Ֆրանչիսկոս պապը Վատիկանի Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ կրօնական արարողութեան մը ընթացքին պաղեստինցի երկու կրօնաւորուհիներ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայէն եւ Իտալիայէն մէկական կրօնաւորուհիներ սրբադասեց: Սրբադասման արարողութեան ներկայ էր Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս եւ շուրջ 5 հազար պաղեստինցիներ:
Վատիկանէն պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ մինչ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն դէմ հալածանք ու խտրականութիւն գոյութիւն ունի եւ ատոր պատճառով բազմաթիւ քրիստոնեաներ հեռացած են շրջանէն` պաղեստինցի երկու կրօնաւորուհիներուն սրբադասումը Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն յոյս ներշնչելու եւ զանոնք քաջալերելու կը ծառայէ:
Ներկաները պաղեստինեան դրօշներ բարձրացուցած էին: Նշենք, որ քանի մը օր առաջ Վատիկան յայտարարած էր, որ Պաղեստինը պաշտօնապէս իբրեւ պետութիւն ճանչնալու համաձայնագիր մը կը բանաձեւուի, ինչպէս նաեւ ստորագրուած է Պաղեստինի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կարգավիճակը ներառող հարցերու շուրջ համաձայնագիր մը:
Ասիկա 2012-ին Պաղեստինի` ՄԱԿ-ի ոչ անդամ դէտի կարգավիճակ ստանալէն ետք երկու կողմերուն միջեւ ստորագրուած առաջին համաձայնագիրն է, որ Վատիկանի կողմէ Պաղեստինի` իբրեւ անկախ պետութիւն ճանաչումը կը հաստատէ: