Արաղչի. «Սուրիոյ Նոր Իշխանութիւնները Պատասխանատու Են Սուրիացիներու Անվտանգութեան Ու Ապահովութեան»
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութեան ժողովի ծիրին մէջ իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան չգոյութիւնն ու անկայունութիւնը միայն ի շահ Իսրայէլի են եւ կ՛արտօնեն շահագործել ահաբեկչական ու ծայրայեղական խմբաւորումներն ու տարրերը: Արաղչի անհրաժեշտ նկատեց իսլամական պետութիւններուն միջեւ գործակցութեան ու համակարգման ամրապնդումը` դիմակայելու համար իսլամական...




















