Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը լաւ ընթացաւ, եւ խօսեցայ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ, եւ անոր բացատրեցի այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Փութինի հետ զրոյցի ընթացքին»:
«Կ՛ուզեմ դադրեցնել մեծ վճարումները, որոնք պէտք է կատարենք, եւ կ՛ուզեմ, որ Եւրոպան մեր վճարածին չափ վճարէ», նշեց Թրամփ:
«Այժմ Ուքրանիոյ հետ յարգի մետաղներու շուրջ համաձայնութեան կը հասնինք` վերստանալու համար մեր գումարները եւ զանոնք օգտագործելու համար», ըսաւ ան:
«Ռուսիան Չինաստանէն անջատելը մեզի համար դէպի Ռուսիա տնտեսապէս բացուելու նպատակ կամ դրդապատճառ չէ», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
Թրամփ նաեւ նշեց. «Հնդկաստանի հետ յարաբերութիւնս լաւ է, եւ խնդիրս այն է, որ անիկա ամէնէն բարձր մաքսատուրքեր պարտադրուող պետութիւններու շարքին է»:


