Միջազգային

«Ռուսիա-Ուքրանիա Հակամարտութեան Լուծման Առաջին Եւ Անհրաժեշտ Քայլը Անկէ Իւրաքանչիւրին Ստիպելն Է, Որ Խաղաղութեան Առաջարկ Կատարեն», Կ՛ըսէ Վենս

«Ռուսիա-Ուքրանիա Հակամարտութեան Լուծման Առաջին Եւ Անհրաժեշտ Քայլը Անկէ Իւրաքանչիւրին Ստիպելն Է, Որ Խաղաղութեան Առաջարկ Կատարեն», Կ՛ըսէ Վենս

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պիտի ուզէր ռուս-ուքրանական տագնապին գտնել երկարաժամկէտ լուծում, որ երկու կողմերէն շաբաթական 5000 մարդու մահուան չի յանգեցներ: Այս մասին «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս: «Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապի լուծման առաջին եւ անհրաժեշտ քայլը անոնցմէ իւրաքանչիւրին ստիպելն է, որ խաղաղութեան առաջարկ կատարեն: Եւ ատիկա իրականութեան մէջ տեղի ունեցաւ: Ուքրանացիները ըսին. «Ասիկա...

Դամասկոսի Գիւղական Շրջանի Սահնայայի Էշրեֆիէ Շրջանին Մէջ Բախումներ

Երէկ արշալոյսին Դամասկոսի գիւղական շրջանի Սահնայայի Էշրեֆիէ շրջանին մէջ բախումներ վերսկսան: Կը հաղորդուի, որ բախումներու ընթացքին արձանագրուած են զոհեր: Համացանցի վրայ տարածուեցան տեսերիզներ, որոնց մէջ շրջանին մէջ թեթեւ եւ միջին զէնքերով բախումներ կ՛երեւին: Սուրիոյ առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը յայտարարեց. «Ապօրինի խմբաւորումներու քաղաքայիններու եւ ապահովական ուժերու թիրախաւորման հետեւանքով Էշրեֆիէի մէջ արձանագրուած են 11 զոհեր եւ «շարք մը վիրաւորներ»: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը...

Ռուպիօ. «Հարաւային Կովկասի Մէջ  Որեւէ Մագլցում Անընդունելի Է»

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Իրենց Միջնորդութեան Վերջ Պիտի Տան, Եթէ Ռուսիան Եւ Ուքրանիան Տագնապին Վերջ Տալու Շօշափելի Առաջարկներ Չներկայացնեն»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ զգուշացուց. «Միացեալ Նահանգներ իրենց միջնորդութեան վերջ պիտի տան, եթէ Ռուսիան եւ Ուքրանիան տագնապին վերջ տալու շօշափելի առաջարկներ չներկայացնեն»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս իր կարգին լրագրողներուն յայտնեց. «Մենք ներկայիս կը գտնուինք փուլի մը մէջ, որ կողմերէն կը պահանջէ այս տագնապին վերջ տալու առաջարկներ ներկայացնել: Եթէ յառաջընթաց չարձանագրուի, ետդարձ պիտի կատարենք...

Իսրայէլեան Բանակը Յարձակում Գործեց  Ծայրայեղական Խմբակի Մը Վրայ, Որ Կը Պատրաստուէր  Սուրիոյ Սահնայա Շրջանին Մէջ Տիւրզիներու Վրայ Յարձակում Գործելու

Իսրայէլեան Բանակը Յարձակում Գործեց Ծայրայեղական Խմբակի Մը Վրայ, Որ Կը Պատրաստուէր Սուրիոյ Սահնայա Շրջանին Մէջ Տիւրզիներու Վրայ Յարձակում Գործելու

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին. «Իսրայէլեան բանակը զգուշացման գործողութիւն մը եւ յարձակում գործեց ծայրայեղական խմբակի մը վրայ, որ կը պատրաստուէր Սուրիոյ Սահնայա շրջանին մէջ տիւրզիներու վրայ յարձակում գործելու»: «Սուրիական վարչակազմին յղեցինք պատգամ մը, թէ Իսրայէլ իրմէ կը սպասէ տիւրզիներուն վնաս հասցնելը արգիլելու քայլ կատարել», շեշտեցին անոնք: Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ...

Թրամփ. «Հռոմի Պապ  Դառնալուս Դէմ Չէի Ըլլար»

Թրամփ. «Հռոմի Պապ Դառնալուս Դէմ Չէի Ըլլար»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ` պատասխանելով լրագրողներու հարցումին, թէ արդեօք ինք կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովուապետի նախընտրած թեկնածու ունի՞, կատակելով ըսած է. «Հռոմի պապ դառնալուս դէմ չէի ըլլար»: «Իմ առաջին ընտրութիւնս ես պիտի ըլլայի: Իրականութեան մէջ, սակայն, ես որեւէ նախընտրած թեկնածու չունիմ», նշած է Թրամփ: Հռոմի նոր պապի ընտրութիւնը պիտի սկսի 7 մայիսին:  

Արաղչի. «Ճնշումի Եւ Սպառնալիքի Տակ  Պիտի Չբանակցինք, Եւ Բանակցութիւնը  Բռնածաղրէն Ու Ցուցմունքներու  Պարտադրումէն Տարբեր Է»

Արաղչի. «Ամերիկայի Հետ Բանակցութիւններու Յաջորդ Փուլը 3 Մայիսին Հռոմի Մէջ Պիտի Ըլլայ, Իսկ 2 Մայիսին Եւրոպական Եռեակին Հետ Ժողով Մը Պիտի Գումարենք»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Ամերիկայի հետ անուղղակի բանակցութիւններուն փուլը տեղի պիտի ունենայ 3 մայիսին Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ` Օմանի մէջ յայտարարածիս հիմամբ»: «Ուրբաթ, 2 մայիսին եւրոպական եռեակին հետ ժողով մը պիտի գումարենք», ըսաւ Արաղչի` ակնարկելով Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ: «Բանակցութիւններու ընթացքին ամերիկեան նոր պատժամիջոցներու հաստատումը ժխտական պատգամ կը յղէ», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը: «Հակառակորդ կողմերուն բանակցութիւններուն ընթացքին...

Թրամփ. «Փութինի Հետ Աւելի Դիւրին Է  Գործ Ունենալ, Քան Զելենսքիի»

Թրամփ. «Փութինի Հետ Աւելի Դիւրին Է Գործ Ունենալ, Քան Զելենսքիի»

Փութինի հետ աւելի դիւրին է գործ ունենալ, քան Զելենսքիի: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: «Յոյսով եմ, որ Զելենսքին խաղաղութիւն պիտի կնքէ: Կը կարծեմ, որ Փութինը հիմա պատրաստ է համաձայնութիւններու: Առայժմ անոր հետ աւելի դիւրին է, քան Զելենսքիի հետ: Զելենսքին յաղթաթուղթեր չունի, եւ ան աւելին ու աւելին կը խնդրէ», ըսած է Թրամփ: Սպիտակ տան ղեկավարը «Տը Աթլանթիք»-ի...

Լաւրով. «Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու Հետ  Յարաբերութիւնները Պիտի Զարգացնէ  Ոչ Ի Վնաս Իր Գործընկերներուն»

Լաւրով. «Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները Պիտի Զարգացնէ Ոչ Ի Վնաս Իր Գործընկերներուն»

Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութիւնները պիտի զարգացնէ ոչ ի վնաս իր գործընկերներուն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Բոլորը մօտ օրէն պիտի տեսնեն, որ Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգները փոխադարձ հետաքրքրութիւն ունին կառուցողական երկխօսութեան նկատմամբ: «Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը կը շարունակեն տարբեր ոլորտներու մէջ հաղորդակցութիւնները, կողմերը կը փորձեն հասնիլ շահերու հաւասարակշռութեան»,...

Հունգարիոյ Խորհրդարանը Հաստատած Է Միջազգային  Քրէական Դատարանէն Դուրս Գալու Որոշումը

Հունգարիոյ Խորհրդարանը Հաստատած Է Միջազգային Քրէական Դատարանէն Դուրս Գալու Որոշումը

Հունգարիոյ խորհրդարանը հաստատած է Միջազգային քրէական դատարանէն դուրս գալու որոշումը: «Այս որոշումով մենք կը հրաժարինք ըլլալ քաղաքականացած հաստատութեան մաս, որ կորսնցուցած է անաչառութիւնն ու հեղինակութիւնը», «Էքս»-ի վրայ գրած է Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիյարթօ: Հունգարիոյ կառավարութիւնը որոշումին մասին յայտարարած էր այս ամսուան սկիզբը, երբ Պուտափեշտ հասած էր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, որուն ձերբակալելու հրաման տուած է Միջազգային քրէական դատարանը:...

Վենս. «Ուքրանիան Պիտի Չկարենայ Իր Տարածքը  Վերադարձնել, Եթէ Պատերազմը Յաւելեալ Քանի Մը Տարի Տեւէ»

Վենս. «Ուքրանիան Պիտի Չկարենայ Իր Տարածքը Վերադարձնել, Եթէ Պատերազմը Յաւելեալ Քանի Մը Տարի Տեւէ»

Ուքրանիան պիտի չկարենայ իր տարածքը վերադարձնել, եթէ պատերազմը յաւելեալ քանի մը տարի տեւէ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը նշած է, որ երկարատեւ պատերազմը կրնայ յանգեցնել ժողովրդագրական փլուզման, հիւլէական հարուածի եւ Ուքրանիոյ համար անդառնալի կորուստներու: Վենս նաեւ ըսած է, որ Սպիտակ տունը զգալի յառաջընթաց արձանագրած է Ուքրանիոյ...

Ժարամանայի Մէջ Վտանգաւոր Զարգացում

Ժարամանայի Մէջ Վտանգաւոր Զարգացում

Ժարամանայի մէջ տիւրզիներու կրօնական հեղինակութիւնը դատապարտեց «անոնց (իշխանութիւններուն) պատկանող ապահովական մարմիններու անդամներու եւ զինեալներու միջեւ համայնքային բնոյթի լարուածութեան պատճառով բախումներու ընթացքին անոնցմէ չորս զինեալներու սպանութենէն ետք, Դամասկոսի մօտ գտնուող քաղաքին վրայ անարդարանալի զինեալ յարձակումը»: Տիւրզի համայնքի կրօնական մարմինը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Բուռն կերպով կը դատապարտենք եւ կը քննադատենք Ժարամանա քաղաքին վրայ անարդարանալի զինեալ յարձակումը, որուն ընթացքին տարբեր տեսակի զէնքեր...

Ալիեւ. «Արաքսի Միջանցքի Նախագիծին  Շուրջ Կան Անհիմն Ենթադրութիւններ»

Ալիեւ. «Արաքսի Միջանցքի Նախագիծին Շուրջ Կան Անհիմն Ենթադրութիւններ»

«Արաքսի միջանցքի նախագիծին շուրջ կան տարբեր ենթադրութիւններ», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: «Իրականութեան մէջ, ատոր համար որեւէ հիմք չկայ: Սա պարզապէս նոր փոխադրական նախագիծ է, որ Իրանի միջոցով Ազրպէյճանի հիմնական մասը կը կապէ Նախիջեւանին: Միեւնոյն ժամանակ, անիկա պիտի բանայ տարանցիկ մեծ կարելիութիւններ», ըսած է ան` Պաքուի մէջ կայացած ազրպէյճանական-իրանական գործարարական հաւաքի ընթացքին: Ալիեւ նաեւ իրանական ընկերութիւնները հրաւիրած է մասնակցելու...

«Թրումըն» Օդանաւակիրին Վրայ Գտնուող  «Էֆ18» Մը Կարմիր Ծով Ինկաւ

«Թրումըն» Օդանաւակիրին Վրայ Գտնուող «Էֆ18» Մը Կարմիր Ծով Ինկաւ

Միացեալ Նահանգներու ծովուժը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իր «Էֆ-18 Սուփըր Հոռնեթ» տիպի կործանիչներէն մէկը «Հարի Թրումըն» օդանաւակիրին վրայէն Կարմիր ծով ինկած է: Ամերիկացի պաշտօնատար մը նշեց, որ նախնական տուեալներուն համաձայն, օդանաւակիրը սուր շրջադարձ մը կատարած է` խուսափելու համար հուսիներու կրակոցներէն, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ կործանիչը եւ զայն քաշող մեքենան իյնան ծովը: Անոր անձնակազմը յայտնաբերուած է, եւ նաւաստի...

Քառնի Քանատայի Վարչապետ Ընտրուեցաւ  Եւ Կոչ Ուղղեց Թրամփի Վարչակազմին Նկատմամբ  Խիստ Դիրքորոշում Որդեգրելու

Քառնի Քանատայի Վարչապետ Ընտրուեցաւ Եւ Կոչ Ուղղեց Թրամփի Վարչակազմին Նկատմամբ Խիստ Դիրքորոշում Որդեգրելու

Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնիի ղեկավարած Ազատական կուսակցութիւնը երկրին մէջ կատարուած ընդհանուր ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելով պահպանեց իշխանութիւնը, սակայն ձախողեցաւ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ապահովել, բան մը, որուն կը ձգտէր: «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ այս մասին ցոյց կու տան ընտրութիւններուն յայտարարուած նախնական արդիւնքները: Ազատական կուսակցութիւնը ապահոված է խորհրդարանի մէջ 167 աթոռներ, իսկ պահպանողական կուսակցութիւնը` 145: Ազատականները խորհրդարանի 343 աթոռներէն 172-ին պէտք ունին` առանց...

Անդրադառնալով Իր Պաքու Այցելութեան`  Փեզեշքեան. «Այս Ճամբորդութիւնը Վստահութեան  Ամրապնդման Եւ Համապարփակ Համագործակցութեան  Նոր Հորիզոններ Բանալու Նախերգանք Է»

Անդրադառնալով Իր Պաքու Այցելութեան` Փեզեշքեան. «Այս Ճամբորդութիւնը Վստահութեան Ամրապնդման Եւ Համապարփակ Համագործակցութեան Նոր Հորիզոններ Բանալու Նախերգանք Է»

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան ներկայացուցած է Ազրպէյճան իր կատարած այցելութենէն ստացած տպաւորութիւնները եւ շնորհակալութիւն յայտնած Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին: Իրանի նախագահը «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնած է. «Երէկ Պաքուի մէջ մենք իմ սիրելի եղբօր` Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ համաձայնութիւններ ձեռք բերինք եւ փաստաթուղթեր ստորագրեցինք: «Այս ճամբորդութիւնը վստահութեան ամրապնդման եւ գիտական, տնտեսական, մշակութային եւ պաշտպանական համապարփակ համագործակցութեան...

Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»

Թրամփ. «Իրանի Հետ Հարցերը Լաւ Կ՛ընթանան, Եւ Մօտ Օրէն Համաձայնութիւն Պիտի Գոյանայ, Առանց Ռումբերու Օգտագործման Կարիք Ըլլալու»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ Իրանի հետ հարցերը լաւ կ՛ընթանան` նշելով, որ մօտ օրէն համաձայնութիւն պիտի գոյանայ: Այս մասին հաղորդեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: «Աքսիոս» իր կարգին հաղորդեց, որ Թրամփ ըսած է, թէ Իրանի հետ լաւ յառաջընթաց գոյութիւն ունի, եւ գործարք պիտի կնքուի առանց ռումբերու օգտագործման կարիք ըլլալու: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Թրամփ յայտնած է, որ Ռուսիոյ...

Լաւրով-Ռուպիօ Հեռաձայնային Զրոյց

Լաւրով-Ռուպիօ Հեռաձայնային Զրոյց

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը: Կողմերը շարունակած են կարծիքներու արդիւնաւէտ փոխանակումը ռուս-ամերիկեան աշխուժ քաղաքական երկխօսութեան հիմնական երեւոյթներուն վերաբերեալ: Լաւրով եւ Ռուպիօ քննարկած են ուքրանական տագնապը: Անոնք նաեւ նշած են բանակցութիւններու նախադրեալներու համախմբման կարեւորութիւնը` Ուքրանիոյ մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան ճամբան...

Նեթանիահուն Ալիեւին Ուղերձ Յղած Է

Նեթանիահու 8 Մայիսին Պիտի Այցելէ Պաքու, Ուր Աւելի Ուշ Պիտի Այցելէ Էրտողան Եւս

Իսրայէլեան «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու 8 մայիսին պիտի այցելէ Պաքու: Ան այդ օր բանակցութիւններ պիտի վարէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ հանդիպում ունենայ հրէական համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: Այցելութիւնը նոյն օրը պիտի աւարտի: Իսրայէլի վարչապետի այցելութենէն ետք, մայիսին կը սպասուի նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Պաքու այցելութիւնը: Պաշտօնապէս երկու այցելութիւններուն միջեւ կապ չկայ:...

Թուրքիան Պատրաստ Է Փութին-Թրամփ Հանդիպումը Հիւրընկալելու, Եթէ Կողմերը Համաձայն Ըլլան

Թուրքիան Պատրաստ Է Փութին-Թրամփ Հանդիպումը Հիւրընկալելու, Եթէ Կողմերը Համաձայն Ըլլան

Թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը երէկ յայտարարած է, թէ Անգարան պատրաստ է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հաւանական հանդիպում մը հիւրընկալելու, եթէ կողմերը համաձայն ըլլան: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք»-ի արաբական ծառայութիւնը: Աղբիւրը «Սփութնիք»-ին յայտնած է. «Կը կարծեմ, որ կարելի է այդպիսի ժողով մը դասաւորել, եթէ կողմերը պատրաստ եւ համաձայն ըլլան: Թուրքիան իրապէս ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններ հիւրընկալելու...

Լաւրով. «Ռուսիան Տակաւին Ուքրանիոյ Շուրջ  Բանակցութիւններուն Նկատմամբ Դրական  Տրամադրուած Է, Սակայն Գնդակը Մեր Դաշտը Չէ»

Լաւրով. «Ռուսիան Տակաւին Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւններուն Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է, Սակայն Գնդակը Մեր Դաշտը Չէ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց. «Ռուսիան տակաւին Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւններուն նկատմամբ դրական տրամադրուած է, սակայն գնդակը Մոսկուայի դաշտը չէ»` աւելցնելով. «Քիեւը տակաւին բանակցելու իր կարողութիւնը չապացուցեց: Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել ուքրանական զինեալ ուժերու հիւլէական կառոյցներու դէմ հարուածները 30 օրով դադրեցումը (18 մարտէն 17 ապրիլ) կամ Զատկուան 30 ժամուան զինադադարը (19 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:00-էն 21 ապրիլի կէս գիշերուան ժամը...

Page 93 of 882 1 … 92 93 94 … 882

Արխիւներ