Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու ըսած է, որ Քիեւը դժուարութիւններ ունի խաղաղութեան շուրջ համաձայնութիւններու համար:
«Ուքրանիան ի՞նչ դժուարութիւններ ունի, Ուքրանիոյ հիմնական դժուարութիւնը անոր սահմանադրութիւնն է: Անոնց սահմանադրութիւնը կ՛արգիլէ տարածքային ամբողջականութեան փոփոխութեան վերաբերեալ որեւէ բանակցութիւն», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Շոյկու` նկատի ունենալով, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ որոշ մարզեր ներառած է իր կազմին մէջ:
Ան մէկ այլ խնդիր նշած է` Ուքրանիոյ «իշխանութեան օրինականութիւնը», որովհետեւ պէտք է որոշել, թէ որո՛ւ հետ կարելի է բանակցութիւններ վարել: Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը նաեւ յիշեցուցած է «Վոլոտիմիր Զելենսքիի կողմէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր փութինի հետ բանակցութիւններ վարելու արգելքի գոյութեան մասին»:
Ըստ Շոյկուի, համաձայնութիւններու հասնելու համար այս բոլոր խնդիրները պէտք է լուծուին: