Փաքիստանի անվտանգութեան ուժերը հարաւարեւմտեան Պելուջիստան նահանգին մէջ ազատ արձակած են գնացքի 11 մարտին զինեալներու կողմէ պատանդ վերցուած 400 ճամբորդներէն 155-ը:
Զանոնք պատանդ վերցուցած են Պելուջիստանի ազատագրման բանակ անջատողական խմբաւորման զինեալները: Մինչեւ հիմա Փաքիստանի անվտանգութեան ուժերը սպաննած են 30 զինեալներ:
Փրկուած պատանդներէն մէկ քանին հիւանդանոց տեղափոխուած է: Զինեալները շուրջ 10 պատանդ սպաննած են:
Զինեալներու յայտարարութեան մէջ, որ ԱՖՓ-ն կը մէջբերէ, կը նշուի, որ խումբը պայթեցուցած է երկաթուղային գիծերը եւ «վերահսկողութեան տակ առած գնացքը Սիպիի (Պելուջիստանի մէջ քաղաք, «Ա.») հեռաւոր շրջանին մէջ»:
Պելուջիստանը Փաքիստանի մեծագոյն եւ ամէնէն աղքատ նահանգներէն մէկն է: Այնտեղ արդէն քանի մը տասնամեակէ ի վեր կը գործեն պելուջիներու անջատողական խումբեր:
2000 թուականին ստեղծուած է Պելուջիստանի ազատագրական բանակը, որ իր կատարած յարձակումներուն համար ահաբեկչական ճանչցուած է Փաքիստանի, Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Եւրոպական Միութեան եւ Չինաստանի մէջ: