Միջազգային

Խարազի. «Իրան Պատրաստ Է Ամերիկայի Հետ  Անուղղակի Կերպով Բանակցելու»

Խարազի. «Իրան Պատրաստ Է Ամերիկայի Հետ Անուղղակի Կերպով Բանակցելու»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Քամալ Խարազի յայտնեց, որ Թեհրան Միացեալ Նահանգներու հետ իր տարակարծութիւններու լուծման դիմաց բոլոր դռները չփակեց եւ պատրաստ է Ուաշինկթընի հետ անուղղակի բանակցութիւններ վարելու` «գնահատելու համար միւս կողմը, իր պայմանները ներկայացնելու եւ պատշաճ որոշումը որդեգրելու համար»: Այս մասին հաղորդեց իրանցի ուսանողներու կիսապետական լրատու գործակալութիւնը:  

Ռուսիան Եւ Ուքրանիան Համաձայնութիւն  Գոյացուցին Սեւ Ծովուն Մէջ Զինադադարի  Հաստատման Շուրջ

Ռուսիան Եւ Ուքրանիան Համաձայնութիւն Գոյացուցին Սեւ Ծովուն Մէջ Զինադադարի Հաստատման Շուրջ

Ռուսիան եւ Ուքրանիան Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ 24 մարտին շուրջ 12 ժամ տեւած բանակցութիւններուն ընթացքին համաձայնած են նաւագնացութիւնը ապահովելու համար Սեւ ծովուն մէջ զինադադար հաստատելու: Կողմերը համաձայնած են ապահովելու քաղաքային նաւերու անվտանգութիւնը, դադրեցնելու բռնութիւնը եւ կանխարգիլելու առեւտրական նաւերու զինուորական նպատակներով օգտագործումը: Ուաշինկթըն պատրաստ է շարունակելու աջակցութիւնը պատերազմական գերիներու փոխանակման եւ քաղաքայիններու ազատ արձակման հարցերուն մէջ: Կողմերը նաեւ քայլեր կը...

Ուաշինկթըն Ուքրանիոյ Եւ Հարաւային  Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Հարցին Մէջ  Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Խնդրած Է

Ուաշինկթըն Ուքրանիոյ Եւ Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Հարցին Մէջ Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Խնդրած Է

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ 25 մարտին Ուաշինկթընի մէջ ընդունած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը եւ քննարկած անվտանգութեան ու առեւտուրի ոլորտներուն վերաբերող կարեւոր հարցեր: Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Ուքրանիոյ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման հարցին մէջ խնդրած է Թուրքիոյ աջակցութիւնը:...

Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահը  Ուրբաթ Օր Պիտի Այցելէ Կրինլանտ` «Ստուգելու  Անվտանգութեան Ոլորտին Մէջ Կացութիւնը»

Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահը Ուրբաթ Օր Պիտի Այցելէ Կրինլանտ` «Ստուգելու Անվտանգութեան Ոլորտին Մէջ Կացութիւնը»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենս յայտնած է, որ ուրբաթ օր պիտի այցելէ Կրինլանտ, մասնաւորաբար` գնահատելու անվտանգութեան ոլորտին մէջ կացութիւնը: Ան նշած է, որ ամերիկեան պատուիրակութեան մաս կազմող իր կնոջ` Ուշայի հետ 27-29 մարտին նախատեսուած Կրինլանտ այցելութիւնը մեծ ուշադրութիւն գրաւած է: «Այս ուրբաթ Ուշայի Կրինլանտ կատարելիք ուղեւորութեան շուրջ այնպիսի աղմուկ բարձրացած է, որ ես որոշեցի ամբողջ զուարճանքը անոր չձգել: Այսպիսով,...

Պոլսոյ Ժամանակաւոր Քաղաքապետի Ընտրութիւն

Պոլսոյ Ժամանակաւոր Քաղաքապետի Ընտրութիւն

Պոլսոյ քաղաքապետական խորհուրդը երէկ քաղաքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար ընտրած է, վերջինս պէտք է փոխարինէ նախորդ շաբաթ ձերբակալուած Էքրեմ Իմամօղլուն: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան տեղեկութիւններով` այս պաշտօնին համար ընտրուած է ընդդիմադիր Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան անդամ Նուրի Ասլանը: Անոր օգտին քուէարկած են 314 հոգինոց խորհուրդի անդամներէն 177-ը: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած Զեյնել Ապիտին Օքուլ 125 ձայն ստացած է:

Կազայի Հարցով Արաբ-Իսլամական Նախարարական  Յանձնախումբը Կը Մերժէ Պաղեստինցի Ժողովուրդի  Տեղափոխումը Կամ Վտարումը

Կազայի Հարցով Արաբ-Իսլամական Նախարարական Յանձնախումբը Կը Մերժէ Պաղեստինցի Ժողովուրդի Տեղափոխումը Կամ Վտարումը

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ հիւրընկալած է Կազայի հարցով արաբական-իսլամական յանձնախումբի Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցով բարձրագոյն յանձնակատարի ժողովը, որուն մասնակցած են Եգիպտոսի, Քաթարի, Պաղեստինի, Յորդանանի, Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ, Պահրէյնի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարները, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը, Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը եւ Ինտոնեզիոյ եւ Նիկերիոյ ներկայացուցիչները: Ժողովը քննարկած է Կազայի...

«ՕԹԱՆ-ին Պիտի Չմիանանք,  ՀԱՊԿ-ին Ալ Անդամ Պիտի Չըլլանք»  Կ՛ըսէ Սերպիոյ Փոխվարչապետը

«ՕԹԱՆ-ին Պիտի Չմիանանք, ՀԱՊԿ-ին Ալ Անդամ Պիտի Չըլլանք» Կ՛ըսէ Սերպիոյ Փոխվարչապետը

Սերպիոյ փոխվարչապետ Ալեքսանտր Վուլին յայտնեց, որ իր երկիրը խիստ կերպով յանձնառու է զինուորական ոչ յանձնառու քաղաքականութեան եւ ՕԹԱՆ-ին կամ ՀԱՊԿ-ին անդամ պիտի չըլլայ: Ան այս մասին յայտարարեց «Սփութնիք»-ի հետ զրոյցի ընթացքին: «Սերպիան խիստ կերպով յանձնառու է զինուորական ոչ յանձնառու քաղաքականութեան: Ատիկա կը նշանակէ, թէ զինուորական որեւէ պլոքի մեր մասնակցութեան ծիրը պիտի չընդլայնենք եւ ջանք պիտի թափենք բոլորին հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները...

Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութիւնը Իմամօղլուն Առաջադրեց Թուրքիոյ Նախագահի Թեկնածու

Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութիւնը Իմամօղլուն Առաջադրեց Թուրքիոյ Նախագահի Թեկնածու

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն կը պահանջէ` արտակարգ նախագահական ընտրութիւն կատարել եւ մրցիլ Պոլսոյ կալանաւորուած քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի հետ: Կիրակի օր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամները յաջորդ նախագահական ընտրութեան մէջ կուսակցութեան թեկնածու ընտրած են Իմամօղլուն: Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Էօզկիւր Էօզել կիրակի օր հանրահաւաքի ժամանակ յայտարարած է, որ նախնական ընտրութեան մէջ Պոլսոյ պաշտօնազրկուած քաղաքապետին օգտին քուէարկած...

Օրթէյկըս. «Իսրայէլի Կողքին Պիտի Կանգնինք, Ըլլայ Այդ Համասը, Հըզպալլան Կամ Հուսիները Քանդելու Ջանքերուն Մէջ»

Օրթէյկըս. «Իսրայէլի Կողքին Պիտի Կանգնինք, Ըլլայ Այդ Համասը, Հըզպալլան Կամ Հուսիները Քանդելու Ջանքերուն Մէջ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս յայտնեց. «Ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ անդադար կ՛աշխատի, եւ կարելի ամէն ազդեցութիւն կ՛օգտագործէ փորձելով վերադարձնել Համաս շարժումին մօտ գտնուող բոլոր գերիները, մասնաւորաբար անոնք, որոնք ամերիկեան հպատակութիւն ունին»: «Գերիները վերադարձնելու մեր առաքելութիւնը տակաւին չաւարտեցաւ, եւ լրջօրէն կ՛աշխատինք զայն իրագործելու համար», ըսաւ Օրթէյկըս: Ան «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Համաս կռիւի...

Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ

Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ. Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ

Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը «դէպի դէմ առ դէմ հանդիպում քայլ» էր, իսկ այսօր Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ նախատեսուած ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները նոյնպիսի քայլ մը պիտի ըլլան: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով Քրեմլինի պաշտօնական պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին քիչ հաւանական նկատեց Ուքրանիոյ տագնապի արագ լուծումի գոյացումը` ընդգծելով, որ...

Իմամօղլու Պաշտօնապէս Ձերբակալուեցաւ Եւ Ամբաստանուեցաւ

Իմամօղլու Պաշտօնապէս Ձերբակալուեցաւ Եւ Ամբաստանուեցաւ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աւագ մրցակից, Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու պաշտօնապէս ձերբակալուեցաւ եւ փտածութեամբ ամբաստանուեցաւ` «քրէական կազմակերպութիւն ստեղծելու եւ կազմակերպելու, կաշառք վերցնելու, կեղեքում կատարելու, ապօրինի կերպով անձնական տուեալներ արձանագրելու եւ աճուրդներ խարդախելու յանցանքներով»: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ առկախեց Իմամօղլուի իբրեւ Պոլսոյ քաղաքապետ պաշտօնավարումը: Դատախազները նաեւ կ՛ուզեն զինք ամբաստանել «ահաբեկչական կազմակերպութեան մը օգնելու յանցանքով», սակայն թրքական դատարանը յայտնեց, թէ...

Քանատայի Վարչապետը Արտահերթ Ընտրութիւններ Նշանակած Է

Քանատայի Վարչապետը Արտահերթ Ընտրութիւններ Նշանակած Է

Քանատայի նորընտիր վարչապետ Մարք Քառնի կիրակի օր յայտարարած է 28 ապրիլին արտահերթ ընտրութիւններ նշանակելու մասին: Ան ըսած է, որ իրեն ուժեղ լիազօրագիր պէտք է` յաղթահարելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի սպառնալիքը, որ «կ՛ուզէ կոտրել մեզ, որպէսզի Ամերիկան կարողանայ մեզ տիրել»: Երկու վաղեմի դաշնակիցներուն եւ հիմնական առեւտրական գործընկերներուն միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած են այն բանէն ետք, երբ Թրամփ մաքսատուրքեր սահմանած է Քանատայի...

Ուիթքոֆ. «Համաս Զինաթափումն Ու Վերջնական Զինադադարը Չընտրեց, Ուստի Այլընտրանքը Պատերազմի Շարունակութիւնը Դարձաւ»

Ուիթքոֆ. «Համաս Զինաթափումն Ու Վերջնական Զինադադարը Չընտրեց, Ուստի Այլընտրանքը Պատերազմի Շարունակութիւնը Դարձաւ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի հարցով յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ «Ֆոքս Նիուզ»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Համասը զինաթափելու եւ վերջնական զինադադար հաստատելու հարցը քննարկելու շարք մը առիթներ կային, սակայն Համասը զինաթափումն ու վերջնական զինադադարը չընտրեց, ուստի այլընտրանքը պատերազմի շարունակութիւնը դարձաւ»` աւելցնելով. «Կազայի մէջ պատերազմի շարունակութիւնը ցաւալի է»: «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նպատակը Իրանի հետ հաղորդակցիլն է, եւ կարիքը չունինք...

Քելլոկ. «Ռիատի Մէջ Ռուսական Եւ Ուքրանական Պատուիրակութիւնները Պիտի Տեղակայուին Յարակից Սենեակներու Մէջ»

Քելլոկ. «Ռիատի Մէջ Ռուսական Եւ Ուքրանական Պատուիրակութիւնները Պիտի Տեղակայուին Յարակից Սենեակներու Մէջ»

Սէուտական Արաբիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ պատուիրակութիւններու հետ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան միաժամանակ` յարակից սենեակներու մէջ: Այս մասին ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Քիթ Քելլոկ: «Խումբ մը պիտի ըլլայ մէկ սենեակի մէջ, միւս խումբը` մէկ այլ: Անոնք պիտի նստին, խօսին, ճեմեն: Պանդոկի մէջ մագոգային դիւանագիտութեան նման բան մը պիտի...

Խամենէի. «Անտրամաբանական Էր, Որ Իրանեան  Բանակը Սուրիոյ Մէջ Կռուի Փոխան Սուրիական Բանակին»

Խամենէի. «Ամերիկան Պէտք Է Իմանայ, Որ Եթէ Իրանի Հետ Խաղ Խաղայ, Ուժեղ Ու Քանդիչ Ապտակ Պիտի Ստանայ»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի Նովրուզի տօնին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց.«Իրանցի ժողովուրդը փաստեց իր դէմ դաւերու պատրաստութեան մէջ թշնամիի ձախողութիւնը»: «Հաստատակամութիւնն ու տոկունութիւնը չարամիտ ու փտած սիոնական գոյացութեան պարտութեան պիտի առաջնորդեն», նշեց Խամենէի: «Ամերիկան պէտք է իմանայ, որ եթէ Իրանի հետ խաղ խաղայ, ուժեղ ու քանդիչ ապտակ մը պիտի ստանայ», աւելցուց ան: «Շրջանին մէջ գործակատարներ չունինք,...

Թրամփ. Ուաշինկթընն Ու Քիեւը Յառաջիկային Բնական Պաշարներու Հարցով Փաստաթուղթ Պիտի Ստորագրեն»

Թրամփ. Ուաշինկթընն Ու Քիեւը Յառաջիկային Բնական Պաշարներու Հարցով Փաստաթուղթ Պիտի Ստորագրեն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Ուաշինկթընն ու Քիեւը յառաջիկային պիտի ստորագրեն հանքային եւ բնական պաշարներու հարցով փաստաթուղթ: Սպիտակ տան ղեկավարը միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ Ուքրանիոյ մէջ զինադադար հաստատելու հարցով բանակցութիւնները կը շարունակուին: «Ինչ կը վերաբերի Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ, ապա ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ: Եւ մեր ակնկալութիւններէն մէկը շատ շուտով Ուքրանիոյ հետ յարգի մետաղներու մասին համաձայնագիրի ստորագրութիւնն...

Քրեմլին Կը Քննադատէ Միացեալ Նահանգներու  Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեան  «Կայսերապաշտական» Բնոյթը

Քրեմլին. «Ռուս-Ամերիկեան Յաջորդ Բանակցութիւնները Կիրակի Օր Կամ Յառաջիկայ Շաբթուան Սկիզբը»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Պրիւքսելէն եւ եւրոպական մայրաքաղաքներէն եկող ցուցանիշերը կը վերաբերին Եւրոպայի ռազմականացման ծրագիրներուն: Եւրոպան ձեռնարկեց ինքզինք ռազմականացնելու եւ ձեւով մը (Ուքրանիոյ մէջ) պատերազմի կողմ դարձաւ»: Փեսքով նշեց, որ ռուս-ամերիկեան յաջորդ բանակցութիւնները կրնան տեղի ունենալ կիրակի օր կամ յաջորդ շաբթուան սկիզբը, իսկ յառաջիկայ օրերուն Քիեւի հետ Ուաշինկթընի բանակցութիւնները նախատեսուած են: «Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւնները պիտի...

Ուաշինկթըն Քիեւին Առաջարկած Է Հիւլէական  Կայանները Յանձնել  Միացեալ Նահանգներու Կառավարման

Ուաշինկթըն Քիեւին Առաջարկած Է Հիւլէական Կայանները Յանձնել Միացեալ Նահանգներու Կառավարման

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Մայք Ուոլց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի 19 մարտի զրոյցին վերաբերեալ միացեալ յայտարարութիւն հրապարակելով յայտնեցին, թէ երկու ղեկավարները համաձայնած են, որ երկու երկիրները շարունակեն միասին աշխատիլ` պատերազմին իսկապէս վերջ դնելու համար: Բացի ատկէ, Թրամփ մանրամասն տեղեկացուցած է Զելենսքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր...

Իսրայէլեան Բանակ. «Կազայի Հիւսիսը  Ցամաքային Գործողութեան Սկսանք»

Իսրայէլեան Բանակ. «Կազայի Հիւսիսը Ցամաքային Գործողութեան Սկսանք»

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց «Կազայի հիւսիսը ցամաքային գործողութեան սկիզբը` շարունակելով Կազայի տարբեր շրջաններու վրայ օդային յարձակումները»: Իսրայէլեան բանակը նշեց, որ ներքին հետախուզութեան` Շապաքի հետ յարձակում գործած է Պէյթ Լահիայի մէջ Համասի պատկանող ենթակառոյցներու եւ հակահրասայլային հրթիռներու արձակման կէտերու վրայ: Նշենք, որ Իսրայէլ երեքշաբթի արշալոյսին վերսկսաւ Կազայի վրայ իր օդային յարձակումներուն` պատճառելով բազմահարիւր զոհեր եւ վիրաւորներ: Համասի զինեալ թեւը` Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին,...

Շարհի Ուղղուած Իր Նամակին Մէջ.  Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Սուրիական  Ղեկավարութեան Հետ Գործակցութիւնը Զարգացնելու»

Շարհի Ուղղուած Իր Նամակին Մէջ. Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Սուրիական Ղեկավարութեան Հետ Գործակցութիւնը Զարգացնելու»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սուրիոյ փոխանցման փուլի նախագահ Ահմետ Շարհին նամակ մը յղելով յայտնեց «Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը շարունակելու սուրիական ղեկավարութեան հետ գործնական գործակցութեան զարգացումը` ռուս-սուրիական երկկողմանի աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման համար օրակարգի վրայ գտնուող բոլոր խնդիրներու ծիրին մէջ»: Փութին իր նամակին մէջ աջակցութիւն յայտնեց «երկրին մէջ կարելի եղածին չափ շուտ կացութեան կայունութեան համար սուրիական ղեկավարութեան ջանքերուն»:  

Page 97 of 882 1 … 96 97 98 … 882

Արխիւներ