
«Քորրեսփոնտենթ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեֆ Փաթքէ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի այս շաբաթ Ռուսիա կատարած այցելութիւնը չի նշանակեր, որ փոփոխութիւններ եղած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ:
«Ո՛չ, այս պարագային կարելի չէ ըսել, որ ամէն ինչ լաւ է: Արտաքին գործոց նախարար Քերրին յստակօրէն հնչեցուցած է Ուքրանիոյ հարցով դիրքորոշումը», ըսած է Փաթքէ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է այցելութիւնը նկատել «նոր սկիզբ» Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի 12 մայիսին Սոչիի մէջ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, որմէ ետք ան հանդիպում ունեցած էր նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: