Երէկ Վատիկանի Սիսթինեան մատուռին մէջ ընթացք առաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր եպիսկոպոսապետին` պապի ընտրութեան քուէարկութիւնը, որ կ՛ընթանայ փակ դռներու ետին, խիստ գաղտնիութեան պայմաններու մէջ, եւ կրնայ օրեր տեւել:
Փակարանի ընթացքին կարտինալներուն կ՛արգիլուի որեւէ կապ ունենալ արտաքին աշխարհին հետ:
Ամէն օր նախատեսուած է չորս քուէարկութիւն` երկուքը առաւօտեան եւ երկուքը` կէսօրէ ետք: Բացառութիւն է միայն առաջին օրը, երբ մէկ քուէարկութիւն տեղի կ՛ունենայ: Յաջորդ օրերուն տեղի կ՛ունենան չորս քուէարկութիւններ: Քուէաթղթիկները կ՛այրուին երկու անգամ` երկրորդ եւ չորրորդ քուէարկութենէն ետք` բացառութեամբ այն պարագային, երբ նոր պապը կ՛ընտրուի առաջին կամ երրորդ քուէարկութեան ընթացքին:
Քուէարկութեան աւարտի մասին կը յայտարարուի մատուռի ծխնելոյզէն բարձրացող ծուխի միջոցով: Եթէ անիկա սեւ ըլլայ, կը նշանակէ, թէ պապը տակաւին չէ ընտրուած, իսկ եթէ սպիտակ ըլլայ, ապա` ընտրուած է:


