Պերլին Դամասկոսի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանատան Վերաբացումը Կը Յայտարարէ
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Գերմանիան վերաբացաւ Դամասկոսի մէջ իր դեսպանատունը»: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: Աղբիւր մը ֆրանսական լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Դիւանագէտներու փոքր խումբը մը կը ստանձնէ ներկայացուցչութեան ղեկավարումը, իսկ հիւպատոսական հարցերն ու մուտքի արտօնագիրներու դիմումները կը մնան Պէյրութի մէջ դեսպանատան իրաւասութեան ծիրին մէջ` նկատի ունենալով, որ 8 դեկտեմբերին Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումէն ետք ապահովական կացութիւնը...




















