Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիին ուղղուած նամակը կ՛ընդգրկէ երկամսեայ ժամկէտ` նոր հիւլէական համաձայնագիրի կնքման համար: Այս մասին «Աքսիոս»-ին յայտնած են նամակի բովանդակութեան ծանօթ ամերիկացի պաշտօնատար մը եւ երկու աղբիւրներ:
Յստակ չէ, թէ երկամսեայ պայմանաժամը սկսած է նամակի առաքման պահէ՞ն, թէ՞ պիտի սկսի բանակցութիւններու մեկնարկէն ետք: Սակայն եթէ Իրանը մերժէ Թրամփի առաջարկը եւ չբանակցի, ապա Իրանի հիւլէական կառոյցներուն դէմ Միացեալ Նահանգներու կամ Իսրայէլի զինուորական գործողութիւններու կարելիութիւնը կտրուկ կերպով պիտի մեծնայ:
Իրանի հիւլէական ծրագիրը վերջին չորս տարիներու ընթացքին յառաջընթաց արձանագրած է, եւ երկիրը աւելի քան երբեւէ մօտ է հիւլէական զէնք արտադրելուն: Ըստ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան, անոր 60 առ հարիւր հարստացուած իւրանիոմի պաշարները մինչեւ 90 առ հարիւր հարստացուելու պարագային բաւարար են վեց հիւլէական ռումբի ստեղծման համար:
Թրամփ երկու շաբաթ առաջ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին բացայայտած էր, որ նամակ յղած է Խամենէիին` առաջարկելով ուղիղ բանակցութիւններ վարել: Նամակը քանի մը օր առաջ Թրամփի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆը յանձնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ Պըն Զայետին` Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ժամանակ: Նամակը հետագային ուղարկուած է Թեհրան:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ կը նշեն, որ Խամենէիին ուղղուած Թրամփի նամակը «կոշտ» էր: Ան մէկ կողմէ առաջարկած է նոր հիւլէական համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններ վարել, սակայն միւս կողմէ զգուշացուցած է առաջարկի մերժման եւ հիւլէական ծրագիրի յառաջ մղման շարունակման հետեւանքներէն:
Ամերիկացի պաշտօնատարն ու իրազեկ աղբիւրը «Աքսիոս»-ին յայտնած են, որ նամակը նախքան իրանցիներուն յանձնելը, Սպիտակ տունը Միացեալ Նահանգներու քանի մը դաշնակիցներու, ներառեալ Իսրայէլին, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն տեղեկացուցած է նամակի բովանդակութեան մասին:
Խամենէի անցեալ շաբաթ Թրամփի նամակն ու բանակցութիւններու առաջարկը որակած էր «խաբէութիւն», որ միայն կոչուած է ստեղծելու տպաւորութիւն, որ Իրանը կը մերժէ բանակցութիւնները: Ան ըսած էր, որ չ՛աջակցիր Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն, սակայն քանի մը ժամ ետք, ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի ներկայացուցչութիւնը «Էքս»-ի վրայ յայտարարութիւն հրապարակած էր` չբացառելով Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները:
Արաղչի. «Յառաջիկայ Օրերուն
Պիտի Պատասխանենք Թրամփի Նամակին»
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նամակը սպառնալիքներ կը պարունակէ, անոր մէջ առիթներ կան, եւ անոր բոլոր մանրամասնութիւնները քննարկեցինք»:
«Թրամփի նամակին մեր պատասխանը պիտի ներառէ անոր բոլոր երեւոյթները, ըլլան անոնք սպառնալիքները կամ առիթները», նշեց Արաղչի` աւելցնելով. «Ճնշումներու եւ պատժամիջոցներու տակ ուղիղ բանակցութիւններ պիտի չունենանք, որովհետեւ բանակցութիւնը պէտք է հաւասար պայմաններու մէջ ըլլայ»:
«Յառաջիկայ օրերուն պատշաճ խողովակներու ճամբով պիտի պատասխանենք Թրամփի նամակին», յայտարարեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:
«Մեր քաղաքականութիւնը հիմնուած է մեր ազգային շահերուն ապահովման վրայ, եւ առաւելագոյն ճնշումներու քաղաքականութիւնը մեզի համար նորութիւն չէ», նշեց Արաղչի:


