Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հուսիները Իսրայէլի Դէմ Օդային Ամբողջական Պաշարում Յայտարարեցին

May 6, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հուսիներու եմէնեան զինեալ ուժերը յայտարարեցին «իսրայէլացի թշնամիին դէմ անոր օդակայաններու, նախ եւ առաջ իսրայէլացիներու կողմէ «Պեն Կորիոն» օդակայան կոչուած Լատի օդակայանի թիրախաւորումը կրկնելու ճամբով օդային ամբողջական պաշարման հաստատումը»` իբրեւ հակադարձութիւն Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւնը ընդլայնելու որոշումին:

Հուսիները միջազգային օդանաւային ընկերութիւններուն կոչ ուղղեցին` այս յայտարարութիւնը անմիջապէս նկատի ունենալու եւ ջնջելու դէպի իսրայէլեան օդակայաններ իրենց թռիչքները` իրենց օդանաւերու անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

Եմէնի զինեալ ուժերը աւելցուցին, որ Եմէնը պիտի չընդունի Լիբանանի եւ Սուրիոյ նման արաբական երկիրներու թիրախաւորման ճամբով իր ազատ գործելը պարտադրելու Իսրայէլի փորձը` նշելով, որ իրենք դիմակայումէն պիտի չվախնան եւ պիտի մերժեն ենթակայութիւնն ու անձնատուութիւնը:

Նախքան այդ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած էր, որ Իսրայէլ իր օդակայաններու թիրախաւորման պատճառով հուսիներուն «եւ Իրանի մէջ անոնց ահաբեկիչ տէրերուն» պիտի հակադարձէ «իր ընտրելիք ժամանակին ու վայրին մէջ»:

«Մենք եւ ամբողջ աշխարհը հուսիներուն կողմէ սպառնալիքի կ՛ենթարկուինք: Ատիկա պիտի չհանդուրժենք եւ անոնց դէմ ուժեղ քայլեր պիտի որդեգրենք», նշեց Նեթանիահու` աւելցնելով. «Միշտ պիտի յիշենք, թէ հուսիները Իրանի հրամանով եւ աջակցութեամբ գործեցին, եւ Իրանի պիտի յղենք զգուշացման պատգամ մը, թէ այդպիսի բան մը պիտի չհանդուրժենք»:

Մինչ այդ, եմէնեան լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ամերիկեան շուրջ 10 յարձակումներ թիրախաւորած են մայրաքաղաք Սանաան եւ անոր մերձակայ շրջանները:

Եմէնեան «Մասիրա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ամերիկեան օդանաւեր շարք մը յարձակումներ գործած են` թիրախաւորելով Սանաա, Սաատա, Հտէյտա եւ Ժաուֆ նահանգներուն մէջ գտնուող դիրքեր:

 

 

Նախորդը

Ըստ Պաքուի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին. «24 Ռուսական Ընկերութիւններ Կ՛ուզեն Մասնակցիլ Ղարաբաղի Վերականգնման Ծրագիրներուն»

Յաջորդը

Իսրայէլի Նախարարաց Սեղմ Խորհուրդը Միաձայնութեամբ Որոշեց Ընդլայնել Կազայի Մէջ Զինուորական Գործողութիւնը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.