Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յետաձգեց Ազրպէյճան կատարելիք այցելութիւնը` շարք մը պատճառներով, ներառեալ Կազայի եւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Նեթանիահուի գրասենեակը:
Իսրայէլի վարչապետը պէտք էր Պաքու այցելէր 7-11 մայիսին: Վարչապետի գրասենեակը հաղորդեց, որ «Կազայի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու լոյսին տակ», ինչպէս նաեւ «քաղաքական եւ անվտանգութեան քայլերու խիստ ժամանակացոյցին պատճառով», այցելութիւնը յետաձգուած է, առանց նշելու, թէ մինչեւ երբ:
Իսրայէլ շաբաթ գիշեր քանի մը հարուածներ հասցուց Սուրիոյ: Ըստ հաղորդումներու, թիրախաւորուած են զինուորական պահեստներ եւ հրթիռային կայանքներու ենթակառոյցներ: Իսրայէլ մէկ օր առաջ ալ յարձակում գործած էր Սուրիոյ նախագահական պալատի մերձակայքին վրայ: Արձանագրուած էր զոհ մը:
Իսրայէլի վարչապետը յայտարարած էր, թէ յարձակումներուն նպատակը վերջին օրերուն Սուրիոյ մէջ յարձակումներու ենթարկուած տիւրզի համայնքին աջակցիլն է: