Ալիեւ հաստատած է Ազրպէյճանի «Իսլամական ութերու խմբակ»-ին միացումը: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«Իսլամական ութերու խմբակ»-ը միջազգային տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւն է, որ ծանօթ է «Տի.8» անունով, եւ որուն մաս կը կազմեն Պանկլատեշը, Եգիպտոսը, Նիկերիան, Ինտոնեզիան, Իրանը, Մալեզիան, Փաքիստանը եւ Թուրքիան, անիկա կը ծառայէ նշեալ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման: