Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հիւսիսային Կիպրոսէն Թուրքիա վերադարձի ընթացքին յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի քայլերը խաղաղութեան սպառնալիք են»: Այս մասին հաղորդեց «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ն:
Էրտողան ըսաւ, որ Իսրայէլ կայունութիւն եւ հանդարտութիւն չ՛ուզեր, այլ արիւնահեղութենէն ու քաոսէն կ՛օգտուի:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ նշեց. «Աշխարհը Իսրայէլէն մեծ է, եւ պէտք է մեծութեամբ օժտուի, այս ճգնաժամին հետ գործ ունենալու եւ Իսրայէլի բռնկեցնել փորձած այս կրակը դադրեցնելու համար»:
«Իսրայէլ չի տատամսիր շրջանին մէջ պատերազմներ հրահրելէ, եւ շրջանին մէջ Թուրքիոյ ուժէն նեղութիւն կը զգայ», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Մենք պիտի չարտօնենք, որ Սուրիան նոր տագնապներու մէջ ներքաշուի»:
«Բոլորը պէտք է միասնաբար աշխատին կառուցելու համար նոր Սուրիա մը, որ հիմնուած է անոր տարածքային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան վրայ», ըսաւ Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը եզրափակեց յայտնելով, որ Անգարան մօտէն կը հետեւի «որեւէ հաւանական քայլի, որ Իսրայէլ կրնայ Թուրքիոյ դէմ առնել կամ անոր կը ծրագրէ»:


