Քոնկրեսի զինեալ ուժերու յանձնախումբը յայտարարեց, որ զինուորական մարզի յատկացումներու պիւտճէի բանաձեւէն կը ջնջէ Իրաքի քիւրտերն ու սիւննիները Իրաքէն անջատ պետութիւններ նկատող կէտը:
Սպիտակ տունը նախապէս յայտարարած էր, որ Իրաքի մասնատման մասին 1 մայիսին Քոնկրեսին ներկայացուած բանաձեւը չի ներկայացներ ամերիկեան վարչակազմին կեցուածքը: Նշեալ բանաձեւը Իրաքի մէջ արժանացած էր բուռն հակազդեցութեան` մասնաւորաբար կեդրոնական կառավարութեան, կրօնական հեղինակութեանց եւ քաղաքական կողմերէն: