Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Մօտ օրէն պիտի լսենք Կոլանի բնակեցման վայրերու մէջ աշխատելու համար տիւրզի համայնքէն գործաւորներ բերելու մասին»:
«Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ տիւրզի եւ չերքեզ համայնքներուն աննախադէպ օժանդակութիւններու ծրագիր ներկայացնելու», ըսաւ ան:
«Պիտի շարունակենք տիւրզի համայնքի ամրապնդման եւ Սուրիոյ մէջ անոնց եղբայրները պաշտպանելու աշխատանքը», նշեց Քաց:
«Սուրիոյ տիւրզիները որեւէ սպառնալիքէ պիտի պաշտպանենք», յայտարարեց Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը: