Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնն Ու Թուրքիան Որոշած Են Տնտեսական Երկխօսութեան Սկսիլ

May 19, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-18-15_EU-TurkeyRia.ru կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Վոլքան Պոզքըր Պրիւքսէլի մէջ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան համարկման խորհուրդի նիստի շրջագիծին մէջ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնն ու Թուրքիան որոշած են տնտեսական երկխօսութեան սկսիլ:

«Տնտեսական յարաբերութիւնները մեր հասարակաց շահերէն կը բխին: Այդ պատճառով մենք որոշած ենք տնտեսական երկխօսութեան սկսիլ», ըսած է ան:

Եւրոպական խորհուրդի Դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննես Հան յայտարարած է, որ Եւրոպական յանձնաժողովը իր կարգին կը քննարկէ Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա մաքսային միութեան արդիականացման հարցը: «Ես կ՛ընդգծեմ Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ ուժեղ տնտեսական կապերը եւ բարձր մակարդակով տնտեսական երկխօսութիւնը զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը: Մենք կ՛ուսումնասիրենք մեր մաքսային միութեան կատարելագործման եւ արդիականացման կարելիութիւնները», նշած է ան:

Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտարարած է, որ Թուրքիան Եւրոպական Միութեան հետ մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը վերցնելու մասին բանակցութիւններու արագացման եւ յառաջընթացի յոյս ունի:

Պրիւքսէլի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա ընկերակցութեան 53-րդ խորհուրդը` Եւրոպական Միութեան Անգարայի անդամակցութեան ուղղութեամբ բանակցային հոլովոյթի ծիրին մէջ:

Նախորդը

«Ուաշինկթըն Կը Շարունակէ Մոսկուայի Հետ Աշխատիլ Ուքրանիոյ Կացութեան Կարգաւորման Շուրջ» Կ՛ըսէ Նուլընտ

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ Սահմանին Վրայ Տեղի Կ՛ունենայ «Սահմանային Վահան» Յատուկ Գործողութիւնը

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.