Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը համաձայնագիր ստորագրած են` միանալու Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն ենթակայ անվտանգութեան ուժերուն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի անցումային շրջանի գրասենեակը «Թելեկրամ»-ի վրայ:
Համապատասխան փաստաթուղթը ստորագրուած է Շարհի եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մալզում Ապտիի հանդիպման ժամանակ: Ըստ համաձայնագիրին, որուն բովանդակութիւնը հրապարակած է Սուրիոյ ղեկավարի գրասենեակը, «բոլոր քաղաքային եւ զինուորական կառոյցները, որոնք տեղակայուած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ, պիտի համարկուին նոր իշխանութիւններուն գլխաւորած կառավարման համակարգին մէջ»: Խօսքը մասնաւորաբար, քրտական տարածքներու բոլոր անցակէտերուն, ինչպէս նաեւ այնտեղ գտնուող օդակայանի, կազի եւ քարիւղի հանքավայրին մասին է:
Դամասկոսի եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ համաձայնագիրը կը նախատեսէ զինադադար ամբողջ Սուրիոյ մէջ եւ քիւրտ բնակչութեան կ՛երաշխաւորէ սահմանադրութեամբ նախատեսուած բոլոր իրաւունքները, ներառեալ քաղաքացիութեան իրաւունքը:
Քիւրտերը իրենց կարգին կը խոստանան աջակցիլ սուրիական նոր իշխանութիւններուն` նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի կողմնակիցներու եւ Սուրիոյ անվտանգութեան ու միասնութեան սպառնացող այլ տարրերու դէմ անոնց պայքարին մէջ:
Համաձայնագիրը պէտք է կեանքի կոչուի մինչեւ այս տարուան վերջ:
Մազլում Ապտի «Մաժալէ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ համաձայնագիրը հիմնուած է շարք մը սկզբունքներու վրայ, որոնցմէ են` գերիշխանական հարցերը, ինչպէս` Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, Սուրիոյ մէջ մէկ բանակ ըլլալը, մէկ հաստատութիւններ, մէկ մայրաքաղաք եւ մէկ դրօշ ըլլալը:
«Կան կէտեր, որոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի, սակայն գործադրութեան մեքանիզմն ու ժամանակացոյցը կարիքը ունին քննարկման: Մենք համաձայնեցանք շարունակել բանակցութիւնն ու երկխօսութիւնը մինչեւ խնդիրներու լուծումը, եւ մենք հանդիպումը նկատեցինք դրական», ընդգծեց ան:
Ան հաստատեց, որ ամերիկացիները զինք եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը կը քաջալերեն Դամասկոսի հետ երկխօսութիւն կատարելու եւ այդ ուղղութեամբ «միջնորդութիւն կը կատարեն»:
Ան հերքեց Սուրիոյ մէջ իրաքեան Քիւրտիստանի փորձառութիւնը կրկնելու որեւէ մտադրութիւն ունենալ` նշելով. «Ո՛չ Սուրիան Իրաք է, ո՛չ ալ հիւսիսարեւելեան Սուրիան Քիւրտիստան է»:
Միւս կողմէ, աղբիւրներ «Ժազիրա»-ին յայտնած են. «Սուրիական կառավարութիւնը Սուէյտայի բնակիչներուն եւ երեւելիներուն հետ համաձայնութիւն գոյացուց` ամբողջ նահանգը միախմբելու պետութեան կառոյցներուն մէջ»:
«Համաձայնութեան հիմամբ Սուէյտայի մէջ ապահովական ծառայութիւնները կը միացուին Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութեան», նշած են աղբիւրները:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ թագաւորութիւնը կ՛ողջունէ հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ բոլոր քաղաքային ու զինուորական հաստատութիւններուն սուրիական պետութեան հաստատութիւններուն միացումը:
Նախարարութիւնը ողջունեց «սուրիական ղեկավարութեան Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական խաղաղութեան պաշտպանութեան համար որդեգրած քայլերը եւ թափած ջանքերը` պետութեան հաստատութիւններուն կառուցման երթը ամբողջացնելու համար, ինչ որ կ՛իրագործէ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը եւ կը բաւարարէ եղբայրական սուրիական ժողովուրդի ձգտումները»` վերահաստատելով «Սուրիոյ միութեան, գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան Սէուտական Արաբիոյ ամբողջական զօրակցութիւնը»:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սուֆիան Քուտաթ իր կարգին ողջունեց համաձայնութիւնը` «Սուրիան, անոր միութիւնը, գերիշխանութիւնն ու կայունութիւնը երաշխաւորող ու անվտանգութիւնը պահպանող, զայն ահաբեկչութենէն փրկող եւ սուրիացի եղբայրական ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն իրաւունքները պահպանող սկզբունքներուն հիմամբ»:
Թուրք պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն ու Դամասկոսի միջեւ համաձայնութիւնը չի փոխեր Թուրքիոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու վճռակամութիւնը` ընդգծելով, որ Անգարան կառչած կը մնայ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու ապազինման ու ինքնալուծարման:
«Անգարան կ՛ուզէ նախ եւ առաջ տեսնել, թէ համաձայնութիւնը ինչպէ՛ս պիտի գործադրուի», նշած է թուրք պաշտօնատարը:


