Միջազգային

ՏԱՀԵՇ-ի Դրօշները Յայտնուած Են  Փալմիրի Հնագիտական Համալիրին Մէջ

ՏԱՀԵՇ-ի Դրօշները Յայտնուած Են Փալմիրի Հնագիտական Համալիրին Մէջ

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ Թատմոր քաղաքը ամբողջութեամբ գրաւելէ ետք մուտք գործած է Փալմիրի հնագիտական համալիր: ԹԱՍՍ կը գրէ, որ խմբաւորման դրօշները արդէն յայտնուած են համալիրին վրայ, ուր կը գտնուին բացառիկ հնագոյն աւերակներ: Մինչեւ օրս պահպանուած հռոմէական փողոցներու, յայտնի կամարի եւ սիւնաշարերու, ամփիթատրոնի, Ժիւփիթերի տաճարի ոչնչացման վտանգը արդէն իսկ իրականութիւն դարձած է: Հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Սուրիոյ բանակը...

Էրտողան. «Ինծի Համար Եգիպտոսի Նախագահը  Մուրսին Է Եւ Ոչ Թէ Յեղաշրջումի Հեղինակ Սիսին»

Էրտողան. «Ինծի Համար Եգիպտոսի Նախագահը Մուրսին Է Եւ Ոչ Թէ Յեղաշրջումի Հեղինակ Սիսին»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց.«Ինծի համար Եգիպտոսի նախագահը Մոհամետ Մուրսին է եւ ոչ թէ յեղաշրջումի հեղինակ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին»: Ան դժգոհութիւն յայտնեց «Եգիպտոսի առաջին ընտրեալ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի եւ Իսլամ եղբայրներու այլ ղեկավարներու թղթածրարին մահապատիժի վճիռի արձակման առ ի պատրաստութիւն միւֆթիին փոխանցուելուն նկատմամբ»: Ան դարձեալ քննադատեց Արեւմուտքը այս հարցին նկատմամբ լուռ մնալուն համար` հարց տալով. «Ո՜վ Եւրոպական Միութեան պետութիւններ,...

2 Յունիսին Իրաքի Եւ Սուրիոյ Շուրջ  Միջազգային Ժողով` Փարիզի Մէջ

2 Յունիսին Իրաքի Եւ Սուրիոյ Շուրջ Միջազգային Ժողով` Փարիզի Մէջ

Սթեֆան Լը Ֆոլ Ֆրանսայի կառավարութեան բանբեր Սթեֆան Լը Ֆոլ երէկ յայտնեց, որ 2 յունիսին Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ Իրաքի եւ Սուրիոյ տագնապներուն շուրջ միջազգային ժողով մը: «Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս նախարարաց խորհուրդի նիստի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Փարիզի մէջ Սուրիոյ եւ Իրաքի ընդհանուր կացութեան շուրջ ժողով մը տեղի պիտի ունենայ», ըսաւ Լը Ֆոլ` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու...

Սուրիոյ Փաստաբաններու Սենտիքան Որոշած Է  Դատական Հայց Ներկայացնել  Էրտողանի Եւ Տաւութօղլուի Դէմ

Սուրիոյ Փաստաբաններու Սենտիքան Որոշած Է Դատական Հայց Ներկայացնել Էրտողանի Եւ Տաւութօղլուի Դէմ

Սուրիոյ փաստաբաններու սենտիքայի ընդհանուր ժողովը որոշեց դատական հայց ներկայացնել Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ` Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական արարքներու իր մեղսակցութեան համար, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի դէմ` վերջերս Սուլէյման շահի դամբարան այցելելով Սուրիոյ գերիշխանութիւնը ոտնահարելուն համար: Սուրիոյ փաստաբաններու սենտիքայի նախագահ Նիզար Սքէյֆ յայտնեց, որ սենտիքան յառաջիկայ օրերուն պիտի ներկայացնէ դատական հայցը` նշելով, որ կարելի է գործակցիլ Թուրքիոյ փաստաբաններու...

Էրտողան Հեռաձայնած Է Խրիմի  Թաթարներու Ղեկավարին

Էրտողան Հեռաձայնած Է Խրիմի Թաթարներու Ղեկավարին

Էրտողան Թրքական «Սէօզճիւ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Խրիմի թաթարներու ղեկավար Մուսթաֆա Ապտուլճեմիլ Քըրըմօղլուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է: Էրտողան Քըրըմօղլուի հեռաձայնած է Խրիմի թաթարներու աքսորի 71-ամեակին առիթով: Ան ընդգծած է, որ մէկ օր առաջ ինք հրապարակած է այդ դէպքերուն կապակցութեամբ գրաւոր հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած է, որ ատիկա պատմութեան սեւ էջերէն մէկն...

Ռիատի Մէջ «Եմէնի Փրկութեան»  Ժողովը Աւարտեցաւ

Ռիատի Մէջ «Եմէնի Փրկութեան» Ժողովը Աւարտեցաւ

Երէկ Ռիատի մէջ «Եմէնի փրկութեան» ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները: Ժողովը կոչ ուղղեց Եմէնի պետութեան վերատիրացման համար յառաջացնելու հոլովոյթ մը, որուն մասնակից ըլլան բոլորը: Ժողովը նաեւ որդեգրեց շարք մը որոշումներ, որոնց շարքին` փրկել Եմէնը եւ պետութեան իշխանութիւնը տարածել եմէնեան բոլոր շրջաններուն վրայ, յարգել ազգային երկխօսութեան որոշումները եւ լուծել հարաւային Եմէնի հարցը, Եմէնի ընկերային կազմուածքը պահպանել եւ արգելք հանդիսանալ, որ անիկա ուղղուի...

Իրաքի Անպար Նահանգը ՏԱՀԵՇ-էն Ազատագրելու  Գործողութիւնը Շղթայազերծուեցաւ

Իրաքի Անպար Նահանգը ՏԱՀԵՇ-էն Ազատագրելու Գործողութիւնը Շղթայազերծուեցաւ

Իրաքի մէջ Ժողովրդային զօրախումբէն բարձրաստիճան աղբիւր մը «Սումարիյա Նիուզ»-ին յայտնեց, որ Անպար նահանգը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու մեծ գործողութիւնը շղթայազերծուած է: «Անպար նահանգը ՏԱՀԵՇ խմբաւորումէն ազատագրելու մեծ գործողութիւն մը շղթայազերծուեցաւ», ըսած է ան` աւելցնելով. «Ազատագրումին աւետիսը պիտի տանք քաղաքացիներուն»: Շիի կամաւորներէ կազմուած Ժողովրդային զօրախումբէն ուժեր հասած էին Անպարի սահման` առ ի պատրաստութիւն Ռամատին ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու գործողութեան: Այդ զօրախումբին մաս կազմող շարք մը...

Ասատ. «Սէուտական Արաբիա Եւ Թուրքիա  Կը Շարունակեն Ահաբեկիչներուն Աջակցիլ»

Ասատ. «Սէուտական Արաբիա Եւ Թուրքիա Կը Շարունակեն Ահաբեկիչներուն Աջակցիլ»

Պաշշար Ասատ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսի մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային յարաբերութեանց հարցով խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայաթիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ շրջանին մէջ դիմադրութեան առանցքը ուժեղ է եւ անոր դէմ դաւադրողները չեն կրնար հարուածել զայն` իրողութիւն մը, որ Սուրիոյ մէջ իրադարձութիւնները ցոյց տուին: Ան նշեց. «Սէուտական Արաբիա եւ Թուրքիա կը շարունակեն աջակցիլ ահաբեկիչներուն, որոնք ամէնէն ահաւոր...

«Մենք Երբեք Պիտի Չընդունինք  Խրիմի Անօրինական Կցումը»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Մենք Երբեք Պիտի Չընդունինք Խրիմի Անօրինական Կցումը» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Մեւլութ Չաւուշօղլու Ուքրանական «կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիան, ինչպէս նախապէս, չ՛ընդունիր Ռուսիոյ կողմէ Խրիմի կցումը: Թրքական դիւանագիտութեան պետը Քիեւի մէջ Խրիմի թաթարներու արտաքսման 71-ամեակին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է. «Մենք երբեք չենք ընդունած եւ պիտի չընդունինք Խրիմի անօրինական կցումը»: Ըստ անոր, Թուրքիա պիտի շարունակէ հետեւիլ...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ.  Քաթարցի 5 Սպաներ Երկրին Ղեկավարները  Վարկաբեկելու Յանցանքով Բանտարկութեան Վճիռներ Ստացան

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ. Քաթարցի 5 Սպաներ Երկրին Ղեկավարները Վարկաբեկելու Յանցանքով Բանտարկութեան Վճիռներ Ստացան

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բարձրագոյն դատարանի պետութեան ապահովութեան բաժանմունքը «պետութեան խորհրդանիշները վարկաբեկելնուն համար» Քաթարի ազգային ապահովութեան մարմինէն 5 սպաներ բանտարկութեան դատապարտեց: Յունիս 2014-էն ի վեր արգելափակուած քաթարցի սպայ մը դատապարտուեցաւ 10 տարուան բանտարկութեան եւ մէկ միլիոն էմիրաթական տերհամի(272 հազար տոլար) տուգանքի, ինչպէս նաեւ բանտարկութեան ժամկէտի աւարտէն ետք երկրէն արտաքսումի, իսկ մնացեալ չորս սպաները ի բացակայութեան դատապարտուեցան ցկեանս բանտարկութեան: Քաթարցի սպաները ամբաստանուած...

«Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Պէտք Է Խստացնել»  Կ՛ըսէ Վրաստանի Նախագահը

«Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Պէտք Է Խստացնել» Կ՛ըսէ Վրաստանի Նախագահը

Կէորկի Մարկվելաշվիլի News.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի ի նպաստ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու խստացման արտայայտուած է: Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշըրի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Մարկվելաշվիլի նշած է, որ այդ միջոցները անհրաժեշտ են դրացի երկիրներուն նկատմամբ Ռուսիոյ քաղաքական գործողութիւններու անընդունելիութիւնը ցուցադրելու համար: «Շրջանին մէջ անկայուն իրավիճակ գոյութիւն ունի, ինչ որ կ՛արտացոլայ նաեւ...

«Կազփրոմ» «Թրքական Հոսք»-ի Ծովային  Հատուածի Առաջին Ճիւղին Կառուցման  Աշխատանքները Պիտի Աւարտէ 2016-ի Վերջաւորութեան

«Կազփրոմ» «Թրքական Հոսք»-ի Ծովային Հատուածի Առաջին Ճիւղին Կառուցման Աշխատանքները Պիտի Աւարտէ 2016-ի Վերջաւորութեան

Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ ռուսական «Կազփրոմ» ուժանիւթի ընկերութեան կառավարման խորհուրդի անդամ Օլեկ Աքսիւթինա լրագրողներուն յայտնած է, որ ընկերութիւնը կը պատրաստուի 2016-ի վերջաւորութեան աւարտել «Թրքական հոսք» խողովակաշարի ծովային հատուածի առաջին ճիւղին կառուցման աշխատանքները: «Մենք չեղեալ յայտարարած ենք դադրեցումը, այժմ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան մեր բոլոր գործընկերներուն հետ», նշած է ան: Աւագ պաշտօնատարը դրական պատասխան տուած է այն հարցումին, թէ արդեօք կը պահպանուի՞ն...

Ճափոնի Մէջ Տաքի Պատճառով 2 Զոհ  Արձանագրուած Է Եւ 480 Ուրիշներ  Հիւանդանոց Փոխադրուած

Ճափոնի Մէջ Տաքի Պատճառով 2 Զոհ Արձանագրուած Է Եւ 480 Ուրիշներ Հիւանդանոց Փոխադրուած

Ռուսական «Քոմսոմոլսքայա Փրաւտա»-ն կը հաղորդէ, որ Ճափոնի մէջ արտակարգ իրավիճակներու ծառայութեան գործերը կատարող երկրին հրդեհի գլխաւոր վարչութիւնը յայտնած է, որ Ճափոնի մէջ 11-17 մայիսին երկիրը հարուածած տաք օդին պատճառով երկու մարդ մահացած է եւ աւելի քան 480 ուրիշներ հիւանդանոց փոխադրուած: Նախորդ շաբաթ Ճափոնի բազմաթիւ շրջաններու, ներառեալ` մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ ջերմաստիճանը բարձրացած էր մինչեւ 30 աստիճան: Երէկ սակայն, տարուան այս ժամանակաշրջանին...

«Շարլի Էպտօ»-ն Ահաբեկչական  Յարձակումէն Ետք 4,5 Միլիոն  Եւրօ Գումար Ստացած Է

«Շարլի Էպտօ»-ն Ահաբեկչական Յարձակումէն Ետք 4,5 Միլիոն Եւրօ Գումար Ստացած Է

Ռենալտ Լուզիէ ԹԱՍՍ` վկայակոչելով ֆրանսական «Շարլի Էպտօ» երգիծական շաբաթաթերթի նոր ղեկավարութեան յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ շաբաթաթերթը յունուարին տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումէն ի վեր մինչեւ օրս 4,5 միլիոն եւրոյի նուիրատուութիւն ստացած է: Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ նուիրատուութիւնները ստացուած են ոչ միայն ֆրանսացիներէն, այլ նաեւ 84 տարբեր երկիրներու քաղաքացիներէ: Խմբագրութենէն յայտնած են, որ ստացուած բոլոր գումարները պիտի տրամադրուին սպաննուած լրագրողներու եւ ծաղրանկարիչներու...

Կառավարութիւնը Դատապարտեց, Քրտամէտ  Կուսակցութիւնը Անոր Թելադրեց «Լուռ Մնալ».  Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան  Ատանայի Եւ Մերսինի Կեդրոնները Ականահարուեցան

Կառավարութիւնը Դատապարտեց, Քրտամէտ Կուսակցութիւնը Անոր Թելադրեց «Լուռ Մնալ». Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Ատանայի Եւ Մերսինի Կեդրոնները Ականահարուեցան

Երէկ Ատանայի եւ Մերսինի մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կեդրոնատեղիները ականահարումներու թիրախ դարձան: Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ատանայի իր կեդրոնին ականահարումին պատճառով կեդրոնին անձնակազմէն վեց անձեր վիրաւորուած են: Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ «թող բոլորը գիտնան, որ որեւէ ուժ պիտի չկարենայ Ժողովուրդի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը հրաժարեցնել թուրք ժողովուրդին հետ երկխօսութիւն կատարելէ», եւ մատնացոյց ըրաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի,...

Փենթակոն. «Միացեալ Նահանգներ  Պիտի Օգնեն Իրաքին Վերատիրանալու Ռամատիին»

Փենթակոն. «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Օգնեն Իրաքին Վերատիրանալու Ռամատիին»

«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Էլիս Սմիթ յայտնած է, որ եթէ նոյնիսկ իրաքեան Ռամատի քաղաքին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները «առաւելութիւն ստացած են», ապա ատիկա պիտի չյանգեցնէ ընդհանուր առմամբ Իրաքի զինեալ ուժերու պարտութեան: Ըստ Սմիթի, քաղաքի կորուստը միայն ժամանակաւոր կերպով պիտի նպաստէ ՏԱՀԵՇ-ի քարոզչութեան, որովհետեւ քաղաքը վերստին պիտի ազատագրուի: «Վերջ ի վերջոյ, դաշնակից ուժերը պիտի աջակցին իրաքեան զինեալ...

Եմէնի Մէջ Մարդասիրական Զինադադարի  Ժամկէտի Աւարտէն Ետք.  Արաբական Դաշնակից Ուժերուն  Օդային Հարուածները Վերսկսան

Եմէնի Մէջ Մարդասիրական Զինադադարի Ժամկէտի Աւարտէն Ետք. Արաբական Դաշնակից Ուժերուն Օդային Հարուածները Վերսկսան

Եմէնի մէջ Արաբական դաշնակից ուժերու յայտարարած մարդասիրական զինադադարի ժամկէտի աւարտէն ետք, նշեալ ուժերու ռմբաձիգները վերսկսան օդային հարուածներ հասցնել Եմէնի տարբեր շրջաններուն մէջ, ինչպէս` Հայ Թաուահի, Սալահէտտին, Արիշ, Թել Ռաս, Խաուր Մաքսար եւ Ատանի միջազգային օդակայան: Մինչ այդ, Ատենի ծոցին մէջ գտնուող իրանեան նաւատորմիղը Եմէն մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող իրանեան նաւուն վստահեցուց, որ մինչեւ Հատէյտայի նաւահանգիստ հասնիլը պիտի ապահովէ անոր անվտանգութիւնը: Արաբական...

Սուրիական Բանակը Ետ Մղած Է Հնադարեան  Փալմիրի Դէմ ՏԱՀԵՇ-ի Յարձակումը

Սուրիական Բանակը Ետ Մղած Է Հնադարեան Փալմիրի Դէմ ՏԱՀԵՇ-ի Յարձակումը

Ամերիկեան «Սի.Պի.Էս. Նիուզ»-ը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բանակը կիրակի օր ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները ետ մղած է հնադարեան Փալմիր քաղաքի մերձակայքէն: Նախապէս լրատուամիջոցները կ՛ահազանգէին, որ պատմական վայրերու նկատմամբ իրենց քաղաքականութեամբ յայտնի իսլամականները վտանգ կը ներկայացնեն երկհազարամեայ Փալմիրի աւերակներուն, որոնք կը նկատուին մշակութային եզակի արժէք: «Պի.Պի.Սի. Արապիք» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բանակին հաղորդումով, Փալմիրը ամբողջութեամբ իշխանութիւններուն վերահսկողութեան տակ է: Ատիկա կարելի դարձած է...

Ազրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ Սահմանին Վրայ  Տեղի Կ՛ունենայ «Սահմանային Վահան»  Յատուկ Գործողութիւնը

Ազրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ Սահմանին Վրայ Տեղի Կ՛ունենայ «Սահմանային Վահան» Յատուկ Գործողութիւնը

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ սահմանային շրջաններուն մէջ լայնածաւալ գործողութիւններ տեղի կ՛ունենան: Գործողութիւնները կը ծաւալին Ազրպէյճանի հիւսիսային եւ հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն մէջ: «Սահմանային վահան» անունը կրող գործողութեան կը մասնակցին Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան մարմիններու աշխատակիցները եւ Ռուսիոյ իրաւապահ մարմինները: Տեղւոյն բնակիչները պատմած են, որ գործողութեան պատճառով ոստիկանական յատուկ անցարգելներ տեղադրուած են, եւ ոստիկանութեան աշխատակիցները կը ստուգեն...

Page 860 of 881 1 … 859 860 861 … 881

Արխիւներ