Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեմփ Տէյվիտի Վեհաժողովը Կը Շեշտէ Ապահովական Գործակցութեան Եւ Իրանի Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութեան Գոյացման Կարեւորութիւնը

May 16, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-15-15_Camp-DavidՔեմփ Տէյվիտի վեհաժողովին մասնակիցները շեշտեցին Արաբական Ծոց-Միացեալ Նահանգներ ապահովական գործակցութեան, Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան գոյացման եւ Եմէնի մէջ քաղաքական հոլովոյթի մը սկսման կարեւորութիւնը: Երկու կողմերը քննարկեցին Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւնը` նշելով, որ համաձայնութիւնը կը ծառայէ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամներուն, Միացեալ Նահանգներուն եւ միջազգային ընտանիքին ռազմավարական շահերուն:

Վեհաժողովի աւարտին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ըսաւ, որ համաձայնութիւն գոյացած է ամրապնդելու սուրիական չափաւորական ընդդիմութիւնը ընդդէմ ծայրայեղականներուն` աւելցնելով, որ ինք ծանօթացած է քլոր կազի օգտագործման շուրջ զեկուցումներուն:

Սպիտակ տունը վեհաժողովի աշխատանքներուն աւարտէն ետք հրապարակեց միացեալ հաղորդագրութիւն մը` մեծ յոյս յայտնելով երկու կողմերուն միջեւ «ապահովական գործակցութեան ջանքերը արդիականացնելու ռազմավարական նոր գործընկերութեան նկատմամբ:

Հաղորդագրութիւնը ընդգծեց Ծոցի շրջանին ամերիկեան շահերուն համար ներկայացուցած կարեւորութիւնը եւ «Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի մեր գործընկերներուն քաղաքական անկախութեան եւ հողերու անվտանգութեան աջակցելու կարեւորութիւնը»:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ հարցին, հաղորդագրութիւնը նշեց, որ երկու կողմերը շեշտած են, որ քաղաքացիական պատերազմներուն զինուորական լուծում գոյութիւն չունի, այլ` այդ լուծումը քաղաքական ու խաղաղ միջոցներու ճամբով կը գոյանայ` կոչ ուղղելով գոյացնելու իշխանութեան բնորդ մը, որ կը ներառէ բոլորը եւ բոլոր փոքրամասնութեանց անվտանգութիւնն ու մարդկային իրաւունքները կ՛ապահովէ:

Հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ «Ասատ օրինականութեան բոլոր հիմերը կորսնցուց եւ Սուրիոյ ապագային մէջ դեր պիտի չունենայ»` զգուշացնելով Սուրիոյ մէջ Ժապհաթ Նուսրայի նման ծայրայեղական խմբաւորումներու ազդեցութեան աճէն, այնպիսի խմբաւորումներ, որոնք սուրիացի ժողովուրդին, շրջանին եւ միջազգային ընտանիքին համար վտանգ կը ներկայացնեն:

Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը իր կարգին մերժեց արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն մէջ ոչ արաբական միջամտութիւնները:

Լիբանանի Մասին

Վեհաժողովին աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը լիբանանեան կառավարութեան աջակցութիւն յայտնեց` ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի ու Ժապհաթ Նուսրայի, եւ մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ նախագահի ընտրութեան ուշացման նկատմամբ:

 

 

Նախորդը

Ներկայացուցիչներու Տան Յանձնախումբը Հետաքննութեան Սկսած Է Քոնկրեսականներու Պաքու Այցելութեան Շուրջ

Յաջորդը

Քոնկրեսը Ջնջեց Իրաքի Քիւրտերն Ու Սիւննիները Անջատ Պետութիւններ Նկատող Կէտը

RelatedPosts

Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական  Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ,  Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ, Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»

March 13, 2026
Պուսահիտի. «Իրանի Դէմ Պատերազմին  Նպատակը Շրջանի Վերաձեւաւորումն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պուսահիտի. «Իրանի Դէմ Պատերազմին Նպատակը Շրջանի Վերաձեւաւորումն Է»

March 13, 2026
Փութինն Ու Ալիեւը Միջին Արեւելքի Մէջ  Զինուորական Գործողութիւններու Շուտափոյթ  Դադրեցման Կողմ Արտայայտուած Են
Միջազգային

Փութինն Ու Ալիեւը Միջին Արեւելքի Մէջ Զինուորական Գործողութիւններու Շուտափոյթ Դադրեցման Կողմ Արտայայտուած Են

March 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.