Միջազգային

ՏԱՀԵՇ Տարբեր Երկիրներու Մէջ Շարք Մը Յարձակումներ Գործեց

ՏԱՀԵՇ Տարբեր Երկիրներու Մէջ Շարք Մը Յարձակումներ Գործեց

- ՏԱՀԵՇ-ի դրօշը բարձրացուցած անձ մը Ֆրանսայի մէջ «Էր Փրոտաքց» քիմիական գործարանին դէմ յարձակում գործեց: Ֆրանսական «Լը Փարիզիեն» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ ան կտրած է յարձակումին ընթացքին սպաննուած մարդու մը գլուխը եւ զայն կախած գործարանի ցանկապատէն: Յայտնի դարձած է նաեւ, որ կտրուած գլխուն վրայ արաբերէնով գրառումներ կատարուած են: Դէպքը պատահեցաւ Ֆրանսայի հարաւ-արեւելքը` Լիոն քաղաքին մօտակայքը: Կը հաղորդուի, որ կասկածեալներէն...

Փութին Եւ Օպամա Քննարկած Են Ուքրանիոյ  Եւ Միջին Արեւելքի Կացութիւնները

Փութին Եւ Օպամա Քննարկած Են Ուքրանիոյ Եւ Միջին Արեւելքի Կացութիւնները

Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Պարաք Օպամա հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի կացութիւնները, ինչպէս նաեւ Իրանի հետ Վեցեակի բանակցութիւններուն ընթացքը: Ըստ Սպիտակ տան, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 25 յունիսին հեռաձայնած է նախագահ Օպամային: «Անոնք քննարկած են ՏԱՀԵՇ-ի հակազդելու անհրաժեշտութիւնը եւ կացութիւններու զարգացումը Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս նաեւ...

Քրտամէտ Կուսակցութիւնը Թուրքիան  Կը Մեղադրէ ՏԱՀԵՇ-ին Աջակցելուն Համար

Քրտամէտ Կուսակցութիւնը Թուրքիան Կը Մեղադրէ ՏԱՀԵՇ-ին Աջակցելուն Համար

Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական  կուսակցութեան համանախագահ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ Անգարան մեղադրած է ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներուն աջակցելու յանցանքով: «Ամենայն հաւանականութեամբ` ծայրայեղականները սուրիական Քոպանի քաղաք մուտք գործած են Թուրքիոյ Ուրֆա նահանգէն», ըսած է ան: Քիւրտ կուսակցապետը խօսքը թրքական կառավարութեան ուղղելով յայտնած է. «Այդ յարձակումը կը հանդիսանայ թրքական կառավարութեան կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն աջակցութեան արդիւնք: Ապացուցեցէ՛ք, որ այդ...

ՏԱՀԵՇ Թուրքիոյ Սահմանէն Յարձակում  Կը Գործէ Արաբ Բունարի Դէմ

ՏԱՀԵՇ Թուրքիոյ Սահմանէն Յարձակում Կը Գործէ Արաբ Բունարի Դէմ

ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ երէկ Արաբ Բունարի դէմ շղթայազերծեցին յարձակում մը, որուն ընթացքին օգտագործեցին ականուած ինքնաշարժներ: Երկու ականուած ինքնաշարժներ պայթեցնելէ ետք, ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները ամրացան Արաբ Բունարի հարաւը գտնուող Մաշթա Նուր հիւանդանոցին մէջ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ բախումներուն պատճառով արձանագրուած է 35 զոհ եւ 50 վիրաւոր: Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Արաբ Բունար մուտք գործած են Թուրքիոյ ճամբով` սահմանային անցքին...

Քերրի. «Եթէ Իրան Չկատարէ  Պարտաւորութիւնները`  Համաձայնութիւն Պիտի Չըլլայ»

Քերրի. «Եթէ Իրան Չկատարէ Պարտաւորութիւնները` Համաձայնութիւն Պիտի Չըլլայ»

Ճոն Քըրպի «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած է, որ միջազգային ընտանիքը Իրանի հետ որեւէ հիւլէական թղթածրարի հարցով համաձայնութիւն պիտի չստորագրէ, եթէ Թեհրան չկատարէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները: «Հաւանական է, որ Իրան չկատարէ այն, որուն մասին համաձայնած էինք Լոզանի մէջ: Այդ պարագային համաձայնութիւն չի գոյանար», ըսած է Քերրի: Ան հաղորդած է, որ այսօր պիտի...

«ԱՊՀ-ի Տարածքին Մէջ Համարկումը Ռուսիոյ  Արտաքին Քաղաքականութեան  Կարեւոր Ուղղութիւններէն Մէկն Է»  Ըսած Է Փութին

«ԱՊՀ-ի Տարածքին Մէջ Համարկումը Ռուսիոյ Արտաքին Քաղաքականութեան Կարեւոր Ուղղութիւններէն Մէկն Է» Ըսած Է Փութին

Տմիթրի Փեսքով ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ ԱՊՀ-ի գործադիր կոմիտէի նախագահ Սերկէյ Լեպետեւի հետ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումին ընթացքին վերջինս ըսած է, որ ԱՊՀ-ի տարածքին մէջ համարկումը Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մէկն է: Փեսքով ըսած է. «Քննարկուած են ԱՊՀ-ի ընթացիկ կացութիւնը եւ համարկման համագործակցութեան հրատապ հարցերը»: «Նախագահը նշած է, որ...

Քըլըճտարօղլու Իշխող  Կուսակցութեան Հետ  Համագործակցութեան  Հաւանականութիւնը Քիչ Կը Նկատէ

Քըլըճտարօղլու Իշխող Կուսակցութեան Հետ Համագործակցութեան Հաւանականութիւնը Քիչ Կը Նկատէ

Քեմալ Քըլըճտարօղլու Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր, քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու երկրին մէջ համախոհական կառավարութիւն կազմելու առնչութեամբ յայտարարութիւն կատարած է: Լրագրողները հետաքրքրուած են, թէ արդեօք խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կողմէ Տենիզ Պայքալի առաջադրումը կրնա՞յ կուսակցութեան եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան միջեւ համագործակցութեան ազդանշան ըլլալ: Քըլըճտարօղլու հաւաստած է, որ իր ղեկավարած կուսակցութեան...

Հռոմի Մէջ` Թուրքիա-Իսրայէլ  Գաղտնի Հանդիպում

Հռոմի Մէջ` Թուրքիա-Իսրայէլ Գաղտնի Հանդիպում

Սինիրլիօղլու եւ Կոլտ Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ տեղի ունեցած է անակնկալ հանդիպում մը: Թերթը կը գրէ, որ 7 յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր տնօրէն Տորէ Կոլտ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդական Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու Հռոմի մէջ գաղտնի հանդիպում ունեցած են: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները հաստատած...

Իսրայէլեան Իշխանութիւնները Հիւանդատար  Մեքենաներու Քարկոծման Հարցով  Ձերբակալեցին Տիւրզի 10 Երիտասարդներ

Իսրայէլեան Իշխանութիւնները Հիւանդատար Մեքենաներու Քարկոծման Հարցով Ձերբակալեցին Տիւրզի 10 Երիտասարդներ

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Մաժտալ Շամսի մէջ սուրիական ընդդիմութենէն վիրաւոր զինեալներ փոխադրող հիւանդատար մեքենաներու քարկոծման հարցով ձերբակալուած են տիւրզի 10 երիտասարդներ, որոնց շարքին է շէյխ Ժուլան Ապու Զէյտ եւ իսրայէլեան բանտերէն նախապէս ազատ արձակուած գերի Ֆիտա Շահեր: Մինչ այդ, Պաղեստինի մէջ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Մուաֆաք Թարիֆ նշեալ երկրին մէջ տիւրզի համայնքի ղեկավարութեան ժողովէն ետք քննադատեց բռնագրաւեալ Կոլանի մէջ...

Ֆրանսացի Նախագահներու  Լրտեսման Իբրեւ Բողոք  Փարիզ Իր Մօտ Կը Կանչէ  Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Ֆրանսացի Նախագահներու Լրտեսման Իբրեւ Բողոք Փարիզ Իր Մօտ Կը Կանչէ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Փարիզի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէյն Հարթլին իր մօտ կանչեց` բողոքելու համար Ֆրանսայի նախագահներու լրտեսման դէմ: Նշենք, որ ըստ «Ուիքիլիքս»-ի կողմէ հրապարակուած փաստաթուղթերու, ամերիկեան կողմը լրտեսած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը, ինչպէս նաեւ զինք նախորդող նախագահներ Նիքոլա Սարքոզին եւ Ժաք Շիրաքը: Փաստաթուղթի հրապարակումէն ետք, Հոլլանտ աւագ նախարարներու եւ ֆրանսական բանակի հրամանատարութեան հետ արտակարգ ժողով մը գումարեց:...

Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Ներկայացուած  Կուսակցութիւնները Ճշդած Են Խորհրդարանի  Նախագահի Իրենց Թեկնածուները

Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Ներկայացուած Կուսակցութիւնները Ճշդած Են Խորհրդարանի Նախագահի Իրենց Թեկնածուները

Էքմելետտին Իհսանօղլու Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն բացի խորհրդարան մուտք գործած երեք ընդդիմադիր կուսակցութիւններն ալ ճշդած են խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին իրենց թեկնածուներուն անունները: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան խորհրդարանի նախագահի պաշտօնի թեկնածուն է Տենիզ Պայքալ, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեանը` Տենկիր Միր Մեհմեթ Ֆըրաթ, իսկ Ազգայնական շարժում կուսակցութեանը` Էքմելետտին Իհսանօղլու: Թրքական լրատուամիջոցները նախապէս յայտնած էին, որ...

Քրտական Ուժերը Կը Մօտենան Ռաքքային

Քրտական Ուժերը Կը Մօտենան Ռաքքային

Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հետ բախումներէ ետք, ամերիկեան ռմբաձիգներու օժանդակութեամբ ազատագրեցին «Լիուա 93» ռազմակայանը, ապա յառաջացան եւ ազատագրեցին նաեւ Ռաքքայի գիւղական հիւսիսային շրջաններուն մէջ գտնուող Այն Իսա քաղաքը: Այսպիսով, ՏԱՀԵՇ-ի պաշտպանութեան առաջին գիծը նահանջեց մինչեւ Ռաքքա քաղաքին մուտքը: Քրտական ուժերը նաեւ Թել Ապիատէն դէպի հարաւ յառաջանալով գրաւեցին շարք մը գիւղեր: Մինչ այդ, սահմանային անցքը վերաբանալու թրքական իշխանութիւններու քայլէն...

Իսրայէլի Տիւրզիները Կը Շարունակեն Քարկոծել Սուրիական Զինեալ Ընդդիմութեան Վիրաւորները Փոխադրող Իսրայէլեան Հիւանդատար Մեքենաները

Իսրայէլի Տիւրզիները Կը Շարունակեն Քարկոծել Սուրիական Զինեալ Ընդդիմութեան Վիրաւորները Փոխադրող Իսրայէլեան Հիւանդատար Մեքենաները

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ սուրիացի մը սպաննուած է եւ իսրայէլացի երկու զինուորներ վիրաւորուած են, երբ բռնագրաւեալ Կոլանի Մաժտալ Շամս գիւղէն տիւրզիներ յարձակում գործած են Սուրիոյ մէջ վիրաւորուած երկու զինեալներ փոխադրող հիւանդատար մեքենայի մը վրայ: Նշեալ վիրաւորներէն մէկը մահացած է, իսկ երկրորդին վիճակը ծանր է եւ փոխադրուած Հայֆայի «Ռամպամ» հիւանդանոցը: Ըստ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին, տիւրզիները այն կարծիքը ունին, որ Իսրայէլի...

Վիլայէթի. «Յառաջիկայ Շաբաթ  Իրանի, Սուրիոյ Եւ Իրաքի Միջեւ Յարաբերութեանց Մէջ Կարեւոր Զարգացում Մը Պիտի Արձանագրուի»

Վիլայէթի. «Յառաջիկայ Շաբաթ Իրանի, Սուրիոյ Եւ Իրաքի Միջեւ Յարաբերութեանց Մէջ Կարեւոր Զարգացում Մը Պիտի Արձանագրուի»

Ալի Աքպար Վիլայէթի Իրանի իսլամական հանրապետութեան Վարչակարգի շահերու ճշդման խորհուրդին մէջ ռազմավարական հետազօտութեանց կեդրոնի ղեկավար Ալի Աքպար Վիլայէթի Թեհրանի մէջ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Շաարի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, որ յառաջիկայ շաբաթ Իրանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի միջեւ շրջանային յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր զարգացում մը պիտի արձանագրուի: Վիլայէթի ընդգծեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ եղբայրական խոր յարաբերութիւնները տակաւին կը շարունակուին`...

Թուրքիոյ Նորընտիր Երեսփոխաններու Երդման Արարողութիւն.  Պայքալ Ժամանակաւորապէս Կը Ստանձնէ  Խորհրդարանի Նախագահի Պաշտօնը

Թուրքիոյ Նորընտիր Երեսփոխաններու Երդման Արարողութիւն. Պայքալ Ժամանակաւորապէս Կը Ստանձնէ Խորհրդարանի Նախագահի Պաշտօնը

Տենիզ Պայքալ Երէկ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ նորընտիր երեսփոխաններու երդման արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու: Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան նախկին ղեկավար Տենիզ Պայքալ ստանձնեց խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը: Ան այդ պաշտօնը պիտի վարէ մինչեւ նոր կառավարութեան ձեւաւորումը:

Թուրքիա Ռուսիոյ Թոյլատրած Է Սկսիլ «Թրքական Հոսք» Խողովակաշարի Հետազօտական Աշխատանքներուն

Թուրքիա Ռուսիոյ Թոյլատրած Է Սկսիլ «Թրքական Հոսք» Խողովակաշարի Հետազօտական Աշխատանքներուն

«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիա Ռուսիոյ «Կազփրոմ» ընկերութեան թոյլատրած է սկսիլ «Թրքական հոսք» խողովակաշարի շինարարութեան երկրաբանական-թեքնիք աշխատանքներուն: Խօսքը մասնաւորաբար խողովակաշարի ծովային հատուածին մէջ ճարտարագիտական աշխատանքներու արտօնութեան մասին է: Ըստ համաձայնութեան, թրքական կողմը ռուսական կողմին արտօնութիւն տուած է հետազօտական աշխատանքներ կատարել թէ՛ տնտեսական գօտիին, թէ՛ ալ Թուրքիոյ տարածքային ջուրերուն մէջ: Նախապէս հաղորդուած էր, որ Մոսկուան եւ Անգարան կրնայ մինչեւ յունիս ամսուան...

Փաքիստանի Մէջ Չափազանց Տաք Եղանակին Պատճառով 474 Մարդ Մահացած Է

Փաքիստանի Մէջ Չափազանց Տաք Եղանակին Պատճառով 474 Մարդ Մահացած Է

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ հարաւային Փաքիստանի մէջ աննախադէպ տաք եղանակին պատճառով զոհերու թիւը բարձրացած է 474-ի: Տեղւոյն առողջապահութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Սայիտ Նակնեճօ յայտարարած է, որ շուրջ 300 մարդ մահացած է Քարաչիի չորս մեծագոյն հիւանդանոցներուն մէջ: Տեղւոյն իշխանութիւններուն տուեալներով` անոնց մեծամասնութիւնը 50 տարեկանէն մեծ է: Քարաչի քաղաքին մէջ ջերմաստիճանը բարձրացած է 47-ի: Կը նշուի, որ երկուշաբթի տեղացած անձրեւը մասամբ մեղմացուցած...

Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու Կոմիտէի Նախագահը Կը Պատասխանէ Ազրպէյճանցի Երեսփոխանին

Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու Կոմիտէի Նախագահը Կը Պատասխանէ Ազրպէյճանցի Երեսփոխանին

22 յունիսին Սթրազպուրկի մէջ սկսաւ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ամառնային նստաշրջանը, որուն ընթացքին, ըստ սահմանուած կարգին, Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահ, Պոսնիոյ արտաքին գործոց նախարար Իկոր Ցրնատաք խորհրդաժողովի անդամներուն առջեւ խօսք մը արտասանեց եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն: ԵԽԽՎ-ի մէջ Ազրպէյճանի պատուիրակութեան անդամ Կանիրա Փաշայեւա հարցում ուղղեց Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին կողմէ «Չիրագովը ընդդէմ Հայաստանի» գործով տրուած վճիռին վերաբերեալ: Ցրնատաք...

Ըստ «Հաարեց»-ի.  Յառաջիկայ Ժամերուն Կոլանի Մէջ Կրնան Արձանագրուիլ Վտանգաւոր Զարգացումներ Եւ Իսրայէլը Մղել Ուղղակի Միջամտութիւն Կատարելու

Ըստ «Հաարեց»-ի. Յառաջիկայ Ժամերուն Կոլանի Մէջ Կրնան Արձանագրուիլ Վտանգաւոր Զարգացումներ Եւ Իսրայէլը Մղել Ուղղակի Միջամտութիւն Կատարելու

Իսրայէլեան լաւատեղեակ աղբիւրներ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնած են, որ յառաջիկայ ժամերուն Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի հետ սահմանին վրայ կրնան արձանագրուիլ վտանգաւոր զարգացումներ, որոնք կրնան Իսրայէլը մղել «սուրիական հարցին մէջ ուղղակի միջամտութիւն կատարելու անմիջական որոշում տալու»: Օրաթերթը կը նշէ, որ սուրիական բանակը քայքայելու փորձեր գոյութիւն ունին, սակայն վերջինս կրցած է պահպանել իր ռազմավարական դիրքերը, ներառեալ Համր-Ժիսր բլուրները` աւելցնելով, որ Ժապհաթ Նուսրա կը...

Ռիատ Կը Յայտարարէ.  «Սպրդեցուած Փաստաթուղթերը Թագաւորութեան  Բացայայտ Քաղաքականութենէն Չեն Շեղիր»

Ռիատ Կը Յայտարարէ. «Սպրդեցուած Փաստաթուղթերը Թագաւորութեան Բացայայտ Քաղաքականութենէն Չեն Շեղիր»

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Ուսամա պըն Ահմետ Նաքլի յայտնեց, որ «Ուիքիլիքս»-ի կողմէ բացայայտուած փաստաթուղթերը թագաւորութեան տարբեր հարցերու վերաբերեալ բացայայտ քաղաքականութենէն չեն շեղիր: Ըստ անոր, ելեկտրոնային կազմակերպուած յարձակումը չէ յաջողած հասնիլ պաշտպանուած փաստաթուղթերուն, որոնք միլիոնաւոր են: Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Դիմատետրի իր պաշտօնական էջին վրայ յայտնեց, որ փաստաթուղթերը, որոնք վերջերս համացանցի վրայ հրապարակուած են, կապ ունին...

Page 853 of 881 1 … 852 853 854 … 881

Արխիւներ