14 մարտին, Փեքինի մէջ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ: Այս մասին «Ռեկնում»-ի փոխանցումով, յայտնած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը նշած է, որ խորհրդակցութիւններուն պիտի մասնակցին Չինաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մա Չժաոսուն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքովը եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպապատին:
«Կողմերը միտքեր պիտի փոխանակեն Իրանի հիւլէական հիմնախնդիրին եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ», ընդգծած են Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: