Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր գնդապետ-զօրավար Հասան Ապտելղանի յայտարարեց. «Գործողութեան երկրորդ փուլի մեկնարկէն ետք մեր ժողովուրդին մեր տուած խոստումը յարգելով կը յայտարարենք, որ մեր ուժերը յաջողեցան ներկայ փուլին համար ճշդուած բոլոր նպատակները իրագործել»:
Ապտելղանի նշեց. «Յաջողեցանք հին վարչակարգի մնացորդին եւ անոր սպաներուն յարձակումները չէզոքացնել, քանդեցինք անոնց անակնկալի տարրը, յաջողեցանք զանոնք կենսական վայրերէն հեռացնել եւ ապահովեցինք մեծամասնութիւնը պետական ճամբաներուն, որոնք մնացորդները օգտագործեցին իբրեւ մեկնարկ մեր քաղաքային ու անմեղ ժողովուրդը թիրախաւորելու համար»:
«Մեր ուժերը յաջողեցան վնասազերծել Լաթաքիոյ նահանգի Մըխթարիա եւ Մազիրհա գիւղերուն, Զաուպար եւ այլ շրջաններուն, Թարթուսի նահանգի Տալիա, Թահնիթա եւ Քատմուս գիւղերուն մէջ ապահովական բջիջներու եւ հին վարչակարգին մնացորդները, ինչ որ յանգեցաւ սպառնալիքներու ձախողման եւ շրջանի անվտանգութեան ապահովման», ըսաւ ան:
«Այս ձեռքբերումով կը յայտարարենք աւարտը զինուորական գործողութիւններուն, որոնք շղթայազերծուեցան նախապէս մեր նշած նպատակներուն համար, եւ պետական հաստատութիւններու իրենց աշխատանքը շարունակելու եւ մեր ժողովուրդին հիմնական ծառայութիւնները մատուցել սկսելէն ետք` ճամբան հարթելով բնականոն կեանքի վերականգնման, եւ աշխատանք տանելու անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման համար», յայտնեց Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը:
«Անվտանգութեան ծառայութիւնները յաջորդ փուլին պիտի աշխատին ամրապնդել իրենց աշխատանքը` երաշխաւորելու համար կայունութիւնը եւ պահպանելու անվտանգութիւնն ու բնակիչներուն ապահովութիւնը, եւ այդ առումով մշակեցին նոր ծրագիրներ` ամբողջացնելու համար հին վարչակարգի մնացորդացին դէմ պայքարը, եւ աշխատանք տանելու որեւէ ապագայ սպառնալիք վերացնել, արգելք հանդիսանալու համար նոր ոճրային բջիջներու կազմակերպման: Հետաքննութեան յանձնախումբին ամբողջական առիթ պիտի ընծայենք քննելու դէպքերու մանրամասնութիւնները, ճշդելու իրողութիւնները եւ անիրաւուածներուն արդարութիւն ապահովելու», նշեց ան:
«Պարտութեան մատնուած վարչակարգի մնացորդացէն եւ անոր փախստական սպաներէն մնացողներուն մեր պատգամը յստակ ու անկեղծ է` եթէ շարժիք, պիտի շարժինք, եւ ձեր առջեւ պիտի գտնէք միայն այր մարդիկ, որոնք նահանջել չեն գիտեր եւ չեն ողորմեր անոնց, որոնց ձեռքերը անմեղներու արիւնով ներկուած են», ըսաւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարը:
Միւս կողմէ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց. «Սուրիոյ ծովեզերքի եւ Լաթաքիոյ լեռներու շրջանները ականատես դարձան ցաւալի դէպքերու եւ համայնքային ու շրջանային հիմամբ մաքրագործման գործողութիւններու, որոնց զոհ դարձան հարիւրաւոր քաղաքացիներ, ներառեալ կիներ ու մանուկներ: Ապահովական ուժերը, պաշտպանութեան նախարարութեան տարրերն ու օժանդակ ուժերը պատերազմական ոճիրներ եւ մարդկային իրաւանց խախտումներ գործեցին, զանոնք զսպող իրաւական արգելքի բացակայութեան»:
Դիտարանը ըսաւ, որ 6 մարտի ալեւի զինեալներու ներքին գործոց ու պաշտպանութեան նախարարութիւններու ուժերու վրայ յարձակումներէն սկսեալ 39 ջարդեր գործուեցան: 7 մարտին, այսինքն` 72 ժամուան ընթացքին սկսան սպանութեան գործողութիւնները, դաշտային մահապատիժները եւ ցեղային մաքրագործումները, որոնք տակաւին կը շարունակուին: Նոր ջարդեր նկատեցինք Թարթուսի Քնէյթրա թաղամասին Պանիաս քաղաքին, Լաթաքիոյ Տաաթուր թաղամասին եւ Մսիաֆի գիւղական շրջանի Ռմէյլէ եւ Ռասաֆա գիւղերուն մէջ»` աւելցնելով, որ քաղաքային զոհերու մօտաւոր թիւը հասած է 973-ի, որոնց շարքին` կիներ եւ մանուկներ:
Թեհրան Կը Դատապարտէ
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խիստ մտահոգութիւն յայտնեց սուրիական տարբեր շրջաններու մէջ բռնարարքներու եւ անապահովութեան տեղեկութիւններուն նկատմամբ:
Նախարարութիւնը դատապարտեց «քաղաքայիններու թիրախաւորումը եւ Սուրիոյ մէջ բռնի ուժի որեւէ կիրարկում»:
Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ «Ռոյթըրզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին մերժեց Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ վերջին դէպքերուն ընթացքին սպանութեան գործողութիւններու մեղսակիցներու անունները բացայայտել` նշելով, որ Սուրիոյ դէպքերը պիտի ազդեն երթին վրայ, եւ շեշտեց, որ թափուած արիւնը առանց հաշուետուութեան եւ անպատիժ պիտի չմնայ, «նոյնիսկ եթէ յանցագործը մեզի ամէնէն մօտիկ անձն է»:


