Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վաղը Սիսթինեան Մատուռի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Փակարանը

May 6, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7 մայիսին Վատիկանի Սիսթինեան մատուռին մէջ ընթացք պիտի առնէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ փակարանը` նոր եպիսկոպոսապետի ընտրութեան ժողովը, որ պիտի ըլլայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ մեծագոյնը:

Արդարեւ, 133 կարտինալներ պիտի մասնակցին նոր պապի ընտրութեան, ինչ որ աւելի շատ է, քան 2005 եւ 2013 թուականներու ընտրութեան 115 կարտինալներու մասնակցութեամբ արձանագրուած մրցանիշը:

Ասիկա նաեւ պիտի ըլլայ առաջին անգամը, որ փակարանի մը մասնակիցներուն թիւը աւելի պիտի ըլլայ, քան 120-ը` 1996 թուականին Յովհաննէս Պետրոս Բ. պապի կողմէ ճշդուած նշաձողը:

Վատիկանը նախապէս յայտարարած էր, թէ 135 կարտինալներ պիտի մասնակցին փակարանին, սակայն նուազ քան 80 տարեկան եղող, ուստի եւ ըստ կանոնադրութեան քուէարկութեան իրաւունք ունեցող կարտինալներէն երկուքը` սպանացի կարտինալ Անթոնիօ Գանիզարեսն ու քենիացի կարտինալ Ճոն Նիուէն առողջական պատճառներով պիտի չկարենան ժողովին մասնակցիլ: Պապ ընտրուելու համար թեկնածու մը պէտք է ապահովէ քուէներուն երկու երրորդը: Մասնակիցներու թիւին նուազումով պապ ընտրուելու համար անհրաժեշտ քուէներուն թիւը 90-էն կը նուազի 89-ի:

Սիսթինեան մատուռին մէջ արդէն տեղադրուած է ծխնելոյզը, ուրկէ ծուխ դուրս պիտի գայ` ցոյց տալու համար քուէարկութեան արդիւնքը. եթէ ծուխը սեւ ըլլայ, կը նշանակէ, թէ պապը տակաւին չէ ընտրուած, իսկ սպիտակը ցոյց կու տայ, թէ թեկնածուներէն մէկը ապահոված է քուէարկելու իրաւասութիւն ունեցող կարտինալներու երկու երրորդին քուէները եւ ընտրուած պապ:

18 տարիներ Վատիկանի մօտ իբրեւ բարձրաստիճան պաշտօնատար ծառայած Արիել Պերամենտի «Տը Կարտիըն» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը նշէ. «Կարգ մը դէտեր եւ նախկին պաշտօնակիցներ, որոնց հետ զրուցեցի, կը հաւատան, թէ ասիկա յատուկ կերպով դժուար փակարան մը պիտի ըլլայ, նկատի ունենալով անոր չափը` 133 ընտրողներ, ի տարբերութիւն վերջին ընտրութեան 177 քուէարկողներուն, եւ կարտինալներէն շատերը զիրար չեն ճանչնար(…): Ուրիշներ կ՛ըսեն, թէ ընտրողները պիտի փորձեն մէկ շաբաթէն նուազ ժամանակի մէջ որոշումի հասնիլ` եկեղեցւոյ մասնատուած ըլլալու երեւոյթէն խուսափելու համար»:

Յօդուածագիրը կը նշէ, թէ ճիշդ է, որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ յառաջդիմական եւ պահպանողական հոսանքներ կան, սակայն նաեւ չափաւորական հոսանք մը գոյութիւն ունի: Յառաջդիմական թեւի ներկայացուցիչներէն են իտալացի կարտինալ Մաթէօ Զուփին եւ գերմանացի կարտինալ Ռայնհարտ Մարքսը: Պահպանողական թեւի ներկայացուցիչներէն են հունգար կարտինալ Փեթեր Էրտոն եւ քոնկոցի կարտինալ Ֆրիտոլին Ամպոնկոն, իսկ չափաւորական թեւի ներկայացուցիչներէն են ամերիկացի կարտինալ Ռապըրթ Ֆրանսիս Փրեվըսթը եւ ֆրանսացի կարտինալ Ժան-Մարք Աւելինը:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլի Նախարարաց Սեղմ Խորհուրդը Միաձայնութեամբ Որոշեց Ընդլայնել Կազայի Մէջ Զինուորական Գործողութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.