Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկեց Միջին Արեւելքի մէջ կացութեան զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Այս մասին հաղորդեց Քրեմլինը` աւելցնելով, որ երկու ղեկավարները զիրար շնորհաւորած են նացիականութեան վրայ յաղթանակի 80-ամեակին առիթով:
Անոնք վճռակամութիւն յայտնած են պաշտպանելու Համաշխարհային Բ. պատերազմի պատմական դէպքերու ճշմարտութիւնը եւ դէմ դնելու անոր արդիւնքը աղաւաղելու փորձերուն: Անոնք նաեւ շեշտած են Կարմիր բանակի եւ ամբողջ խորհրդային ժողովուրդի նացիականութեան պարտութեան մէջ վճռորոշ դերակատարութիւնը:
Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը եւս Քրեմլինի համահունչ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը նկատեցին «հազուադէպ»` նշելով, որ անիկա երկու ղեկավարներուն միջեւ դեկտեմբեր 2023-էն ի վեր առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնն էր:


