Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պորուժերտի Սուր Քննադատութեան Ենթարկեց Սէուտական Արաբիան Եւ Անոր Թագաւորը

May 15, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պորուժերտի եւ Ասատ
Պորուժերտի եւ Ասատ

Իրանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտի, որ երկօրեայ այցելութեամբ կը գտնուէր Դամասկոս, յայտարարեց, որ «Սուրիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին մեր աջակցութիւնը հաստատ ու մնայուն է»` աւելցնելով. «Մենք վստահ ենք, որ սուրիացի ժողովուրդը կարողութիւնը ունի թշնամին պարտութեան մատնելու` շնորհիւ իր ժողովուրդին ողջմտութեան ու բանակի տոկունութեան»:

Ան Դամասկոսի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Սէուտական Արաբիան յարձակումի եւ ոճիրի առանցքի վերածուեցաւ, եւ շրջանի կարգ մը երկիրներ վերածուեցան Ամերիկայի եւ Սիոնական գոյացութեան քաղաքականութիւններու գործադրման գործիքի»: Ան Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորին ակնարկելով ըսաւ. «Մեքքայի եւ Մատինայի ծառան պէտք է կոչել Մեքքայի եւ Մատինայի դաւաճանը»:

Պորուժերտի նաեւ հաղորդեց, որ մարդասիրական օժանդակութիւններով բեռցուած իրանեան նաւը կ՛ուղղուի դէպի Եմէնի Հըտէյտա նաւահանգիստը:

Նշենք, որ Պորուժերտի Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:

Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն.» երէկ հաղորդեց, որ իրանեան հինգ մարտանաւեր կրակ բացած են սինկափուրեան նաւու մը ուղղութեամբ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եզերապահ մարտանաւերը դէպքին միջամտած են եւ սինկափուրեան նաւը հասած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ժապալ նաւահանգիստը:

Նախորդը

Երկիրին Մօտէն Անցաւ Մեծ Երկնաքար Մը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.