Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Եթէ Փութին Չստորագրէ 30-Օրեայ Զինադադարի Համաձայնագիրը, Միացեալ Նահանգները Կրնան Ելեւմտապէս Վատ Բաներ Ընել Ռուսիոյ»

Մարտ 14, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ըսած է, որ կրնայ ելեւմտապէս թիրախաւորել Ռուսիան, եթէ վերջինս չհամաձայնի Ուքրանիոյ հետ պատերազմին մէջ 30-օրեայ զինադադարին: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն»-ը` մանրամասնելով, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին նախքան այդ Թրամփին կոչ ուղղած էր կարծր քայլեր ձեռնարկելու, եթէ Մոսկուան չաջակցի Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւններու հանդիպման ժամանակ 30-օրեայ զինադադարի հաստատման շուրջ գոյացած համաձայնութեան:

«Այժմ քայլը Ռուսիոյ է: Մեր մարդիկը հիմա իսկ կ՛ուղղուին Ռուսիա: Եւ յուսանք, որ մենք կրնանք Ռուսիայէն զինադադար ստանալ», ըսած է Թրամփ:

Սպիտակ տան ղեկավարը ուղղակիօրէն չէ խոստացած Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրարկել, եթէ Փութին չստորագրէ համաձայնագիրը, սակայն ըսած է, որ կրնայ «ֆինանսապէս ընել այնպիսի բաներ, որոնք շատ վատ պիտի ըլլան Ռուսիոյ համար»:

«Ես չեմ ուզեր ատիկա ընել, որովհետեւ կ՛ուզեմ խաղաղութեան հասնիլ», ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Ուաշինկթըն, Քիեւ եւ Եւրոպա կը սպասեն զինադադարի առաջարկին Մոսկուայի պատասխանին, եւ կ՛ակնկալուի, որ Միացեալ Նահանգներու բանագնացները մինչեւ շաբաթավերջ բանակցութիւններ վարեն Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Քրեմլին հրապարակաւ չէ ըսած` կրակոցի անյապաղ դադրեցման կ՛աջակցի՞, թէ՞ ոչ:

«Եթէ Փութին հրաժարի, կը կարծեմ, որ կրնանք կարծր քայլերու յոյս ունենալ: Ես մանրամասնութիւնները տակաւին չեմ գիտեր, սակայն մենք կը խօսինք պատժամիջոցներու եւ Ուքրանիոյ հզօրացման մասին», երեքշաբթի օր ըսած է Զելենսքի:

 

Նախորդը

Լաթաքիոյ Մէջ Զօրանոցի Մը Վրայ Յարձակում Մը Ձախողութեան Մատնուած Է

Յաջորդը

Լիբանան Մերժած Է Իսրայէլի Հետ Դիւանագիտական- Քաղաքական Յանձնախումբ Յառաջացնելու Առաջարկը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 12, 2025
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը Աւարտեց Իր Երկօրեայ Աշխատանքները
Գաղութային

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առնչուած Յայտարարութիւններն ու Աշխատանքները

Մայիս 12, 2025
Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?