Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Մասնայատուկ Ուժեր Սուրիոյ Մէջ Սպաննեցին ՏԱՀԵՇ-ի Քարիւղի Նախարարը

May 18, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-17-15_)US-ForcesԱմերիկեան մասնայատուկ ուժեր Սուրիոյ մէջ հազուադէպ տեսակարար ցամաքային գործողութեան մը ընթացքին սպաննեցին ՏԱՀԵՇ-ի բարձրաստիճան ղեկավարներէն Ապու Սայեաֆը եւ գերեվարեցին անոր կինը: Ապու Սայեաֆ ՏԱՀԵՇ-ի քարիւղի, կազի եւ ելեւմուտքի մարզի գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեանց պատասխանատուն էր:

Փենթակոն յայտարարեց, որ ամերիկեան ուժերը փորձած են ձերբակալել զինք, սակայն ան հրացանաձգութեան ընթացքին սպաննուած է:

Ասիկա առաջին անգամն է, որ ամերիկեան ուժեր Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութիւն մը կը կատարեն: Գործողութիւնը կատարուած է Իրաքի մէջ հաստատուած ուժերու կողմէ` նախագահ Պարաք Օպամայի հրամանով:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Ապու Սայեաֆ թունուզցի էր: Միացեալ Նահանգներ յայտնեցին, որ գործողութիւնը կատարուած էր իրաքեան իշխանութիւններուն «ամբողջական համամտութեամբ», սակայն սուրիական կառավարութիւնը նախօրօք տեղեակ չէ պահուած:

Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբեր Պեռնատեթ Միհըն յայտնեց, որ «Մենք (նախագահ Պաշշար Ասատի) վարչակարգը զգուշացուցած ենք Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մեր ընթացող գործողութիւններուն միջամտելէ»` աւելցնելով. «Ասատի վարչակարգը (ՏԱՀԵՇ-ի դէմ) կռիւին գործընկեր մը չէ եւ չի կրնար ըլլալ»:

Փենթակոն յայտարարեց, որ ամերիկեան մասնայատուկ ուժերը գերեվարած են Ապու Սայեաֆի կինը եւ ՏԱՀԵՇ-ի 13 զինեալներու դիակներու հետ փոխադրած Իրաքի Մայատին քաղաքը: Գործողութեան ընթացքին սպաննուած են ՏԱՀԵՇ-ի 32 զինեալներ:

Նախորդը

Թրքական Բանակը Վար Առաւ Սուրիական Անօդաչու Սարք Մը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով  Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին  Պատրաստ Է Օգնելու»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին Պատրաստ Է Օգնելու»

January 12, 2026
Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն  Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն  «Տիրելու Պատրաստուելու»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն «Տիրելու Պատրաստուելու»

January 12, 2026
Քրտական Ուժերը Հեռացան Հալէպի Աշրաֆիէ  Եւ Շէյխ Մաքսուտ Թաղամասերէն
Գլխաւոր լուրեր

Քրտական Ուժերը Հեռացան Հալէպի Աշրաֆիէ Եւ Շէյխ Մաքսուտ Թաղամասերէն

January 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.