3 մայիսին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու անոր կինը` Մեհրիպան Ալիեւան Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած են Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլի հետ:
Հանդիպումէն ետք, Ռուսիոյ պատրիարքը Մեհրիպան Ալիեւային յանձնած է Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Սուրբ առաքելոց հաւասար իշխանուհի Օլկայի` առաջին աստիճանի շքանշանը:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդումով` Ալիեւի կինը «այս շքանշանով պարգեւատրուած է Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլի հրամանագիրով` հասարակութեան մէջ աւանդական արժէքներու պահպանման գործին մէջ ունեցած ներդրումին համար»:
Քիրիլ պատրիարքը Ալիեւի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ Պաքու մեկնելէ առաջ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, եւ վերջինս Ազրպէյճանի ղեկավարին մասին շատ «ջերմ ու ճիշդ» խօսքեր ըսած է` խնդրելով փոխանցել Համաշխարհային Բ. պատերազմի 80-ամեակին առիթով Մոսկուա այցելելու հրաւէրը:
Նշենք, որ Ռուսիոյ պատրիարքը Ալիեւի կինը դեկտեմբեր 2017-ի վերջաւորութեան Սուրբ առաքելոց հաւասար իշխանուհի Օլկայի 2-րդ կարգի շքանշանով պարգեւատրած էր Մոսկուայի մէջ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ «Քրիստոս Փրկիչ» մայր տաճարին մէջ:
Ազրպէյճանի առաջին տիկինը օրին այդ պարգեւին արժանացած էր «Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ ցուցաբերած աջակցութեան եւ ռուս-ազրպէյճանական բարեկամութեան նպաստելուն համար»: