Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գահիրէ. «Կը Գնահատենք Թրամփի` Կազայի Բնակիչներուն Շրջանէն Հեռանալ Չպահանջելու Վերաբերեալ Յայտարարութիւնները»

March 14, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Եգիպտոս կը գնահատէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Կազայի բնակիչներուն շրջանէն հեռանալ չպահանջելու վերաբերեալ յայտարարութիւնները»:

Թրամփ նախապէս առաջարկած էր ծրագիր մը, որ կը ներառէր պաղեստինցիներու տեղահանութիւն, եւ արաբական պետութիւնները այդ ծրագիրին հակադարձած էին որդեգրելով այլ ծրագիր մը, որ բնակիչներու տեղահանութիւն չի պահանջեր:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց «կարեւորութիւնը Թրամփի` Կազայի վերաբերեալ այս դրական ուղղուածութեան վրայ հիմնուելու, Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման ջանքերը յառաջ մղելու համար»:

«Մեր կարծիքով` Թրամփի միջազգային տագնապներուն վերջ տալու եւ, ներառեալ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու նախաձեռնութիւնը կրնայ անոր վրայ աշխատելու գործնական շրջագիծ մը ըլլալ», աւելցուց նախարարութիւնը:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հաստատ յանձնառութիւնը յայտնեց «աջակցելու բոլոր լուրջ նախաձեռնութիւններուն, որոնց նպատակը շրջանին մէջ արդար ու համապարփակ խաղաղութեան հաստատումն է»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը միջազգային ու շրջանային կողմերուն կոչ ուղղեց` «աշխուժացնելու ջանքերը յառաջ մղելու խաղաղ կարգաւորման հոլովոյթը, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ շրջանի ժողովուրդներուն համար անվտանգութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման իրագործումը»:

Թրամփ չորեքշաբթի օր Սպիտակ տան մէջ Իրլանտայի վարչապետ Մայքըն Մարթինի հետ հանդիպումի ընթացքին հարցումի մը պատասխանելով յայտարարեց. «Ոչ ոք Կազայէն ոեւէ պաղեստինցի պիտի վտարէ»:

Նշենք, որ պաղեստինեան Համաս շարժումը եւս չորեքշաբթի օր ողջունած էր Սպիտակ տան ղեկավարի յայտարարութիւնը:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Այսօր` Սաժես – ՀՄԸՄ

Յաջորդը

Լաթաքիոյ Մէջ Զօրանոցի Մը Վրայ Յարձակում Մը Ձախողութեան Մատնուած Է

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.