Եւրոպական Միութիւնն Ու Թուրքիան Որոշած Են Տնտեսական Երկխօսութեան Սկսիլ
Ria.ru կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Վոլքան Պոզքըր Պրիւքսէլի մէջ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան համարկման խորհուրդի նիստի շրջագիծին մէջ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնն ու Թուրքիան որոշած են տնտեսական երկխօսութեան սկսիլ: «Տնտեսական յարաբերութիւնները մեր հասարակաց շահերէն կը բխին: Այդ պատճառով մենք որոշած ենք տնտեսական երկխօսութեան սկսիլ», ըսած է ան: Եւրոպական խորհուրդի Դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննես...




















