Օմանի Մէջ Աւելի Քան 3 Ժամ Տեւողութեամբ Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւններ
Երէկ Օմանի մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ տեղի ունեցաւ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու 4-րդ փուլը, որ աւելի քան 3 ժամ տեւեց: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաշայի անուղղակի բանակցութիւններու աւարտին յայտնեց. «Բանակցութիւնները դժուար էին, սակայն օգտակար` հասկնալու համար դիրքորոշումները, եւ տարակարծութիւնները լուծելու իրատեսական ուղիներ գտնելու համար»: Ան աւելցուց, որ Օմանի իշխանութիւնները պիտի ստանձնեն յաջորդ փուլը համակարգելու եւ զայն յայտարարելու պարտականութիւնը: Ամերիկացի բարձրաստիճան...




















