Հարաւային Կովկասի մէջ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի որեւէ գործողութիւն ուղղուած է այդ շրջանին մէջ անկայունութեան գօտի ստեղծելուն: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Ապրիլ 28-էն Վրաստանի մէջ տեղի կ՛ունենան ՕԹԱՆ-ի մասնակցութեամբ հերթական հրամանատարաշտապային ռազմափորձեր: Ըստ տեղեկութիւններու, ռազմափորձերուն կը մասնակցին զինուորական պլոքի գործընկեր 17 երկիրներ, ներառեալ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը: Այսպիսով, դաշինքը կը շարունակէ Հարաւային Կովկասի հանրապետութիւնները իր ազդեցութեան ուղեծիր ներքաշելու ընթացքը», յայտարարած է Զախարովա:
Ան նշած է. «Իբրեւ կանոն, գործակցութեան նման ձեւաչափերու միջոցով է, որ ՕԹԱՆ-ը շրջանային ուժերուն կը պարտադրէ իր չափանիշերն ու գաղափարախօսութիւնը, պայմաններ կը ստեղծէ պաշտպանական համալիրի վերափոխման, զինեալ ուժերու զարգացման եւ արտաքին քաղաքականութեան հոլովոյթի նկատմամբ վերահսկողութիւն սահմանելու համար»:
«Ոչ ոք պէտք է պատրանքներ ունենայ: Հիւսիսատլանտեան դաշինքի որեւէ գործողութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ ուղղուած չէ անվտանգութեան ամրապնդման, այլ այնտեղ անկայունութեան եւ ռազմաքաղաքական լարուածութեան գօտի ստեղծելուն», ընդգծած է Զախարովա:
Ան յոյս յայտնած է, որ վերոնշեալ հանրապետութիւնները «վճռական մօտեցում կը ցուցաբերեն նման քայլերուն մասնակցելու հարցին մէջ»:


