Թրամփ Եմէնի Վրայ Ամերիկեան Յարձակումներուն Դադրեցումը Յայտարարեց Եւ Մօտալուտ «Պատմական Յայտարարութեան» Մը Ակնարկեց
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երեքշաբթի օր յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի դադրեցնեն Եմէնի մէջ իրենց հարուածները` պնդելով, որ եմէնցիները խոստացած են դադրեցնել Կարմիր ծովուն մէջ նաւերու վրայ յարձակումները: Թրամփ այդ մէկը «լաւ լուր մը» նկատեց: Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնիի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսաւ, որ իր վարչակազմը «եմէնցիներուն խօսքին կը հաւատայ», ինչ կը վերաբերի ամերիկեան հարուածներու...




















