Միացեալ Նահանգներու նախագահի յայտուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ յայտարարեց, որ ուքրանացի պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ զինադադարի շուրջ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին կիրակի օր` Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաքին մէջ:
Ուիթքոֆ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ եւ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայք Ուոլց կրկին ամերիկեան կողմէն պիտի մեկնին Ժետտա, սակայն չյստակացուց, թէ ուքրանական կողմէն ո՛վ պիտի մասնակցի բանակցութիւններուն:
Պատասխանելով Սեւ ծովուն մէջ ուժանիւթի ենթակառոյցներու եւ թիրախներու վրայ յարձակումները դադրեցնելու մասին հարցումին` ան ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ այդ երկու հարցերը արդէն համաձայնեցուած են ռուսերուն հետ: Ես, ի հարկէ, յոյս ունիմ, որ ուքրանացիները անոր կը համաձայնին»:
Ան նաեւ ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու առաջարկած 30-օրեայ զինադադարը պէտք է ներառէ «ուժանիւթային եւ ընդհանուր առմամբ ենթակառոյցները»:
Ուիթքոֆ նաեւ «Պլումպըրկ»-ին յայտնեց, որ Թրամփ-Փութին հանդիպումը հաւանաբար Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունենայ:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի աջակցի ամերիկեան առաջարկին, եւ կը յուսայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ խօսիլ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ անոր երեքշաբթի օրուան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին:
«Երկու կողմերը` Ուքրանիան եւ Ռուսիան կրնան ուժանիւթի ենթակառոյցները չթիրախաւորել, եւ մեր կողմը ատոր պիտի զօրակցի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ուքրանիան պիտի զօրակցի որեւէ առաջարկի, որ «կայուն եւ արդար խաղաղութեան» կը յանգեցնէ:
Զելենսքի նաեւ ըսաւ, որ կը յուսայ, թէ Քիեւի գործընկերները Ուքրանիոյ համար կենսական զինուորական օժանդակութիւններու մատակարարումը չեն դադրեցներ, եւ անիկա կը շարունակուի:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահին հետ լաւ ու արդիւնաւէտ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին համաձայնած է Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի հաստատման համար արագօրէն գործելու:
«Փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացաւ, որ արագ կերպով պիտի աշխատինք համապարփակ զինադադարի հասնելու, եւ վերջաւորութեան վերջ տալու Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ այս շատ ահաւոր պատերազմին»:


