Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրան Ահաբեկչութեան Հովանաւոր Է Եւ Անոր Վարմունքը Արեւելքի Կայունութիւնը Կը Քայքայէ» Կ՛ըսէ Օպամա

May 15, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-14-15_ObamaՄիացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «Քեմփ Տէյվիտ»-ի երկօրեայ վեհաժողովի նախօրեակին շեշտեց, որ իր երկիրը պատրաստ է իր բոլոր ուժերը օգտագործելու Միջին Արեւելքի մէջ Ուաշինկթընի շահերուն ծիրին մէջ Արաբական ծոցի երկիրները սպառնալիքներէ պաշտպանելու համար, եւ Միջին Արեւելքի շրջանին ապահովութեան եւ Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդին մէջ «մեր դաշնակիցներուն հանդէպ մեր յանձնառութեան նկատմամբ որեւէ կասկած պէտք չէ գոյութիւն ունենայ»:

Ան ըսաւ, որ վեհաժողովը «առիթ մըն է հաստատելու, որ մեր երկիրները միասնաբար սերտօրէն կ՛աշխատին դիմակայելու համար Իրանի վարմունքները, որոնք Միջին Արեւելքի մէջ կայունութեան քայքայման կը յանգեցնեն, ներառեալ` ահաբեկչական խմբաւորումներու Իրանի աջակցութիւնը»` աւելցնելով, որ Իրան ունի «վտանգաւոր եւ շրջանի պետութեանց կայունութիւնը քայքայող վարմունք` կ՛աջակցի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմին, Լիբանանի մէջ կ՛աջակցի Հըզպալլայի, Կազայի մէջ` Համասի, իսկ Եմէնի մէջ կ՛օժանդակէ ըմբոստ հուսիներուն»: Ան նշեց, որ նոյնիսկ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներ աչալուրջ կը հետեւին Իրանի այլ գործունէութեանց:

Խօսելով Սուրիոյ մասին` Օպամա ըսաւ, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երկար ժամանակէ ի վեր կորսնցուցած է իր ամբողջ օրինականութիւնը: Սուրիոյ մէջ զինուորական լուծումը անօգուտ է»` աւելցնելով. «Ի վերջոյ պէտք է անպայման տեղի ունենայ քաղաքական փոխանցում մը, որուն մէջ ընդհանրական իրաւունքները կը պաշտպանուին, եւ այդ նպատակին համար Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն աջակցիլ սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան»:

Օպամա նաեւ նշեց, որ «Պաղեստինցիները արժանի են բռնագրաւումին եւ անոր ընկերակցող ամէնօրեայ վարկաբեկումին վերջ տրուելուն: Անոնք արժանի են ապրելու գերիշխան անկախ պետութեան մը մէջ»` աւելցնելով. «Իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ խաղաղութիւնը կենսական է, արդար եւ իրագործելի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերէն կը բխի»:

 

 

Նախորդը

Համագաղութային Մասնակցութեամբ 52.522 Տոլար Յանուն Արցախի Հզօրացման

Յաջորդը

Երկիրին Մօտէն Անցաւ Մեծ Երկնաքար Մը

RelatedPosts

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը

September 28, 2026
Փարիզի Մէջ Աւելի Քան 600 Հազար Մարդ Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապի Պատարագին
Միջազգային

Փարիզի Մէջ Աւելի Քան 600 Հազար Մարդ Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապի Պատարագին

September 28, 2026
Հզօր Պայթում` Աթէնքի Զբօսաշրջային Կեդրոնին Մէջ. Առնուազն Երկու Մարդ Զոհուած Է
Միջազգային

Հզօր Պայթում` Աթէնքի Զբօսաշրջային Կեդրոնին Մէջ. Առնուազն Երկու Մարդ Զոհուած Է

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.