«Միջերկրական Շրջանին Մէջ Մեր Վերահսկողութիւնը Վերականգնեցինք» Կը Յայտարարէ Տումայի Փոխնախագահը
Սերկէյ Ժելեզնիաք Տումայի փոխնախագահ Սերկէյ Ժելեզնիաք Տումայի ընդհանուր նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսիա վերատիրացաւ Միջերկրականի շրջանին: Ան նշեց, որ Սեւ ծովու ռուսական նաւատորմիղին յաւելեալ մարտանաւեր պիտի միանան: Ժելեզնիաք յայտնեց, որ տարատեսակ աւելի քան 50 մարտանաւեր եւ նոր տիպի 6 սուզանաւեր 2016-ի աւարտէն առաջ, ռուսական ծովուժը արդիականացնելու ծրագիրին ծիրին մէջ, պիտի միանան Սեւ ծովու նաւատորմիղին: Տումայի փոխնախագահը նկատել տուաւ, որ Սեւ...



















