձուաձեւ աշխատասենեակի բուռն վիճաբանութենէն ետք: Այս մասին «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ: «Զելենսքին նամակ յղած է նախագահին, ան ներում հայցած է ամբողջ միջադէպին համար, որ տեղի ունեցած է Ձուաձեւ աշխատասենեակին մէջ: Կը կարծեմ, որ ատիկա կարեւոր քայլ էր, եւ շատ...

Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը  Սուրիոյ Ծովեզերեայ Շրջանին Մէջ Զինուորական  Գործողութեան Աւարտը Յայտարարեց

Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Սուրիոյ Ծովեզերեայ Շրջանին Մէջ Զինուորական Գործողութեան Աւարտը Յայտարարեց

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր գնդապետ-զօրավար Հասան Ապտելղանի յայտարարեց. «Գործողութեան երկրորդ փուլի մեկնարկէն ետք մեր ժողովուրդին մեր տուած խոստումը յարգելով կը յայտարարենք, որ մեր ուժերը յաջողեցան ներկայ փուլին համար ճշդուած բոլոր նպատակները իրագործել»: Ապտելղանի նշեց. «Յաջողեցանք հին վարչակարգի մնացորդին եւ անոր սպաներուն յարձակումները չէզոքացնել, քանդեցինք անոնց անակնկալի տարրը, յաջողեցանք զանոնք կենսական վայրերէն հեռացնել եւ ապահովեցինք մեծամասնութիւնը պետական ճամբաներուն, որոնք մնացորդները օգտագործեցին...

Պոլլըր. «Բոլոր Գերիները Կազայէն Դուրս Բերելու  Համաձայնութեան Իսկական Առիթ Գոյութիւն Ունի»

Պոլլըր. «Բոլոր Գերիները Կազայէն Դուրս Բերելու Համաձայնութեան Իսկական Առիթ Գոյութիւն Ունի»

Գերիներու հարցով Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Ատամ Պոլլըր «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Բոլոր գերիները (Կազայէն) դուրս բերելու համաձայնութիւն գոյացնելու իսկական առիթ գոյութիւն ունի: Ես քայլին նկատմամբ իսրայէլեան դժգոհութիւնը կը հասկնամ, սակայն գործարքը կարելի է»: «Այն, որուն վրայ կը փորձեմ աշխատիլ, բանակցութիւններու ուժեղ թափ տալն է», նշեց Պոլլըր: Ան նաեւ ընդգծեց. «Միացեալ Նահանգները Իսրայէլի գործակալ մը...

Արաղչի. «Ճնշումի Եւ Սպառնալիքի Տակ  Պիտի Չբանակցինք, Եւ Բանակցութիւնը  Բռնածաղրէն Ու Ցուցմունքներու  Պարտադրումէն Տարբեր Է»

Արաղչի. «Ճնշումի Եւ Սպառնալիքի Տակ Պիտի Չբանակցինք, Եւ Բանակցութիւնը Բռնածաղրէն Ու Ցուցմունքներու Պարտադրումէն Տարբեր Է»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Ճնշումի եւ սպառնալիքի տակ պիտի չբանակցինք, եւ բանակցութիւնը բռնածաղրէն ու ցուցմունքներու պարտադրումէն տարբեր է»: «Անցեալին Ուաշինկթընի Թեհրանի նկատմամբ յարգանքը նոյնպիսի վարմունքի արժանացաւ, իսկ անոր սպառնալիքը փոխադարձ սպառնալիքի, եւ ամէն քայլ իր հակազդեցութիւնը ունի», նշեց Արաղչի: «Ներկայիս եւրոպական երկեակի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ անջատաբար ու հաւասարութեան սկզբունքով կը խորհրդակցինք, եւ մեր խորհրդակցութիւններուն նպատակը վստահութեան...

«Այն, Ինչ Որ Սուրիոյ Մէջ Ներկայիս  Տեղի Կ՛ունենայ, Նախատեսուած  Մարտահրաւէրներու Ծիրին Մէջ Է»  Կ՛ըսէ Ահմետ Շարհ

«Այն, Ինչ Որ Սուրիոյ Մէջ Ներկայիս Տեղի Կ՛ունենայ, Նախատեսուած Մարտահրաւէրներու Ծիրին Մէջ Է» Կ՛ըսէ Ահմետ Շարհ

Սուրիոյ փոխանցման շրջանի նախագահ Ահմետ Շարհ երէկ Դամասկոսի Մազզէ թաղամասի մզկիթին մէջ արշալոյսի նամազի ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Կ՛ուզեմ, որ չմտահոգուիք այս երկրով, անիկա ուժի, հպարտութեան ու արժանապատուութեան բազմաթիւ մեծ ներուժ ունի»: «Այն, ինչ որ երկրին մէջ տեղի կ՛ունենայ, նախատեսելի սնամէջ մարտահրաւէրներու շարքին է, պէտք է ազգային միասնականութիւնը պահպանենք, եւ Աստուծոյ կամքով, կրնանք այս երկրին մէջ միասնաբար ապրիլ», յայտարարեց...

Քաց. «Սուրիոյ Տիւրզիները Որեւէ  Սպառնալիքէ Պիտի Պաշտպանենք»

Քաց. «Սուրիոյ Տիւրզիները Որեւէ Սպառնալիքէ Պիտի Պաշտպանենք»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Մօտ օրէն պիտի լսենք Կոլանի բնակեցման վայրերու մէջ աշխատելու համար տիւրզի համայնքէն գործաւորներ բերելու մասին»: «Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ տիւրզի եւ չերքեզ համայնքներուն աննախադէպ օժանդակութիւններու ծրագիր ներկայացնելու», ըսաւ ան: «Պիտի շարունակենք տիւրզի համայնքի ամրապնդման եւ Սուրիոյ մէջ անոնց եղբայրները պաշտպանելու աշխատանքը», նշեց Քաց: «Սուրիոյ տիւրզիները որեւէ սպառնալիքէ պիտի պաշտպանենք», յայտարարեց Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը:  

Page 99 of 882 1 … 98 99 100 … 882

Արխիւներ