Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողանի Եւ Իշխող Կուսակցութեան Վարկանիշները Նուազած Են

May 19, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան
Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ամերիկեան հանրածանօթ «Պենենսըն Սթրաթեճի Կրուփ» վարկանշային գործակալութեան կողմէ մայիսի առաջին տասը օրուան ընթացքին կատարուած հարցախոյզի մը արդիւնքները ցոյց տուած են, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը 7 յունիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն կրնայ զրկուիլ իշխանութենէն:

Հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ իշխող կուսակցութեան վարկանիշը նախորդ տարուան մայիս ամսուան հետ բաղդատած նուազած է 4 առ հարիւրով` 42 առ հարիւրէն նուազելով 38 առ հարիւրի:

Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան աջակիցներուն թիւը 2 առ հաիւրով աճելով անցած է 30 առ հարիւրը: Իսկ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած միւս ընդդիմադիր կուսակցութեան վարկանիշները չեն փոխուած: Հարցախոյզի մասնակիցներուն 18 առ հարիւրը յայտնած է, որ պիտի քուէարկէ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան, իսկ 11 առ հարիւրը` քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան օգտին:

Ըստ հարցախոյզին արդիւնքներուն, խիստ նուազած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վարկանիշը: Հարցախոյզին մասնակիցներուն միայն 38 առ հարիւրը աջակցութիւն յայտնած է Էրտողանին, երբ յունուարին անոր աջակիցներուն թիւը 47 առ հարիւր էր:

Այս վիճակը փոխած է Թուրքիոյ քաղաքական վերնախաւի տրամադրութիւնը: Արդէն յստակ է, որ եթէ ընդդիմադիր քաղաքական կուսակցութիւններէն մէկը Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ դաշնակցի, ապա Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը կորսնցնէ իշխանութիւնը:

Փորձագէտներուն կարծիքով` Թուրքիոյ քաղաքական դաշտին մէջ ստեղծուած այսպիսի իրավիճակին պատճառը երկիրը նախագահական համակարգի եւ իսլամացման տանելու Էրտողանի եւ անոր ղեկավարած կուսակցութեան կողմէ վերջին մէկ տարուան ընթացքին վարուած աշխուժ քաղաքականութիւնն է:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Ռուսիոյ Դէմ Անգարայի Կեցուածքները

Յաջորդը

«Ուաշինկթըն Կը Շարունակէ Մոսկուայի Հետ Աշխատիլ Ուքրանիոյ Կացութեան Կարգաւորման Շուրջ» Կ՛ըսէ Նուլընտ

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.