Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հռոմի Մէջ Այսօր Նախատեսուած Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւնները Յետաձգուած Են

May 3, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ 3 մայիսին նախատեսուած բանակցութիւնները յետաձգուած են: Այս մասին յայտարարեց Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պուսայիտի:

Հանդիպումի նոր թուականը պիտի յայտարարուի, երբ կողմերը համաձայնութիւն գոյացնեն: Յետաձգման պատճառները թեքնիք խնդիրներն են:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի իր կարգին նշեց. «Օմանցի եւ ամերիկացի զրուցակիցներու հետ որոշեցինք գումակային եւ թեքնիք պատճառներով յետաձգել բանակցութիւններու 4-րդ փուլը»:

«Իրանի կողմէն բանակցութեան ճամբով լուծումի հասնելու մեր վճռակամութենէն ոչինչ փոխուած է», աւելցուց ան` շեշտելով. «Աւելի քան երբեւէ վճռակամ ենք հասնելու արդար եւ հաւասարակշռուած համաձայնութեան մը, որ կ՛երաշխաւորէ պատժամիջոցներուն վերջ տալը եւ վստահութիւն կը ստեղծէ, թէ իրանեան հիւլէական ծրագիրը յաւիտեանս խաղաղասիրական պիտի մնայ` ամբողջովին երաշխաւորելու իրանեան իրաւունքներու յարգումը», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Ռոյթըրզ» 1 մայիսին հաղորդեց, թէ լաւատեղեակ աղբիւր մը յայտնած է. «Ուաշինկթըն շաբաթ օր Հռոմի մէջ Իրանի հետ բանակցութիւններու 4-րդ փուլին իր մասնակցութիւնը բնաւ չհաստատեց, եւ յաջորդ փուլին թուականը տակաւին չճշդուեցաւ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի 30 ապրիլին յայտնած էր. «Ամերիկայի հետ անուղղակի բանակցութիւններուն փուլը տեղի պիտի ունենայ 3 մայիսին, Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ` Օմանի մէջ յայտարարածիս հիմամբ»:

«Բանակցութիւններու ընթացքին ամերիկեան նոր պատժամիջոցներու հաստատումը ժխտական պատգամ կը յղէ», նշած էր Արաղչի:

«Հակառակորդ կողմերուն բանակցութիւններուն ընթացքին սադրիչ քայլեր կատարելը կրնայ անոնց լրջութեան նկատմամբ կասկածներ յառաջացնել», աւելցուցած էր ան:

 

Նախորդը

Ուոլց Հեռացուեցաւ Ազգային Անվտանգութեան Խորհրդատու Պաշտօնէն

Յաջորդը

Ժարամանա Քաղաքին Շուրջ Համաձայնութիւն

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.