Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Զելենսքին Սպիտակ Տուն Պիտի Հրաւիրեմ Եւ Փութինի Հետ Խօսիմ. Յուսամ Զինադադարին Կը Համաձայնի»

Մարտ 13, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին դարձեալ Սպիտակ տուն պիտի հրաւիրեմ»` աւելցնելով. «Փութինի հետ հեռաձայնային կապ պիտի հաստատեմ, եւ յոյսով եմ, որ Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի հաստատման համաձայն կ՛ըլլայ»:

Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ամերիկեան-ուքրանական բանակցութիւններէն եւ Ուքրանիոյ 30 օր տեւողութեամբ զինադադարի հաստատման համաձայն ըլլալէն ետք մաղթեց. «Ռուսերուն հետ այսօր կամ վաղը հանդիպում պիտի ունենանք»:

«Կ՛ուզենք, որ աւարտի Ուքրանիոյ պատերազմը, որուն ընթացքին շաբաթական հազարաւոր մարդիկ կը սպաննուին», աւելցուց ան:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի իր կարգին յայտնեց. «Ընդունեցինք 30 օր ցամաքի, ծովու եւ ճակատի երկայնքին ամբողջական զինադադար հաստատելու Ամերիկայի առաջարկը»:

«Ուաշինկթըն կը հասկնայ մեր առարկութիւնները եւ կ՛ընդունի մեր առաջարկները: Մեր խումբերուն միջեւ շինիչ բանակցութիւններուն համար կ՛ուզեմ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին շնորհակալութիւն յայտնել», նշեց Զելենսքի:

«Եթէ Ռուսիան ընդունի զինադադարը, ապա այդ պահուն իրողապէս հանդարտութիւն պիտի տիրէ», ըսաւ ան:

«Ուքրանիոյ ամերիկեան օժանդակութիւններու վերականգնումը համաձայնութեան գոյացման կարեւոր ազդակ էր», յայտնեց Ուքրանիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Ուքրանիան պատրաստ է խաղաղութեան, եւ Ռուսիան պէտք է պատերազմը շարունակելու կամ անոր վերջ տալու վերաբերեալ իր դիրքորոշումը յայտնէ»:

Զելենսքի երէկ «Ժազիրա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Բանակցութեան մէջ մեր կարմիր գիծը բռնագրաւեալ ուքրանական հողերուն վրայ Ռուսիոյ գերիշխանութիւնը ճանչնալն է»:

Նշենք, որ ամերիկեան ու ուքրանական իշխանութիւնները Սէուտական Արաբիոյ մէջ ժողովէն ետք միացեալ հաղորդագրութեան մը մէջ յայտարարեցին «Ուքրանիոյ մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ կարեւոր քայլերու» որդեգրումը:

Երկու կողմերը նշեցին. «Ուքրանիան պատրաստակամութիւն յայտնեց 30 օր տեւողութեամբ անմիջական զինադադար հաստատելու ամերիկեան առաջարկին», որուն դիմաց Միացեալ Նահանգներ անմիջապէս կը վերականգնեն Ուքրանիոյ օժանդակութիւններու տրամադրումն ու հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակումը»:

Երկու կողմերը նաեւ համաձայնեցան «կարելի եղածին չափ շուտ» ստորագրելու մետաղներու համաձայնութիւնը:

Ամերիկեան-ուքրանական բանակցութիւնները տեղի ունեցան Ժետտա քաղաքին մէջ` մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի եւ անոր ուքրանացի պաշտօնակից Անտրէյ Սիպիկայի:

Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Թուլսի Կապարտ յայտնեց, որ նախագահ Թրամփի ցուցմունքով Ուքրանիոյ հետ հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակման արգելքը վերցուած է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց. «Պէտք է Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի առաջարկին վերաբերեալ Ռուսիոյ պատասխանին սպասենք, եւ Ռուսիոյ պիտի փոխանցենք, թէ Ուքրանիան պատրաստ է պատերազմի դաշտին մէջ բոլոր գործողութիւնները դադրեցնելու»:

«Ռուսերուն հետ կապ պիտի հաստատենք` իմանալու համար, թէ որքա՛ն պատրաստ են Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հասնելու, եւ նախանձախնդիր ենք հաստատելու կացութիւն մը, ուր Ուքրանիան երկար տեւողութեան վրայ ապահով կ՛ըլլայ», ըսաւ Ռուպիօ:

«Առանց զսպումի տեւական խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ, եւ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար եւրոպացիները պէտք է Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն վերաբերեալ որոշումներ տան: Վերջաւորութեան Ուքրանիան պէտք է կարող ըլլայ ապագային որեւէ յարձակում զսպելու», յայտնեց Ռուպիօ:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ Ուքրանիոյ մէջ տագնապը զինուորական լուծում չունի, եւ «ուքրանացիներուն հետ մեր բանակցութիւնները կեդրոնացան հետագայ բանակցային հոլովոյթի ձեւին շուրջ, եւ եթէ ռուսերը զինադադարին համաձայնին, պիտի փնտռենք երկու կողմերուն համար վստահելի կողմ մը` գետնի վրայ կացութեան հսկողութեան համար»:

Արձագանգներ

Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթան Ժետտայի մէջ բանակցութիւններուն անդրադառնալով ողջունեց եւ զանոնք նկատեց «դրական զարգացում, որ կրնայ քայլ ըլլալ դէպի Ուքրանիոյ համապարփակ, արդար եւ տեւական խաղաղութիւնը: Այժմ գնդակը Ռուսիոյ դաշտին մէջ է: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է իր գործընկերներու հետ միասին կատարելու իր լիարժէք դերը յառաջիկայ խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց. «Մենք յառաջիկայ օրերուն ամերիկեան կողմին հետ հաղորդակցութիւնը չենք բացառեր»:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց. «Ռուսիան չ՛ուզեր Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի հարցին մէջ դէպքերը կանխել, եւ նախ եւ առաջ Մոսկուան պէտք է Միացեալ Նահանգներէն տեղեկութիւններ ստանայ»:

«Ուքրանիոյ մէջ 30-օրեայ զինադադարի առաջարկին վերաբերեալ Ռուսիոյ պատասխանին համար շտապելու անհրաժեշտութիւն չկայ», շեշտեց Փեսքով:

«Ռուսիա ուշադիր կերպով կը սերտէ Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ միջեւ Ժետտայի մէջ բանակցութիւններէն ետք կատարուած յայտարարութիւնները», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կը սպասենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն եւ ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ուալցը Ռուսիան տեղեակ պահեն Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւններու մանրամասնութիւններէն»:

«Ռուսիոյ նախագահ Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան պատրաստութիւնը կրնայ անհրաժեշտութեան պարագային շատ արագ կատարուիլ», յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի բանբերը` նշելով. «Քանի մը օրէն ամերիկեան կողմին հետ հաղորդակցութիւններ ծրագրուած են»:

Ան նշեց, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գործակցութեան առիթներ գոյութիւն ունին տնտեսութեան ոլորտին մէջ, ներառեալ հազուագիւտ մետաղներու շուրջ, «սակայն ներկայիս որոշակի համաձայնութիւններ չկան»:

 

Նախորդը

Քաց. «Իսրայէլեան Բանակը Կը Պատրաստուի Անորոշ Թուականով Սուրիոյ Մէջ Մնալու»

Յաջորդը

Հայաստանի Քաղաքացիներուն Աւելի Քան 59,6 Առ Հարիւրը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 12, 2025
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը Աւարտեց Իր Երկօրեայ Աշխատանքները
Գաղութային

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առնչուած Յայտարարութիւններն ու Աշխատանքները

Մայիս 12, 2025
Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?